Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Պատմութիւն կերտողները միայն անցեալի չեն պատկանիր. հիմա ալ պատմութիւն կերտողներ կան։ Անոնցմէ մէկը կը կոչուի Պեռնարտ Սենտըրզ (աւելի ծանօթ՝ Պըռնի Սենտըրզ անունով). ամերիկեան Ծերակոյտի անդամ է, անկախ, Վըրմոնթ նահանգէն։ Ան Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 10ին «պատմութիւն կերտեց», աւելի քան ութ ու կէս ժամ տեւողութեամբ ճառ մը արտասանելով Ծերակոյտի ամպիոնէն։ Ան կը փորձէր արգելք ըլլալ շահատուրքերու մասին հանրապետականներուն հետ նախագահ Օպամայի գոյացուցած համաձայնութեան վաւերացման…
Ճառը, տեւողութենէն անկախ, մամուլին ու քաղաքական շրջանակներու ուշադրութեան առարկան դարձաւ՝ Օպամայի հարկային քաղաքականութիւնը ձաղկելու եւ անոր ծանրակշիռ հետեւանքները քողազերծող բացայայտումներուն պատճառով։ Ան կոչ կ՛ուղղէր չորդեգրելու առաջարկուած համաձայնութիւնը, զայն նկատելով միջին ու համեստ դասակարգերը տնտեսապէս աւելի՛ եւս ընկճելու օպամայական վարքագիծին նորագոյն մէկ արտայայտութիւնը, ինչ որ համազօր է պուշեան ձախաւերութեանց շարունակման։ Ան փորձեց իր պաշտօնակիցները համոզել, բացատրելով, որ հսկայական եկամուտ ունեցող հիմնարկներ ու ընկերութիւններ բարձր շահատուրքէ զերծ պահելու միտող համաձայնութեան գինը պիտի վճարեն սահմանափակ եկամուտով քաղաքացիք, ինչպէս նաեւ ուսումէ զրկուելու դատապարտուող պատանիներ ու երիտասարդներ՝ բանտերու բնակչութեան աճ բերելով։ Ան կոչ ուղղեց փրկութեան ձեռք երկարելու տնտեսական (հետեւաբար նաեւ ընկերային) տագնապներու տակ կքող ժողովրդային զանգուածներուն, որոնց շահատուրքերէն քանիցս փրկութեան տարածուն լաստեր նետուեցան ձախաւեր դրամատուներուն ու ելեւմտական ընկերութիւններու, «տնտեսական աշխուժացում» պիտակին տակ, խորագիրներ՝ որոնք հաւասարապէս չարաշահուեցան այժմու եւ նախորդ վարչակարգերուն կողմէ, իբրեւ հետեւանք Կրինսփէններու եւ յաջորդներու «հանճարեղ» գիւտերուն (իսկութեան մէջ, նման «հանճարներ» պաշտօնի կոչող՝ շահագործումի հանճարներուն…)։
Սենտըրզ առաջին անգամը չէ, որ «պատմութիւն կը կերտէ»։ Անոր ըրածը պարզապէս անուղղայութիւն էր՝ իշխանաւորներու եւ անոնց հովանաւորներուն տրամաբանութեան մօտեցումով։ 69ամեայ ծերակուտականին քաղաքական ասպարէզը ծանօթ է «անուղղայութեան» բազմաթիւ փաստերով։ Ան ամերիկեան խորհրդարան մուտք գործած է 1990ին, ընտրուելով Ներկայացուցչական Տան անդամ։ Նախապէս, քանի մը շրջան եղած է Վըրմոնթի Պըրլինկթըն քաղաքի քաղաքապետը, իսկ 2006ին ընտրուած է ծերակուտական։ Անոր «տաֆթար»ը բաւական հարուստ է ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան իրագործումներով ու արշաւներով։ Ճանչցուած է իբրեւ ընկերվարական, եւ Եւրոպայի ընկերվար ժողովրդավար շարժումներու համակիր։ Տարիներէ ի վեր մէկ դրօշակիրն է եղած սահմանափակ ու անսահմանափակ եկամուտ ունեցողներուն միջեւ խորացող վիհին դէմ իր պայքարներով, քննադատ մըն է կենսոլորտի վտանգաւոր ջերմացման պատճառ դարձող գործընթացներուն, ջերմ պաշտպան մը՝ առողջապահական տրամաբանական ու մատչելի ապահովագրումի դրութեանց, նաեւ՝ արդար առեւտուրի։ Քանիցս ձաղկած է մաշեցնող ու անվաղորդայն պատերազմներու թմբկահարները։ Միւս կողմէ, սակայն, ան պաշտպան կանգնած է զէնքի առեւտուրը անկաշկանդ ձգելու ընտրանքին ու վիճելի կեցուածքներ որդեգրած է ընկերային այլ հարցերու պարագային։
Սենտըրզի բացայայտումները… նորութիւն չէին, սակայն այդ չէր պատճառը, որ անոր ճառը իր նպատակին չհասաւ։ Ան չյաջողեցաւ յիշեալ համաձայնութեան մասին քուէարկումը ձգձգելու իր նպատակին մէջ, իսկ Ծերակոյտը Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին բացայայտ դարձուց, թէ Սենտըրզի տրամաբանութեան համամիտ են միայն 15 հոգի, մինչդեռ մեծամասնութիւնը կը յարի նախագահին գոյացուցած համաձայնութիւնը որդեգրելու ճամբուն։ Յայտնապէս անոնց քուէները ներշնչում կ՛առնեն նոյնինքն յիշեալ համաձայնութենէն շահողներէն։
Օպամա գոհունակութեամբ ողջունեց ծերակուտականներուն տրամադրութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ Ներկայացուցիչներու Տունը եւս կը յարի իր ուղիին։ Նախագահն ու համախոհները բացորոշ կերպով տեղի տուած են զանգուածներու տարրական իրաւունքներն ու շահերը պատանդ պահող «մեծերու» իրողական կաշառքներուն առջեւ։ Այս ընթացքով, Սառա Փէյլին պէտք է լրջօրէն մտահոգուի, որովհետեւ Օպամա կրնայ նախագահական յաջորդ ընտրապայքարին բեմ գալ… հանրապետականներու տոմսով (ի՜նչ է տարբերութիւնը)։ Նորագոյն պատմութիւնը արձանագրած չէ՞ Ճօ Լիպըրման անունը՝ ցանկէ ցանկ ոստոստողներու շարքին։
Սենտըրզի ու նմաններու փորձերը ցոյց կու տան մէկ բան. ժողովուրդին շահերը պաշտպանելու կոչուած ներկայացուցիչները՝ ծերակուտականներ թէ ներկայացուցիչներ, յայտնապէս դարձած են հսկայական հարստութիւններու տէր, նիւթական-տնտեսական արագօրէն հզօրացող կարողութեամբ օժտուած ընկերութիւններու կամակատարները, որոնք, իշխանութեան հետ գործակցաբար, որոշած են անհակակշիռ կերպով, եւ օրէնքի պատմուճանը հագած, ընկճել սահմանափակ եկամուտ ունեցող դասակարգին տնտեսութիւնը։ Պաշտօնական կողոպուտի այս ընթացքին դիմաց, Սէնտըրզներ պարզապէս անկարող «խելագարներ» եւ արտակեդրոններ են, անոնց ճիգերը դատապարտուած են պատի բախելու,
Մանաւանդ որ՝
Իր իրաւունքներուն եւ տարրական շահերուն նկատմամբ անտարբերութեան դատապարտուած-մատնուած զանգուածները կը նախընտրեն լուռ հանդիսատես մնալ նման պոռթկումներու եւ… զիրենք արիւնաքամ ընող չնչին փոքրամասնութեան մը մոլուցքին հանդէպ։ Տակաւին, անոնք կարծէք թէ վիպական շարժապատկեր դիտողի կեցուածք ունին արդար բողոքի այն շարժումներուն նկատմամբ, որոնք կը բարձրանան Իրլանտայէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն կամ հարաւ-ամերիկեան ու ափրիկեան երկիրներէ, ուր քաղաքակրթութիւնն ու քաղաքականացումը բացայայտօրէն կը քալեն ձեռք ձեռքի…
13 Դեկտեմբեր 2010