ԳԱՀԻՐԷ.- Կիրակի, Դեկտեմբեր 5ին, «Յուսաբեր» ակումբի նախաձեռնութեամբ, 14 եգիպտահպատակ հայեր ուղղուեցան դէպի Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանատուն՝ ներկայացնելու համար երկքաղաքացիութեան դիմում: Դիմողներուն խումբը ընդունուեցաւ դեսպանատան աշխատակազմին կողմէ:
«Ստուգուեցան բոլորին անձնական փաստաթուղթերը, պարզաբանուեցան որոշ կէտեր եւ իւրաքանչիւր դիմողի տրուեցաւ ժամադրութիւն՝ անձնական հարցազրոյցի մը», ըսաւ «Յուսաբեր»ի պատասխանատուն:
Խումբը յատուկ փոխադրամիջոցով ուղղուեցաւ դէպի Զամալէք արուարձանը գտնուող դեսպանատունը՝ յաւարտ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ս. պատարագին:
Հաւաքական այս դիմումին «Յուսաբեր»ի վարչութիւնը նախաձեռնած է՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս: Մինչեւ անցեալ Մայիս, տասը եգիպտահպատակ հայեր ստացան Հայաստանի երկքաղաքացիութեան իրաւունք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.