ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Յայտնի դերասան Միքայէլ Պօղոսեանը գլխաւոր դերակատարն է «Ուելքամ Բաբա», կամ «Բարի Գալուստ» գեղարուեստական ֆիլմին, որ առաջին անգամ այս Շաբաթ օր, Դեկտեմբեր 11ին պիտի ցուցադրուի Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, իսկ Դեկտեմբեր 19ին՝ Կլենտէյլի «Սթարզ» սրահին մէջ:
«Ուելքամ Բաբա» շարժապատկերը շարունակութիւնն է երեք տարի առաջ բեմադրուած նոյնանուն թատերգութեան, ուր երգիծականօրէն կը ներկայացուի երեք հայերու՝ պարսկահայու, լիբանանահայու եւ Հայաստանէն եկած հայու մը, հանդիպումը Լոս Անճելըսի օդակայանի սպասման սրահին մէջ:
Շարժապատկերը այս հերոսները կը պատկերացնէ լոսանճելըսեան կեանքին մէջ, ու կը ներկայացնէ զաւեշտական դիպուածներու ամբողջ շարք մը:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տոմսակ ապահովելու համար, կրնաք հեռաձայնել (818) 265-0506 թիւին: