ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայ քաղաքական միտքը միշտ ալ դիմագրաւած է յանուն «իրապաշտութեան» կամ «իրատեսութեան» իր երթը խանգարող, նոյնիսկ արգելակող որոգայթները յաղթահարելու հրամայականը։
Ամէն անգամ, որ իր ամբողջական ազատագրութեան հասնելու եւ բազմակողմանի զարգացման կռուանները ամրապնդելու ճամբուն վրայ մեր ժողովուրդը նորովի շղթայազերծած է պայքարի իր ոգին, քաղաքական «իրատեսութեան» եւ «իրապաշտութեան» անունով հրապարակ իջած են տիրող պայմաններուն համահունչ շարժելու «համակերպումին» քարոզիչները, մեր կեանքը իբր թէ «արկածախնդրութենէ» հեռու պահելու «խոհեմութեան» մարգարէները։
Այդպէ՛ս էր մէկուկէս դար առաջ իսկ, արեւմտահայ եւ արեւելահայ Ազգային Զարթօնքի ժամանակներուն, երբ «Հայաստան» բառեզրի բարձրաձայն գործածութիւնն անգամ, «իրատեսութեան» ու «իրապաշտութեան» դրօշակիրներուն կողմէ, աններելի մեղանչում կը հռչակուէր Ցարին ու Սուլթանին դէմ… Հայը գլուխը ծռած պէտք է պահէր եւ ազգի ու հայրենիքի անցեալ փառքին մասին հրապարակաւ պէտք չէ արտայայտուէր, որպէսզի իբր թէ արժանանար իր բռնատէրերու «բարեգթութեան» եւ ապահովէր… իր գոյատեւումը։ Մինչդեռ ստրկացման շղթաներուն տակ ոգեպէս կը մեռնէր հայը։
Այդպէ՛ս էր նաեւ դար մը առաջ, հայ ազգային–ազատագրական պայքարի շղթայազերծման ամէնէն բուռն շրջանին, երբ «Ազատութիւն կամ Մահ» եւ «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» դրօշին տակ սահմանը կտրող եւ Երկրի մեր ժողովուրդին ինքնապաշտպանութեան փութացող Անձնազոհութեան սերունդին կռնակէն դաշունահարել կը փորձէին քաղաքական «իրապաշտութեան» ինքնակոչ «ասպետները»… Ցարը յառաջ կը մղէր «Առանց հայու Հայաստան» ունենալու իր քաղաքական ծրագիրը, Սուլթանը ձեռնարկած էր, հարիւր–հազարներով անզէն հայոց բնաջնջումին, որպէսզի իրագործէր Կայսրութեան «ներքին գաւառներու վնասազերծումը անվստահելի հայերէն»… Իսկ «ողջմտութեան» ու «իրապաշտութեան» դրօշ պարզած հայ պահպանողականութիւնը մահամերձ հայ ժողովուրդին կ՚ուզէր սորվեցնել ստրկական համակերպումի «գերագոյն իմաստութիւնը»։
Բայց ինչո՛ւ այդքա՜ն հեռուները երթալ եւ քրքրել Հայաստանի անկախութեան կերտումով ու հայոց ազգային պետականութեան վերականգնումով պսակուած համազգային մեր յաղթարշաւին դառն ու տխուր էջերը, «ներքին ցեցերու» գարշահոտ թղթածրարները։ Տակաւին կ՛ապրին չէ՞, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, ներկայացուցիչները մեր ժողովուրդի այն սերունդին, որ քսաներորդ դարու ամբողջ երկայնքին պարտաւորուեցաւ շարունակ ճաշակել դառն ու հեղձուցիչ պտուղները միեւնոյն «իրապաշտութեան»՝ թրքական պետութեան «հզօրութեան» եւ խորհրդային ամբողջատիրութեան «անպարտելիութեան» համակերպելու յորդորներուն։
Պէտք եղաւ նուաճել Մեծ Եղեռնի յիսնամեակի համազգային պոռթկումն ու Հայասպանութեան շուրջ քաշուած Լռութեան պատը ճեղքելու Հայ Դատի ուժական պայքարին յաղթարշաւը, որպէսզի հայ քաղաքական միտքը ձերբազատուի ստրկական համակերպում քարոզող «իրապաշտութեան» կապանքներէն։ Մեր սերունդները չեն կրնար մտահան ընել պահպանողական գաղափարախօսութեան այն ծանր բեռը, որ ամբողջ եօթանասունամեակ մը, հայրենի հողին հայաթափման ու թրքական բռնագրաւումին եւ անկախ Հայաստանի խորհրդային գերեվարման հետեւած ամբողջ ժամանակաշրջանին, հետեւողականօրէն շնչահեղձ դարձուց հայ ժողովուրդի պայքարունակ ոգին, խեղդել փորձելով յանուն Իրաւունքի եւ Արդարութեան վերականգնման պահանջատիրական մեր պայքարին շղթայազերծումը։
Տակաւին լսելի են արձագանգները «իրապաշտութեան» այն քարոզներուն, որոնք «քաղաքացիական օրինապահութիւն», «դիւանագիտական պատշաճութիւն» եւ մեծապետական քաղաքականութեան «խաղականոնները յարգելու հասունութիւն» կը սորվեցնէին… գերագոյն զոհաբերութեան գնով Հայ Դատի ուժական պայքարը վերարծարծող նուիրեալներուն։
Հայկական պահպանողականութեան միեւնոյն այդ բեռն է, ահա՛, որ վերջին քսանամեայ, իր «իրատեսական» եւ «իրապաշտ» նորօրեայ որոգայթներով, ներքին ջլատման վտանգին առջեւ կանգնեցուցած է Արցախի ազատագրական պայքարի զարթօնքով թափ առած համազգային ինքնահաստատման մեր յաղթարշաւը։
Արդէն «ազգային մտածողութիւնն» ու «ազգային շահը» անհամատեղելի կը հռչակէ «պետական մտածողութեան» եւ «պետական շահին» հետ եւ, Հայ Դատի պահանջատիրութեան հակադրաբար, Հայաստանի պետականութեան «առանահերթութիւններով» առաջնորդուելու անհեթեթ կարգախօսով կը ներկայանայ քաղաքական «իրապաշտութեան» այսօրուան շքերթը։ Կը ճառէ «21րդ դարու պայմաններուն համահունչ քայլեր նետելու անհրաժեշտութեան մասին». «Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց նոր էջ բանալու եւ քաղաքակիրթ երկխօսութեան ձեռնարկելու հրամայականին մասին». «խորհրդային ժառանգութեան հետ հաշուի նստելու եւ յետ–խորհրդային փուլի տարածաշրջանային խաղականոնները յարգելու պարտաւորութեան մասին»։
Համահայկական մեր վճռականութիւնն ու ինքնահաստատման պայքարունակութիւնը ներքնապէս հարուածող գաղափարախօսական այդ սրսկումները իրենց հիւանդագին դրսեւորման գագաթնակէտին հասան տխրահռչակ Հայեւթուրք Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Արձանագրութիւններով, որոնց տակ դրուած Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական ստորագրութիւնը դեռ յետս կոչուած չէ եւ դամոկլեան սուրի մը նման կը սպառնայ հայ ժողովուրդի ամբողջական ազատագրութեան երթին։
Քաղաքական «իրապաշտութեան» որոգայթները նաեւ անդին կ՚անցնին Հայ Դատի պայքարը ջլատելու իրենց չարիքէն։ Կը սպառնան նաեւ ու մանաւանդ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ամենայն Հայոց Պետական Տունը դարձնելու համազգային մեր ոգորումին՝ թէ հայը «երեւանցիի» ու «ղարաբաղցիի», «հայաստանցիի» եւ «սփիւռքահայու» բաժնելու գաղափարական թոյնով, թէ՛ հայ հասարակութիւնը «առանձնաշնորհեալներու» եւ «իրաւազուրկերու», «ձեռներէցներու» եւ «անկարներու» բաժնելու, ներքին համերաշխութեան շաղախը անարդարութիւններով եւ օրինազանցումներով փճացնող իր կառավարման բեւեռացեալ համակարգով։
Այս բոլորին եւ անոնց ածանցեալ «իրապաշտութեան» այլ որոգայթներուն վրայ կ՛արժէ կեդրոնացնել, առանձնաբար եւ խորացման գացող ախտաճանաչումով, հայ քաղաքական մտքի լուսարձակները։
Ի վերջոյ մեր ժողովուրդը ծանրագոյն գնով նուաճած է պատմական պատեհութիւնը՝ ազգովին ու պետականօրէն վերականգնելու համազգային իր ինքնահաստատման պայքարունակութիւնը եւ ոչ մէկ «իրապաշտութիւն» կամ «իրատեսութիւն», պայմաններուն եւ արտաքին ճնշումներուն համակերպելու իր սնամէջ «իմաստութեամբ», հնարաւորութիւնը պէտք է ունենայ պառակտելու եւ ջլատելու հաւաքական մեր կամքն ու ուժը։