Կարճատեւ այցելութեամբ մը, Սեպտեմբերի վերջաւորութեան, Աթէնք գտնուեցաւ ազգային-յեղափոխական երգերու մեկնաբան Ներսիկ Իսպիրեան, որ ելոյթ ունեցաւ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի Յունաստանի մասնաճիւղի կազմակերպած ճաշկերոյթին, «Լիտրա Մարիոթ» պանդոկէն ներս: Հայրենի երգիչի ելոյթին ընկերացաւ երաժիշտ Կարօ Պարտաքճեանը:
Աթէնք իր կեցութեան առիթով, Ներսիկ Իսպիրեան այցելեց «Ազատ Օր»ի գրասենեակը, ուր ժամանակ տրամադրեց զրուցելով խմբագրութեան հետ: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ առիթը ունեցաւ շփուելու յունահայ գաղութին հետ:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Հայկական Սփիւռքի գաղութներուն մօտ ձեր ունեցած ելոյթներով, ծանօթ ու սիրուած անուն մըն էք։ Բաւական գաղութներ այցելած էք եւ մօտէն տեսած՝ տիրող իրավիճակը։ Ինչպէ՞ս կը նկարագրէք Սփիւռքի կացութիւնը:
ՆԵՐՍԻԿ ԻՍՊԻՐԵԱՆ.- 1918 թուականէն ետք, երբ հայ ժողովուրդը սփռուեցաւ աշխարհով մէկ, այն զօրաւոր կէտը, որ զինք իրար շաղկապող օղակը հանդիսացաւ՝ հայ մշակոյթն էր։ Այս իրողութիւնը շատ ծանօթ է մեզի, երգիչներուս: Ես բախտը ունեցայ հաստատելու այս մէկը 1989 թուականէն, երբ «Մարաթուկ» նուագախումբի մենակատարն էի եւ խումբով ելոյթներ կ՛ունենայինք ազգագրական–ժողովրդային երգերով Ամերիկայի, Սուրիոյ եւ այլ շրջաններու մէջ. շատ երիտասարդ տարիքիս արդէն առաջին շփումս այդ եղաւ, ինչ որ իմ առջեւ պարզեց հայկական աշխարհասփիւռ գաղութներու պատկերը։ Հեռակայ կարգով արդէն Հայաստանէն ծանօթ էինք Սփիւռքի մէջ մշակոյթի հանդէպ տիրող սիրոյ եւ կարօտի զգացումներուն մասին, իսկ շփուելէ ետք՝ արդէն հաստատուեցաւ այդ իրականութիւնը։ Դամասկոս գացինք, ապա Հալէպ, յետոյ Լոս Անճելըս, Սան Ֆրանսիսքօ, Նիւ Եորք, Ուաշինկթըն եւ այլուր. քանի մը ելոյթներէ ետք արդէն ժողովուրդը ծանօթ էր մեզի եւ մեր երգերուն. անկէ ետք էր որ առանձին ելոյթներով ալ սկսայ հանդէս գալ եւ հետզհետէ ճանապարհ մը բացուեցաւ առջեւս։
Եւրոպայի մէջ առաջին ելոյթս Ֆրանսայի մէջ եղաւ, երբ Համազգայինը զիս հրաւիրեց Վալանսի մէջ երգելու։ Մօտէն սկսայ տեսնել նաեւ Արեւելքէն գաղթած մեր ժողովուրդի այդ հատուածները։
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Փաստօրէն 20ամեակ մըն է որ նկարագրեցիք, ուր մօտէն կարողացաք տեսնել Սփիւռքի կազմաւորման հանգրուանները։
ՆԵՐՍԻԿ ԻՍՊԻՐԵԱՆ.- Այո, ճիշդ է. Աւստրալիայէն մինչեւ Գանատա ու Միջին Արեւելք եւ Եւրոպա շրջած եմ այս 20 տարուան ընթացքին։
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Մշակոյթը ինչպէ՞ս կ՛օգնէ որ հայրենիքի եւ Սփիւռքի գաղութներուն միջեւ կապը պահուի։
ՆԵՐՍԻԿ ԻՍՊԻՐԵԱՆ.- Ընդհանրապէս մէկ բան պէտք է հասկնայ մեր ժողովուրդը՝ որ ազգը մշակոյթով է որ կենդանի կը պահուի: Որեւէ շրջան, որեւէ երկիր, ուր որ հայ Սփիւռքը գոյութիւն ունի, միակ քարոզչական եւ հայապահպանութեան գործունէութիւնը հայ մշակոյթն է։ Եթէ մշակոյթին քով չեղաւ ժողովուրդը, մասնակից չեղաւ, կամ բաւարար կերպով չստացաւ անիկա՝ ձուլման վտանգը շատ աւելի շեշտակի կը դառնայ։
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Հայ մշակոյթի յատկապէս երաժշտական բաժինը ինչպէ՞ս կը նորոգուի։ Հայաստա՞նն է, որ կ՛արտադրէ նոր ուժեր, կամ փոխադարձ կապ կայ։
ՆԵՐՍԻԿ ԻՍՊԻՐԵԱՆ.- Ըսենք, որ միշտ եղած է այդպէս. սկզբունքը, արմատը Հայաստանն է։ Նոյնիսկ այն ժամանակներուն երբ խորհրդայնացման մէջ էր Հայաստանը, նոյնպէս մշակոյթը անկէ սնունդ կը ստանար ու կը տարածուէր ամբողջ աշխարհի մէջ։ Որովհետեւ Հայաստանը ունի բարձր մակարդակի պետական երաժշտանոց–համալսարան եւ հոն ճիշդ ձեւով կը պատրաստուին երգիչներ: Հայեցի մշակոյթ կը հայթայթուի հոն: Կոմիտասի անուան երաժշտանոցն է, որ հիմքը կը հանդիսանայ այս բոլոր մարզին:
Բայց Հայաստանի անկախացումէն ետք, քիչ մը փոխուեցաւ իրավիճակը, որովհետեւ աւելի ազատ դարձաւ դաշտը եւ եւրոպական կամ արեւելեան ազդեցութիւններու տակ անցաւ այս մարզը. արեւելեան եւ արեւմտեան նորամուտ այդ կշռոյթը, ռիթմը, ոգեւորեց երիտասարդութիւնը եւ իր մէջ կլանեց զանոնք։
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Այսինքն որակը խաթարե՞ց։
ՆԵՐՍԻԿ ԻՍՊԻՐԵԱՆ.- Կարելի է ըսել, որ որակը խաթարուեցաւ, բայց կան որակը եւ մշակոյթը բարձր պահող երգիչներ, որոնց հետ շփման մէջ են Սփիւռքի գաղութները եւ ժողովուրդը ցոյց կու տայ իր գնահատանքը հայկականին, իրականին հանդէպ։
Նոյն պահուն անշուշտ կան այս միւս երեւոյթները, որոնց կը հանդիպինք այսօր Հայաստանի մէջ. ոչ արհեստավարժ են անոնք եւ կը կոչուին քաղաքական ֆոլք ռապիզ. այդ մարզը պէտք չէ քաջալերուի, որովհետեւ իսկութեան մէջ հայկական չէ, այլ ընդհակառակը՝ կը խաթարէ մեր երաժշտութիւնը։ Ոչ հասուն երեւոյթի արդիւնք է այդ։
Կան շատ երաժիշտներ, որոնք արեւելեան, յունական երաժշտութեամբ կը տարուին. մենք պէտք չունինք ատոր:
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Հայաստանի մէջ պետական աջակցութիւն կա՞յ, որպէսզի աճի երաժշտական մշակոյթի մարզը, կամ ի՞նչ նախաձեռնութիւններ կան:
ՆԵՐՍԻԿ ԻՍՊԻՐԵԱՆ.- Պետական համակարգը երբ որ կ՛աշխատէր խորհրդայնացման մակարդակի տակ, որոշ դիւրութիւններ ու յարմարութիւններ իսկապէս կու տար երաժշտական մշակոյթի զարգացման մարզին. եւ այդ՝ որովհետեւ ֆինանսաւորումը պետութիւնը կը կատարէր։ Ես ունեցած եմ այս փորձառութիւնը, որովհետեւ եղած եմ ազգային պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի երգիչ եւ ելոյթներ կ՛ունենայի ազգային–հայրենասիրական, նոյնիսկ յեղափոխական երգերով. ճիշդ է, այդ օրերուն յեղափոխական երգերը արգիլուած էին, բայց մենք ձեւը ունէինք, առանց որոշ բառեր ըսելու՝ յեղափոխական երգերը մեկնաբանելու։
Այդ ծիրէն ներս նաեւ այցելութիւններ կու տայինք զանազան առիթներով Երեւանէն դուրս շրջաններ ալ եւ համերգներու կը մասնակցէինք:
Անկախութենէն ետք այդ ամէն ինչը վերացաւ. եթէ երգիչը առողջ չէ նիւթապէս եւ չունի հնարաւորութիւնը՝ օրինակի համար «վիտէօ» երիզ մը պատրաստելու, պէտք պիտի ունենայ անհատներու օգնութեան, որպէսզի այդ անհրաժեշտ քարոզչական միջոցները իրականացուին։ Եւ կա՛ն, բարեբախտաբար կա՛ն, այնպիսի անձեր, որոնք կը գնահատեն մեր ելոյթները եւ նախաձեռնակ կ՛ըլլան այսպիսի աշխատանքներու։
«ԱԶԱՏ ՕՐ».- Սփիւռքի մէջ կան սփիւռքածին արուեստագէտներ. կա՞յ համագործակցութիւն հայրենի արուեստագէտներու հետ։
ՆԵՐՍԻԿ ԻՍՊԻՐԵԱՆ.- Ինչպէս որ ըսի, Սփիւռքի երգիչները կը ներշնչուին Հայաստանէն: Աւելի հին ժամանակ կը յիշեմ որ Սփիւռքի երգիչներն էին Յարութ Բամպուքճեան, Լեւոն Գաթրճեան, Ատիս Հարմանտեան, Յովիկ Գրիգորեան, Ճորճ Թիւթիւնճեան՝ յեղափոխական երգով եւ այլ երգիչներ, որոնք իսկապէս մեծ գործունէութիւն ծաւալեցին Սփիւռքի մէջ, հայ երգը տարածելու իմաստով: Կարելի չէ բացարձակապէս մոռնալ իրենց տարած գործը: Այս բոլոր երգիչներուն ներշնչման աղբիւրը սակայն դարձեալ Հայաստանն էր, աշուղական, գուսանական, էսդրատային երգերու ընդմէջէն՝ ժողովուրդը մօտեցուցին հայ երգին: Պարագայաբար նաեւ համագործակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: