ԷՋՄԻԱԾԻՆ, «Երկիր».- Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի օրհնութեամբ, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնը եւ Հայաստանեան միջեկեղեցական բարեգործական «Կլոր սեղան» հիմնադրամը միասնաբար նախաձեռնած են «Աջակցութիւն ընտանիքներին» ծրագիրին:
Կը նախատեսուի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Հայաստանեան թեմերու առաջնորդներուն օրհնութեամբ՝ քահանաներու այցելութիւնները դպրոցներ, ուր մանկավարժներու եւ ծնողներու հետ հանդիպումներու ընթացքին, հոգեւոր հայրերը պիտի խօսին ընտանիքի արդի հիմնախնդիրներուն եւ քրիստոնէական ընտանիքի առողջացման անհրաժեշտութեան մասին՝ անդրադառնալով Հայ եկեղեցւոյ արժեհամակարգին եւ ընտանեկան աւանդոյթներու պահպանման հարցերուն:
Դպրոցներուն եւ ծնողներուն կը տրամադրուի նաեւ հոգեւոր գրականութեան նիւթեր: Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգին համաձայն, ծրագիրին յաջորդ փուլը կեանքի կը կոչուի 2010-2011 ուսումնական տարուան երկրորդ կիսամեակին: