ԳԱՀԻՐԷ.- Եգիպտահայ ակումբներու ու մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ Նոյեմբեր 21ին հաւաքուած էին Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի դեսպանատունը՝ ներկայ գտնուելու համար Եգիպտոսի ՀԲԸՄի ատենապետ Պերճ Թէրզեանի «Յետադարձ Անդրադարձ» ժողովածոյի շնորհահանդէսին:
Ներկաներու շարքին էին Եգիպտահայ թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան եւ Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Մելքոնեան, ինչպէս նաեւ Սուտանի հոգեւոր հովիւ Գաբրիէլ աբղ. Սարգսեան, Գահիրէի հոգեւոր հովիւ Յակոբ քհնյ. Յակոբեան եւ Գահիրէի Քաղաքական ժողովի ատենապետ տոքթ. Գէորգ Երզնկացեան:
Երեկոյթի ընթացքին խօսք առին Հայաստանի դեսպանն ու սրբազան հայրը, անդրադառնալով Թէրզեանի գործունէութեան եւ շնորհահանդէսին ներկայացուող գիրքի բովանդակութեան:
Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ հեղինակը, ապա տեղի ունեցաւ գինիի հեղում՝ մասնակցութեամբ դեսպանին, սրբազան հօր եւ հեղինակին:
«Արաբերէնով նմանօրինակ գիրք մը հրատարակուած էր «Արեւ»ի ամսօրեայ յաւելուածի յօդուածներուն մէջ, որմէ ետք խորհուրդ տրուեցաւ, որ հայերէն լեզուով յօդուածներու հաւաքածոյ ալ լոյս տեսնէ», ըսաւ Թէրզեան:
Յօդուածներու, ելոյթներու, հարցազրոյցներու եւ ուսումնասիրութիւններու այս ժողովածոն կ՛ընդգրկէ 1977էն մինչեւ ներկայ ժամանակներու գրութիւններ: «Միայն կայ մէկ հարցազրոյց, զոր ես վարած եմ Սերօ Խանզադեանի հետ, միւսները՝ իմ հետ եղած հարցազրոյցներ են» կ՛եզրակացնէ Պերճ Թէրզեան: