Նախորդ թիւով յայտնած էինք կարգ մը միջոցներ, որոնք կրնան երեխային ուղեղային աշխատանքը զարգացնել: Շարունակելով կը ներկայացնենք այլ միջոցներ եւս:
Երեխաներու դաստիարկութիւնը ամէնօրեայ եւ յաճախակի աշխատանքի կը կարօտի, եւ ոչ մէկ ծնողք կը սպառի կամ կը հրաժարի այդ աշխատանքէն։ Ուրեմն միշտ փորձելով եւ առանց հիասթափուելու կ՛առաջարկենք հետեւեալը.
1- Երեխայի լացին ու պահանջքներուն տրամաբանական եւ ճիշդ ձեւով պատասխանեցէք: Հանդարտեցնելով, շոյելով, հասկցնելով եւ իրեն հետ մասնակից դառնալով՝ կրնաք դրական շրջանառութիւն զարգացնել երեխայի ուղեղին զգացական բաժինին մէջ: Ամէնօրեայ ձեր հոգատարութիւնն ու ցուցաբերած սէրը անոր մէջ կ՛արթնցնեն զգացական ապահովութեան շատ կարեւոր յատկանիշ:
2- Ձեր երեխային վստահութիւնը շահեցէք՝ ուշադիր հետեւելով անոր եւ լսելով զինք: Այն երեխան, որ զգացականօրէն կապուած է իր մօր, աւելի հանգիստ եւ ուրախ կ՛ըլլայ, ինչպէս նաեւ կարողութիւնը կ՛ունենայ աւելի եռանդ ներդնելու իր հետազօտութեանց, եւ յայտնաբերումներուն նկատմամբ:
3- Մարձումին բարիքները. յաճախ շոյեցէք ու սիրեցէք ձեր երեխան: Մարձումը կը նուազեցնէ երեխային ճնշուածութիւնը, եւ զգացական ապահովութեան զգացում կը ներշնչէ անոր: Սիրոյ հպումները կը մեծցնեն երեխան: Հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, թէ ժամանակէն առաջ ծնած երեխաները, որոնք օրական մօտաւորապէս երեք անգամ մարձումի ենթարկուած են, աւելի շուտ դուրս կու գան հիւանդանոցէն, քան այդ երեխաները, որոնք չեն վայելած այդ «հաճոյք»ը:
4- Օգնութիւն պահանջեցէք ձեր երեխայէն՝ մաքրութեան ու դասաւորումի գործերու ժամանակ: Այս մէկը մեծապէս կը նպաստէ կազմակերպման աշխատանքներու զարգացման: Խաղալիքները հաւաքած միջոցին պէտք է սորվեցնել, թէ իւրաքանչիւրը իր տեղը ունի, նմանօրինակ տեսականիի կողքին: Շարելու ժամանակ՝ մեծէն պզտիկ, կամ հակառակը: Այս ձեւով ուղեղին մէջ դասաւորելու եւ կարգի բերելու վարժութիւնը կը զարգանայ:
5- Ապահով միջավայր մը պատրաստեցէք: Ձեր սողացող երեխան կամ նոյնիսկ նախադպրոցականը պեղելու աշխատանքի մասնագէտ կրնայ ըլլալ: Տակը, վրան, միջեւը եւ այսպէս բոլոր վայրերը իրեն համար մատչելի կրնան ըլլալ: Լաւ է ապահով դարձնել այս միջավայրը, քան թէ ամէն բանէ զրկել կամ արգելք հանդիսանալ՝ ամէն ինչի դպչած պահուն «մի՛ ըներ» պոռալով: Երեխան պիտի պեղէ, որպէսզի սորվի:
6- Յաճախ երգեցէք ձեր երեխային: Երգով թէ՛ լսողութիւնը, շարժումները եւ թէ կշռոյթի ըմբռնումը կը զարգանայ երեխային մօտ:
7- Երեխային վիճակը եւ վերաբերումը ըմբռնեցէք: Եթէ ամչկոտ է ձեր զաւակը, անոր ուժը եւ ինքնավստահութիւնը զօրացուցէք՝ իր վերաբերմունքին հետ հաշտ վիճակ մշակելով: Եթէ չափազանց կայտառ է, ապա օգնեցէք իրեն, որ առանց վնասելու կամ վնասուելու իր ամբողջ ջերմեռանդը օգտագործէ շինիչ բաներու կամ սորվելու եւ իմանալու համար:
8- Ուտելու ժամանակը հաճելի պահու վերածեցէք: Բարձրաձայն յայտարարեցէք անոր կերածին անունը: Երբ ժամանակը հասնի առանձին ուտելու, թոյլ տուէք, որ այդպէս պատահի. որքա՛ն ալ աղտոտէ շուրջը, համբերատար մօտեցէք ու վարժեցուցէք: Այս ձեւով երեխային մօտ կը զարգանայ ուտելիքի եւ ուտելու ժամուն հանդէպ դրական կեցուածք: Մինչ եթէ պատերազմով ու սպառնալիքներով փորձէք կերակրել զայն, պիտի ձախողիք:
9- Ձեր երեխային արարքներուն համար յստակ պատասխաններ ու կեցուածքներ ճշդեցէք, եւ հետեւողականութիւնը պահեցէք անպայման:
10- Դրական ձեւով օրէնք եւ կարգ-կանոն հաստատեցէք ձեր տան մէջ: Յստակ շարունակականութիւն եւ հետեւողականութեան արդիւնք ցուցաբերեցէք դաստիարակութեան ընթացքին, այսինքն, չսարսափեցնէք կամ ամօթալի վիճակի մէջ չդնէք զինք եթէ ան անընդունելի արարք մը կատարեց. օրինակ՝ եթէ ուրիշ երեխայի մը զարկաւ, հանդարտութեամբ իջէք երեխային աչքերուն մակարդակին, ու շատ լուրջ եւ ցած ձայնով հասկցուցէք, թէ ըրածը անընդունելի է, եւ շեշտեցէք օրէնքը, թէ՝ չըլլար երեխայի զարնէ:
Օրէնքները, զորս կը յայտարարէք ձեր երեխաներուն, թող ըլլան պարզ, տրամաբանական եւ հետեւողական, ու անոնց տարիքին եւ ուղեղին համար հասկնալի: Ապակի ծաղկամանը, որ տեղադրուած է փոքր սեղանիկի մը վրայ, տրամաբանական չէ երեխային համար, ուստի աւելի լաւ է որ այդ ծաղկամանը վերցնէք մէջտեղէն:
11- Զգացումներ յայտնել. եթէ նկատէք, որ ձեր շրջապատէն ներս մէկը նեղուած ու անտրամադիր է, կրնաք բացատրել ձեր զաւակին, թէ այդ անձը նեղուած է եւ թէ կրնաք մխիթարել զայն՝ դրական զգացումներ յայտնելով անոր: Այս ձեւով, ուղեղային բջիջներու կապերը կրնաք ամրապնդել ձեր երեխային մօտ եւ զգացական վերելք ապահովել անոր:
12- Հսկեցէք ձեր երեխային խաղին. ջուրի, աւազի կամ նոյնիսկ ցեխի հետ խաղալը արտօնեցէք, պայմանաւ որ ձեր հսկողութեամբ ըլլայ այդ մէկը: Այս ձեւով, ձեր երեխան պիտի իմանայ անոր կազմութեան կամ մասնիկներուն մասին: Պիտի իմանայ տարբերութիւնը հեղուկին ու կարծր նիւթերուն միջեւ: Օրինակ, լոգանքի ժամուն ուղեղը կը սորվի հոսող ջուրին, օճառին, անձեռոցներուն մասին, եւ յատկապէս անոնց տարբերութիւնները կ՛իմանայ ան:
13- Ուրախութիւն եւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցէք ձեր երեխային նկատմամբ: Անհրաժեշտ է, որ ձեր երեխան տեսնէ ուրախութեամբ փայլող ձեր աչքերը, խայտացող ձեր դէմքը, ձեր մեղմ հպումները եւ ժպիտները: Այս բոլորը ձեր երեխային կը հասկցնեն, թէ որքա՛ն կը սիրէք զինք եւ որքա՛ն արժէքաւոր է ան ձեզի համար:
————————————————————————————————————————–
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՈՀԱԳԻՐԸ
Տուրմի Կրկնեփուկներ (Chocolate Cookies)
Կրկնեփուկները երկար մի եփէք, որպէսզի անոնք մնան փափուկ եւ կակուղ։
Բաղադրութիւն
8 օզ. միջակ քաղցրութեամբ տուրմ՝ խոշոր չափով տաշուած
4 ապուրի դգալ կարագ
2/3 գաւաթ ալիւր
1/2 թ. դգալ BP
1/2 թ. դգալ աղ
2 հաւկիթ
3/4 գաւաթ սրճագոյն շաքար
1 ապուրի դգալ վանիլայի հիւթ
12 օզ. միջակ քաղցրութեամբ տուրմի կտորներ
Պատրաստութեան կերպը
1- Փուռը տաքցուցէք մինչեւ 350 F աստիճան։ Հալեցուցէք կարագը եւ տաշուած տուրմը։ Ուրիշ ամանի մը մէջ միասին խառնեցէք ալիւրը, աղը եւ BP-ը։
2- Հաւիկիթը, վանիլան եւ շաքարը ելեկտրական գործիքով զարկէք մինչեւ թեթեւ եւ ուռած վիճակ ստանալը։ Աւելցուցէք հալած կարագը եւ տուրմը։ Ապա աւելցուցէք ալիւրը, մինչեւ միատարր խառնուրդի մը վերածուիլը, եւ ամէնէն ետք աւելցուցէք տուրմի կտորները։
3- Պատրաստուած խմորը դգալով մէկ-մէկ դրէք փուռի ափսէին վրայ ու եփեցէք առանց չորցնելու՝ 10-12 վայրկեան։ Փուռէն հանեցէք եւ ուշադրութեամբ փոխադրեցէք թելի մը վրայ, որպէսզի կատարեալ պաղի։