ԿԱՐԱՊԵՏ ՄՈՄՃԵԱՆ

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան փոփոխութիւնը կը խաթարէ Միացեալ Նահանգներու հետ անոր յարաբերութիւնը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու երջանիկ է վարագոյրներու ետին աշխատելով, մինչ լուսարձակները կը կեդրոնացուին վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի վրայ:
Սակայն, պէտք է անմիջապէս շեշտել, որ անցնող տասնամեակին, Թուրքիոյ Ազգային ռազմավարութեան մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն հեղինակը՝ նոյնինքն Տաւութօղլուն է: Այսպէս, մինչ Թուրքիա իր յարաբերութիւնները կը ջերմացնէր իր իսլամ դրացիներուն հետ եւ նոյնիսկ պատերազմական ռազմափորձեր կը կատարէր Չինաստանի հետ, միւս կողմէ յստակ պաղութիւն մը սկսաւ տիրել Թուրքիոյ՝ Իսրայէլի ու մանաւանդ ԱՄՆի հետ ունեցած ու տասնամեակներու վրայ երկարող բարեկամական յարաբերութեանց մէջ:
Այսուհանդերձ, Տաւութօղլուն ու Էրտողանը միշտ ջատագով հանդիսացած են Արեւմուտքի իրենց դաշնակիցներուն ու «իրենց դրացիներուն հետ ոչ մէկ խնդիր ունենալու» («zero problem policy with neighbors») քաղաքականութեան, որ մեծ մասամբ հիմնուած է Տաւութօղլուի «Ռազմավարական Խորք» («Strategic Depth») վերտառութիւնը կրող գիրքին վրայ, որ, ըստ երեւոյթին, «խիստ ազդեցիկ» հատոր մը կը նկատուի թուրքիոյ քաղաքական շրջանակներուն մօտ:
Այս հանգրուանին, այնպէս կը թուի, որ Թուրքիա սուսիկ-փուսիկ կը պատրաստուի անցեալին ԱՄՆի հետ ռազմավարականօրէն գերկարեւոր նկատուած իր յարաբերութիւնները մաշումի տանելու:
Քաղաքական դէտեր ու մեկնաբաններ համաձայն կը թուին ըլլալ այն բանին շուրջ, որ ԱՄՆ հետզհետէ սկսած է կասեցնելու Թուրքիոյ շնորհած իր նախկին զինա-ռազմագիտական նեցուկը, յատկապէս՝ Իրաքէն ամերիկեան ուժերու հեռացման լոյսին տակ: Նոյն դէտերն ու մեկնաբանները կ՛աւելցնեն, որ նախագահ Պարաք Օպաման եւ յատկապէս Քոնկրեսը այլեւս Անգարան իբրեւ վստահելի դաշնակից չեն նկատեր, մանաւանդ՝ Իրանի ու Սուրիոյ նման «դրացի» երկիրներուն ցուցաբերած անոր բարեկամական քաղաքականութեան հետեւանքով:
«Հետեւաբար, ոչ ոքի համար անակնկալ թող թուի, եթէ յառաջիկայ հանգրուանին ալեկոծ յարաբերութիւններ ունենանք ԱՄՆի հետ», կը գրէ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթի քաղաքական մեկնաբան Սեմիհ Իտիզ:
ԱՄՆի կառավարական «լաւատեղեակ» շրջանակներ կը փոխանցեն, թէ նախագահ Օպամա վարչապետ Էրտողանին զգուշացուցած է, որ Անգարա ԱՄՆէն զէնքի ու զինամթերքի արտածումներու մասին պէտք չէ իսկ մտածէ նման պայմաններու ներքեւ: Նոյն աղբիւրները նաեւ կը յայտնեն, որ Օպամա Էրտողանին ըսած է, թէ Քոնկրեսէն ներս մեծ հակառակութիւն կայ Թուրքիոյ՝ նման արտածումներ կատարելուն դէմ, մանաւանդ որ այս վերջինը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդէն ներս դէմ քուէարկած էր Իրանի հանդէպ պատժամիջոցներու որդեգրման, ու Իսրայէլի նկատմամբ թշնամական վերաբերմունքը տակաւին չէ դադրեցուցած:
ԱՄՆի մէկ այլ աղբիւր մը կը նշէ, թէ «պէտք չէ խափուիլ մեր քաղաքական այրերու երեսներուն վրայ երեւցող ժպիտներէն: Փակ դռներու ետին, սակայն, բոլորն ալ կը գիտակցին, որ Միջին Արեւելքի մէջ մեր վարած շրջանային քաղաքականութիւնը լի է ահաւոր սխալներով, եւ այդ քաղաքականութեան դէմ եղող ազդեցիկ անձնաւորութիւններուն թիւը հետզհետէ կ՛աւելնայ»:
Այս տարուան սկիզբը, ԱՄՆի կառավարութիւնը որոշեց դադրեցնել Թուրքիոյ իր շնորհած զինական տարեկան նեցուկը՝ պատճառաբանելով վերջինին վայելած տնտեսական բարգաւաճումն ու վերելքը: Յուլիսին, Քոնկրեսի մէջ երկու կուսակցութեանց ղեկավարներն ալ անշշուկ կերպով համաձայնեցան դադրեցնել Թուրքիոյ խնդրած զինական սարքերը, ներառեալ՝ «Ափաչի» եւ «Քոպրա» տիպի արդիական ուղղաթիռները:
Իսկ անցած Օգոստոսին, ԱՄՆ տեղեակ պահեց Անգարան, թէ ներկայ պիտի չըլլայ Անատոլուի մէջ կայանալիք «Eagle Air Combat» ռազմափորձերուն: Ըստ բանիմաց աղբիւրներու, ԱՄՆի այս քայլը հետեւանք էր Իսրայէլը սոյն ռազմափորձերէն դուրս շպրտելու Անգարայի որոշումին:
Պէտք է ընդգծել, որ ԱՄՆի նախագահութիւնն ու պաշտպանութեան նախարարութիւնը բազմիցս արտայայտուած են Անգարայի որդեգրած քաղաքական ուղեգիծէն իրենց դժգոհ ըլլալուն մասին: Այսուհանդերձ, Թուրքիա այցելող ԱՄՆի ներկայացուցիչներ տակաւին կը պնդեն, թէ այդ մէկը պիտի չազդէ Թուրքիոյ առաքուելիք զինական արտածումներուն: «Այս ծրագիրը կը շարունակէ գոյատեւել ու այդպէս ալ պիտի մնայ ապագային», յայտարարած էր ԱՄՆի բանակի հրամանատարութեան նախագահը՝ ծովակալ Մայքըլ Մուլըն:
Բայց Անգարա «անվստահելի» եւ նոյնիսկ «խարդախ» որակած էր Մուլընի ու ԱՄՆի այլ պատասխանատուներու կատարած նման «դրական» յայտարարութիւնները: Աւելի՛ն, Անգարա պարզապէս յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն «սանձուած» էր Թուրքիոյ հետ զինուորական գործակցութիւնը շարունակելէ, եւ նոյնիսկ շշուկներ կային, որ «որոշ կողմեր» (իմա՝ Իսրայէլ, Կ.Մ.) այդքան ալ համաձայն չեն, որ Թուրքիա շարունակէ ՆԱԹՕի շրջագիծէն ներս իր առաքելութիւնը կատարել Աֆղանիստանի մէջ:
«Հիւրրիյէթ»ի մեկնաբան Իտիզի համաձայն, եթէ նոյնիսկ ամէն բան լուծուի ԱՄՆ-Թուրքիա ռազմավարական յարաբերութիւններու վերականոնացումը գէթ մէկ լման տարուան կը կարօտի: Ասիկա կրնայ կատարուիլ, եթէ երկու կողմերն ալ պատրաստ ըլլան այդ յարաբերութեանց մէջ բացուած վէրքերը դարմանելու: Բայց Իտիզ նաեւ կը նշէ, որ նման բան կատարելու ժամանա՛կ ալ չկայ: Օրինակի համար, ան կը նշէ Թուրքիոյ խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւնները, ուր իշխող Իսլամական կուսակցութիւնը, խորհրդարանէն ներս իր մեծամասնութիւնը պահելու եւ իր համակիրներուն «լաւ» երեւելու համար, պարտաւոր է իր շրջանային նոր քաղաքականութիւնը շարունակել, ինչ որ նորանոր քաղաքական փախումներու դուռ պիտի բանայ ԱՄՆի հետ: Ասոր մէկ օրինակն է նաեւ Եւրոպական ցամաքամասին վրայ Ամերիկայի «պաշտպանողական» հրթիռներ զետեղելու քաղաքականութեան դիմաց Թուրքիոյ ցուցաբերած տատանողական դիրքը, նկատի ունենալով, որ այդ մէկուն դիրախը նոյնինքն՝ Իրանն է:
Ըստ Իտիզի, մէկ բան յստակ դարձած է՝ «ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները իրարու օգնելու ռազմավարական խորք չունին այլեւս…»:
Ծանօթ.- Սեմիհ Իտիզի գրութիւններուն աւելի մօտէն հետեւելու համար, կարելի է այցելել սոյն կայքէջը. http://www.hurriyetdailynews.com/c.php?c=semih-idiz