ՊՕՂՈՍ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Նախ սրտանց շնորհաւորելով «Ասպարէզ» օրաթերթի բացառիկը, ես ալ ուրախութեամբ կը ցանկանայի մասնակից դառնալ եւ իմ հիացմունքս յայտնել հայոց մեծ ազգային գործիչին, Հայաստանի հանրապետութեան հիմնադիրին, Վանի հերոսամարտի հմուտ կազմակերպիչին՝ Արամ Մանուկեանին հանդէպ:
Արամ Մանուկեան, բուն անունով Սարգիս Յովհաննէսեան: Ծնած է հայոց դրախտավայր, չքնաղ Արցախի Շուշի քաղաքը: Դեռեւս դպրոցական տարիներուն անոր մօտ նկատելի էր կազմակերպչական տաղանդը:
Շուշիի թեմական դպրոցին մէջ ուսանելու ընթացքին, հոգաբարձութիւնը նկատելով պատանի Արամի ըմբոստ գաղափարները՝ աղաներու եւ թեմականներու դէմ, զայն բնութագրած էին իբրեւ «անբարեյոյս» աշակերտ: Այդ իսկ պատճառով ալ զայն կը հեռացնեն դպրոցէն, իսկ յետագային ալ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը կը մերժէ ընդունիլ զինք:
1890ական թուականներուն նոր կազմաւորուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները գաղտնի այցելութիւններով կը շրջէին Հայաստանի տարբեր անկիւնները՝ կուսակցութեան գաղափարները տարածելու համար: Շուշիի մէջ կայացած հաւաքի մը ժամանակ, այլ ուսանողներու հետ միասին ներկայ եղած է նաեւ Արամը:
Այդտեղ, ՀՅ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները նկատելով երիտասարդ ուսանողի արթուն եւ առողջ խառնուածքը, Արամին կ՛ընտրեն դաշնակցութեան կազմակերպչական մարմնի լիազօր:
1910ին արդէն Արամը Պոլիս էր եւ հայ մեծ թիւով ուսանողներու հետ, օսմանեան կայսրութեան մէջ ստեղծուած ազատութեան նոր մթնոլորտէն խանդավառուած բուռն գործունէութիւն կը ծաւալէր:
1912 թուականին Արամին կը յանձնարարուի մեկնիլ Վան՝ իբրեւ ՀՅԴ պատասխանատու գործիչ: Ճակատագրական պահուն, երբ Վանի բնակչութիւնը կը դիմագրաւէր ամբողջական բնաջնջման վտանգը, Արամ Մանուկեան յաջողեցաւ համախմբել ժողովուրդը եւ ղեկավարելով ինքնապաշտպանութեան միացեալ հրամանատարութիւնը, կազմակերպեց քաղաքի դիմադրութիւնը թրքական կանոնաւոր բանակին դէմ, մինչեւ որ ռուսական բանակն ու հայկական կամաւորական ուժերը հասնին Վան:
Արամ նշանակուեցաւ Վանի նահանգապետ եւ իր հեղինակութիւնն ու կազմակերպչական տաղանդը դրաւ ի սպաս փրկուած բնակչութեան համար բնականոն կեանքի պայմաններու ստեղծման:
Ռուսական նահանջող բանակներուն հետ Արամ ալ պարտաւորուեցաւ հեռանալ Վանէն:
Արամի մեծագոյն աւանդը եղաւ անկախ Հայաստանի կերտումը: Ան իր անձնազոհ նուիրումով սարդարապատեան հրաշալի յաղթանակը կերտողներու շքեղ փաղանգի տիտաններէն մէկը դարձաւ, խիզախութեան թռիչքներու առաջնորդելով թշուառ ու սովահար հայ բազմութիւնները: Արամ իսկապէս դարձաւ Հայաստանի առաջին անկախ հանրապետութեան հիմնադիրը մեզ ժառանգելով հայկական պետութիւն մը:
Անցած են տարիներ, սակայն հայ ժողովուրդը չի մոռնար իր ազգային գործիչներէն Արամ Մանուկեանը: Փառք ու պատիւ անոր: