
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ըստ ՀՅԴ մամլոյ դիւանին փոխանցած տեղեկութիւններուն, 2009 Փետրուար-Մարտ ամիսներուն, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արա Նռանեանը, իբրեւ հաշուեքննչական յանձնաժողովի նախագահ գործուղուած էր Թուրքիա՝ մասնակցելու համար Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան խորհրդարանական վեհաժողովին:
Նոյն թուականի Ապրիլին, ՀՅԴ ներկայացուցիչը Թուրքիոյ Մանիսա քաղաքին մէջ մասնակցած էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան քաղաքական եւ իրաւական հարցերու կոմիտէի նիստին:
«Մտահոգիչ է այն, որ Արա Նռանեանի Թուրքիայում գտնուելու, կամ Թուրքիա մեկնելու մասին տեղեկութիւնը «Թուրք վրիժառուների միութիւն» կազմակերպութեան անդամները կարող էին ստանալ թուրքական պետական աղբիւրներից: Սա եւս մի վկայութիւն է այն մասին, որ թուրք ազգայնական խմբաւորումները սերտ համագործակցում եւ ուղղորդւում են պետական մարմինների կողմից», ըսուած է ՀՅԴ Բիւրոյի մամլոյ դիւանին կողմէ:
Յիշեցնենք, որ թրքական անվտանգութեան ծառայութեան պատրաստած արձանագրութեան մէջ առկայ է հեռախօսային զրոյցի գաղտնի արձանագրութիւն մը, ուր «Թուրք վրիժառուներու միութիւն» կոչուած կազմակերպութեան երկու անդամներուն՝ Մութլու Էրտողանի եւ Օնուրի միջեւ 2009 Մարտ 22ին տեղի ունեցած խօսակցութենէն պարզ կը դառնայ, թէ անոնք կը ծրագրէին մահափորձ կատարել ՀՅԴ կուսակցութեան հայաստանեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչի մը նկատմամբ:
Դեկտեմբեր 3ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին, ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Հրայր Կարապետեան յայտնեց, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը պիտի քննարկէ թրքական անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ նշուած տեղեկութիւնը: