
Հայց. եկեղեցւոյ երիտասարդաց կազմակերպութեան տարեկան 62րդ համագումարը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ եւ Շաբաթ, Նոյեմբեր 26ին եւ 27ին, Սքացտէյլի, Արիզոնայի Ս. Աբգար Հայց. եկեղեցւոյ մէջ. համագումարին նախագահեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը: Ժողովը վարեց Կեդրոնական խորհուրդի ատենապետ Անի Խաչատուրեանը, իսկ ատենադպիրն էր Վիգէն Գալամքարեան: Ժողովին մասնակցեցաւ առաջնորդարանի երիտասարդաց վարիչ Աւետիս քհնյ. Աբովեան, ինչպէս նաեւ Սքացտէյլի, Ֆրեզնոյի, Ռենչօ Միրաժի, Ֆաուլըրի եւ Փասատինայի եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւները ու թեմի 11 եկեղեցիներու մասնաճիւղերէն 37 պատգամաւորներ:
Առաջնորդը կատարեց ժողովի բացման աղօթքը, ապա տուաւ իր հոգեւոր պատգամը: Ժողովի ընթացքին ներկայացուեցան տարեկան եւ հաշուական տեղեկագիրներ, որոնք գոհունակութեամբ ընդունուեցան պատգամաւորներուն կողմէ:
Շաբաթ օրուան ժողովի Բ. նիստէն առաջ, Ս. Աբգար եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ դպրութեան չորս աստիճաններու տուչութիւն՝ Ալեքս Սարգիսեանի, ձեռամբ՝ առաջնորդին: Ապա, ժողովը իր օրակարգին համաձայն շարունակեց աշխատանքները: Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ Կեդրոնական խորհուրդի կազմի ընտրութիւն՝ հետեւեալ ձեւով. Ռաֆֆի Փոստալճեան՝ ատենապետ, Լիանա Գրիգորեանց՝ փոխատենապետ, Մարք Պորանեան՝ թղթակցութեանց քարտուղար, Գարմէն Քեստիքեան՝ ատենադպիր, Էլիզապէթ Օլկըն՝ գանձապահ, Վիգէն Գալամքարեան՝ յարաբերութեանց պատասխանատու, Նորա Պարին՝ ձեռնարկներու համակարգող:
Երեկոյեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ, որուն ընթացքին Աւետիս քհնյ. Աբովեան տուաւ իր հոգեւոր պատգամը, իսկ Կիրակի օր, ան եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց: Պատգամաւորները ներկայ գտնուեցան պատարագին եւ հաղորդութիւն ստացան: Արարողութեան աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր հաւատացեալները առիթը ունեցան ողջունելու հիւր պատգամաւորները եւ զրուցելու անոնց հետ: