ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քանի մը օրէ ի վեր, թուրք լրատուական կազմակերպութիւնները արձագանգ կը հանդիսանան հայ աղջկայ մը ու թուրք իսլամ տղու միջեւ կնքուած խառն ամուսնութեան պատճառով գործուած ոճիրին։ Ոճիրը գործուած է հայ աղջկան եղբօր կողմէ, որ մէկական գնդակ պարպած է թուրք փեսային ու իր հայ քրոջ վրայ, ու սպաննած է զանոնք՝ պնդելով, որ պատուոյ պաշտպանութեան համար առած է այս քայլը: Սակայն, հայկական շրջանակները դիտել կու տան, որ հայերու մօտ այսպիսի սովորութիւն չկայ։
29ամեայ Զեքերիա Վուրալ՝ պաթմանցի, արաբ ծագումով ընտանիքի մը որդին էր, իսկ հայազգի Սոնէյը հայ ընտանիքի մը աղջիկն էր, որ կ՛աշխատէր Սամաթիոյ դեղարաններէն մէկուն մէջ։ 5-6 ամիս առաջ անոնք պատահմամբ հանդիպած են ու որոշած են ամուսնանալ, հակառակ Սոնէյի ընտանիքի բուռն ընդդիմութեան:
Հարսին եղբայրը՝ Կէօրալ Էօյմէն, ոճիրէն ետք ձերբակալուեցաւ: Փեսային յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ մզկիթի մէջ, իսկ Սոնէյին յուղարկաւորութիւնը՝ Սամաթիոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցիին մէջ։
«Թարաֆ» թերթը կը պնդէ, որ Զեքերիայի ընտանիքը նոյնպէս հայկական ծագում ունէր, բայց տեղահանութենէն ետք, ընտանիքը կրօնափոխ եղած էր։ Այս պատճառով էր, որ Զեքերիա անպատեհութիւն չտեսաւ այս ամուսնութեան մէջ, սակայն Զեքերիայի ընտանիքը հակառակած էր, որովհետեւ կը վախնար, թէ այս կերպով երեւան պիտի ելլէ ընտանիքին հայկական ծագում ունենալու գաղտնիքը։
«Հիւրրիյէթ» Երեքշաբթի օր կը գրէ նաեւ, որ Արամ սրբազանը դիտել տուած է, թէ ո՛չ մէկը ուրիշը սպաննելու իրաւունք ունի, որեւէ պատճառի համար, ու ցաւ յայտնած է երկու զոհերուն համար։ Ան ըսած է, որ թէեւ ճիշդ է, որ մենք դէմ ենք ու խառն ամուսնութիւն չենք ուզեր, բայց ամուսնացողը պէտք չէ սպաննել։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.