ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8ին, Մոնթրէալի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը մասնակցեցաւ ընթրիքի մը՝ ի պատիւ Սեն Լորան շրջանի նահանգային երեսփոխան Ժան Մարգ Ֆուրնիէի, որ նահանգային կառավարութեան դահլիճին մէջ կը վարէ Արդարութեան նախարարի պաշտօնը:
Յանձնախումբի պատուիրակութեան անդամներ Հրակ Տարագճեանի եւ Տիգրան Արուշեանի հետ առանձնազրոյցի մը ընթացքին, նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց հայ գաղութին եւ Հայ Դատի յանձնախումբին ցուցաբերած զօրակցութեան համար, որ մեծապէս նպաստեց վերջին ընտրութեանց իր յաղթանակը ապահովելու գործընթացին: