ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Հակառակ տնտեսական կարգ մը այլ ցուցանիշներու բարելաւման, անգործութեան բարձր համեմատութիւնը կը շարունակէ բեռ մը ըլլալ տնտեսութեան վրայ՝ դանդաղեցնելով անոր աճը: Միացեալ Նահանգներու աշխատաւորական հարցերու նախարարութիւնը Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4ին հաղորդեց, թէ անոգործութեան համեմատութիւնը 9.8 տոկոսի բարձրացած է Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին, երբ աշխատանքի ակնկալուածէն շատ աւելի նուազ թիւով (39,000) նոր կարելիութիւններ ստեղծուած են: Տնտեսագէտներ կ՛ակնկալէին աշխատանքի մօտաւորապէս 150,000 նոր կարելիութիւններու ստեղծումը Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին:
Հոկտեմբեր ամսուն, տնտեսութիւնը կրցած էր աշխատանքի 172,000 նոր կարելիութիւն ստեղծել: