ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հակառակ մամուլի եւ հասարակական ցանցերու մէջ հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ տեղ գտած այդ այն բոլոր բողոքներուն, ինչպէս՝ «Մարդիկ, միաւորուէք, հակառակ դէպքում՝ մենք կը կորցնենք Զանգեզուրը», եւ «Փրկէք Զանգեզուրը, փրկէք ինքներդ ձեզ» եւ այլն, Հայաստանի մէջ իւրանիոմի ծրագիրը իրականացնողները արդէն իսկ անցած են հետախուզական աշխատանքներու եւ Լեռնաձոր գիւղի մօտակայքը սկսած են փորելու 140 մեթր խորութեամբ հորատանցքեր։
Ասիկա, երկրաբանական հետախուզման ոլորտի յայտնի մասնագէտ, երկրաբանական-հանքաբանական գիտութիւններու թեկնածու Ռուբէն Եադոյեանի համաձայն, կը նշանակէ, որ արդէն մակերես կը հանուին հանքանիւթի նմոյշներ, որոնք կրնան նաեւ իւրանիոմ պարունակել: Բայց, ըստ անոր, հորատման աշխատանքներուն ընթացքին գոյութիւն ունի աւելի մեծ վտանգ. հարկաւոր է մեծ զգուշութեամբ վերաբերիլ շրջապտոյտ կատարող ջուրին, որուն օգնութեամբ կ՛իրականացուին հորատման աշխատանքները:
«Եթէ նմոյշը ռատիացիոն նիւթ է պարունակում, ապա այդ նմոյշը ծայրայեղ դէպքում, կարելի է մեկուսացնել շրջակայ միջավայրից եւ զետեղել կապարէ արկղում: Սակայն շրջապտոյտ կատարող ջուրը արկղում չես թաքցնի: Եթէ հետախուզութիւնը յաջող է ընթանում եւ երկրաբանները ուրան (իւրանիոմ) յայտնաբերեն, ապա խորը ուսումնասիրութեան դէպքում շրջապտոյտ կատարող ջուրը կարող է ռատիացիայի նորանոր չափաբաժիններ կուտակել: Հետախուզութիւնն աւարտուած է, ի՞նչ պէտք է արուի այդ ռատիօաքթիւ ջուրը: Պէտք է նկատի ունենալ, որ ուրանի դէպքում, եթէ միայն հետախուզական աշխատանքներ են անցկացւում, անվտանգութիւնը պէտք է ամենաբարձր մակարդակի վրայ լինի», կ՛ըսէ Ռ. Եադոյեան:
Յիշեցնենք, որ նախքան այդ աշխատանքներուն սկսիլը, Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը կը պնդէր, թէ որոնողական բոլոր աշխատանքները վտանգաւոր չեն, որովհետեւ նմոյշները պիտի առնուին 15սմ.էն ոչ աւելի խորութենէ: