ՆՈՐ ՋՈՒՂԱ.- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 26ի երեկոյեան, Նոր Ջուղայի «Արարատ» միութեան սրահէն ներս, նախաձեռնութեամբ Հայ Դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, նշուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 120ամեակը: Ներկայ էին Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանը, Անանիա աբղ. Գուճանեանը, քահանայից դասը, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը, Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները, գաղափարակիցներ եւ հոծ թիւով ժողովուրդ:
Հանդիսութեան սկիզբը ներկաները յոտնկայս ունկնդրեցին ՀՅԴի քայլերգը, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Արձագանգ քարոզչական յանձնախումբի նախագահ Ատրինէ Ղեւեան, որ ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ծնունդ առաւ եւ գործեց հետզհետէ սաստկացող փոթորիկների մէջ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւն, Հայաստանի խորհրդայնացում, սփիւռքեան մաշեցնող պայմաններ եւ այլն. սակայն Դաշնակցութիւնը այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւեց մէկ իտէալով՝ իրեն ծնունդ տուող ժողովրդին անսակարկ ծառայելու կամքով»:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօս Կիրօ Մանոյեանը: Ան անդրադառնալով ՀՅ Դաշնակցութեան ծնունդին եւ ազգային-ազատագրական պայքարին մէջ ծաւալած լայն գործունէութեան՝ ակնարկեց հայ-թրքական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս տեղի ունեցած վերջին զարգացումներուն:
Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինով ազգային պարերու եւ յեղափոխական երգերու կատարումով ելոյթ ունեցան Հայաստանէն ժամանած «Կարին» երգի ու պարի խումբը՝ ղեկավարութեամբ Գագիկ Գինոսեանի, եւ երգիչներ Տիգրան Դաւթեանն ու Վահրամ Աբգարեանը: Սոյն բաժինը ընդմիջուեցաւ Արթին Մուրադեանի եւ Կարէն Խանլարեանի ասմունքներով եւ խօսքերու ընթերցումով, որոնք առհասարակ կ՛անդրադառնային Դաշնակցութեան պատմութեան՝ Իրանի մէջ:
Փակման խօսքը կատարեց առաջնորդ հայրը: Ան ընդգծեց. «ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ծնունդից մինչեւ այսօր կարողացել է ճշմարիտ նոյն վաւերական ուղիով աշխատել եւ պայքարել: Այն օրերում Պերլինի վեհաժողովը չարդարացրեց մեր ժողովրդի ցանկութիւնները եւ, բնականաբար, յեղափոխական խմբակները միանալով՝ կազմեցին ՀՅ Դաշնակցութիւնը՝ նպատակ ունենալով հայ ժողովրդի ազատութեան վերականգնումը: Կուսակցութիւնը այդ ոգով ու շնչով շարունակեց իր աշխատանքը. ուր որ հայ կար՝ Դաշնակցութիւնը ներկայ եղաւ եւ պահապանը հանդիսացաւ իր ժողովրդի իրաւունքներին»: