ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ 120ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ
ԹՈՐԳՈՄ ՓՕՍԹԱՃԵԱՆ

Դարեր շարունակ՝ թուրք իշխանութիւններու, հայ ժողովուրդի վրայ գործադրած ջարդերն ու բռնարարքները եղան պատճառ՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ծագման եւ զարգացման:
Յեղափոխութեան առաջին շեփորը հնչեցնողները եղան Արմենականները, անոնց հետեւեցան Հնչակեանները եւ միաժամանակ կային նաեւ անմահանուն յեղափոխական դէմքեր, ինչպէս ՀԱՆՃԱՐԵՂՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿԸ, երկու Մուրատները, Աղբիւր Սերոբը, Գէորգ Չաւուշը եւ ուրիշներ:
Այս «ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐԻ» եւ «ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐԻ» ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ծրագրով է որ կազմուեցաւ «ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆՆԵՐԻ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ»:
1890 թուին ծնունդ առած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը՝ կարելի է նմանցնել նոր ծագում առած «ԱՂԲԻՒՐԻ» մը:
Աղբիւր մը՝ լեռներու անտես խորշերէն ծնած, որ կը յառաջանայ ոռոգելով անջրդի դաշտերը: Իր սրընթաց վազքին մէջ, ան տեղ-տեղ կը հանդիպի հոսուն այլ վտակներու, որոնց հետ միանալով կը դառնայ ամեհի գետ: Գետին հոսուն ջուրերը ուրեք-ուրեք կը կուտակուին իրարու վրայ եւ կը դառնան կապտորակ լիճ: Այդ լիճին ջուրերը եւս՝ ներքին ուժականութեամբ տոգորուած, կը դառնան ջրվէժ:
Գետի վերածուած «Աղբիւր»ը անվերջ կը սուրայ ամէն տեղ. ան կը յագեցնէ ծարաւի հոգիներ եւ կը յագեցնէ ընդերքը մայր երկրին:
Բնութեան մէջ ոչինչ այնքան գեղեցիկ է եւ առինքնող՝ որքան վճիտ ջուրերով գլգլուն ԱՂԲԻՒՐ մը: Ան յստակ պատկերն է գարնան: Անոր մէջ է որ կը ցոլանայ ամբողջ տարերքը բնութեան: Դաշտերու արգասաւորութեան յոյսը: Յոյսը բնութեան եւ ծաղիկներու: Ան խորհրդանիշն է մաքրութեան եւ ուժի:
Մեր մեծանուն բանաստեղծներէն Վահան Թէքէեան զայն կը նմանցնէ նաեւ խորհրդանիշը՝ սիրոյ.
«…Աղբիւրը նոր է բղխեր, ժայթքեր խորշէ մը անտես,
Եւ արշալոյսն անոր մէջ իր հեռաւոր լեռներով
կը ցոլանայ գաղտնապէս»:
Մենք պիտի չկրնայինք ուրիշ ոչ մէկ այլ պատկերով ճշգրտօրէն ներկայացնել Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ծագումն ու զարգացումը, որքան որ այս «ԱՂԲԻՒՐ»ի նմանութեամբ:
Ճիշդ «աղբիւրի» մը պէս է, որ ծնունդ առաւ ան՝ ՀՅԴն, որպէս պոռթկացող ժայթքում մը՝ ընդդէմ թուրք բռնակալութեան եւ հարստահարութեանց: Ան ծնաւ գարնանային գետերու ուժգնութեամբ, որ կը խորտակէ պատուարներ եւ կը քանդէ թումբեր: Թումբերը բռնութեան եւ պատուարները ստրկութեան:
Հայը իր դարաւոր հայրենիքին մէջ կ՛ապրէր կեանք մը՝ որուն կարելի չէր կեանք կոչել: Կ՛ապրէր բռնաւորին կռունկին տակ՝ զրկուած մարդկային տարրական իրաւունքներէ: Ան չունէր իրաւունքը պաշտպանելու իր հաւատքը, իր ընտանիքը, իր ինչքն ու պատիւը: Եւ ժողովուրդի մը, ազգի մը համար, որ կ՛ապրէր իր պապենական հողին վրայ, ի՞նչն էր աւելի նսեմացուցիչը՝ քան այս: Եւ միթէ ապրի՞լ էր այս:
Այս կացութեան դէմ ըմբոստացում մը կամ զայրագին պոռթկում մը, ուրիշ բան չէ՝ եթէ ոչ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ:
Եւ Յեղափոխութիւնը ծնունդ առաւ այսպէս, ճիշդ այնպէս, ինչպէս «Աղբիւր» մը…:
Մեր հայրենի բնագաւառներուն մէջ գտնուող այլ աղբիւրներու պէս՝ այլ յեղափոխութիւններ եւ յեղափոխականներ միացան «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան»: Եւ ան դարձաւ տիրական ուժ եւ ճիշդ աղբիւրի մը նման յագեցուց վրէժի ծարաւը հայ մարտիկներու եւ վրէժի ծարաւը հայ ժողովուրդի:
Կ՛ընդունինք որ ան՝ ՀՅԴն չունեցաւ ամենահաս զօրութիւնը՝ դիմակալելու ամէն վտանգ եւ չարիք, բայց ինքն էր որ հետապնդեց մեր ազգասպանութեան կազմակերպիչ բոլոր գլխաւոր դահճապետերը: Գտաւ զիրենք իրենց հեռաւոր թաքստոցներուն մէջ եւ իր անվրէպ գնդակներով շանսատակ ըրաւ զիրենք:
Կ՛ընդունինք որ ան՝ ՀՅԴն չկրցաւ ազատագրել մեր պատմական հայրենիքի կարեւոր հողատարածքները բոլոր: Բայց ան կրցաւ իր կարեւոր մասնակցութիւնը ընծայել դարաւոր թշնամի թուրքի դէմ յաղթական մարտնչումին՝ Սարտարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ:
Այդպէս է որ վեց դարերու ստրկութենէն ետք հիմնուեցաւ Հայաստանի Անկախ Հանրապետութիւնը 1918, Մայիս 28ին:
Այսօր, 120 տարիներ ետք, երբ յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք արդարօրէն արժեւորելու ՀՅԴի ծնունդն ու գոյատեւումը, կը տեսնենք որ ան ըրաւ իր կարելին՝ շահելով մեր ժողովուրդի յարգանքը:
Բայց կան դեռ շատ կարեւոր ընելիքներ:
ՀՅԴն որպէս արթուն պահակ, պէտք է հետապնդէ տակաւին Հայ Դատի արդար լուծումը: Ան, յանուն Հայ ժողովուրդի, պէտք է ըլլայ ՊԱՀԱՆæԱՏԷՐԸ մեր կորուսեալ հողատարածքներուն: Պահանջատէրը՝ Ցեղասպանութենէ տուժած մեր ժողովուրդի հաւաքական եւ անհատական բոլոր կորուստներուն:
Պահանջատէրը՝ Արդար Հատուցման ի նպաստ Հայ ժողովուրդի՝ ՀՅԴն
ԱՂԲԻՒՐԸ՝
Մշտահոս, վճիտ, գեղեցիկ եւ ուժական: