ԹԵՀՐԱՆ, «Ալիք».- 1890-2010, հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ շաղկապուած եւ հայ ժողովուրդի ժամանակի պահանջներէն ծնունդ առած 120ամեայ անցեալով, բայց երիտասարդական աւիւնով տոգորուած կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, տօնը նշուեցաւ Դեկտեմբեր 10ի երեկոյեան, «Արարատ» մարզաւանի «Սասունցի Դաւիթ» սրահին մէջ:
Մէկ դար ու քսան տարուան վաղեմութիւն ունեցող կուսակցութեան քայլերգ «Մշակ Բանուոր»ը ներկայ հոծ բազմութիւնը ունկնդրեց յոտնկայս:
Բեմի վրայ, նախ նոր սերունդի ներկայացուցիչները ամրացուցին հայ ժողովուրդի արեան ընդմէջէն երկինք յառնած կարմիր դրօշը, ապա դրօշին վրայ՝ զինանշանի երեք հիմնասիւները՝ բահը, գրիչը եւ սուրը:
Ձեռնարկին ներկայ էին Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգսեան, Իրանի մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Բաղումեան, Ատրպատականի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Եղիշէ Ծ. վրդ. Մանճիկեան, Իրանի Հայ աւետարանական եկեղեցու հոգեւոր հովիւ վեր. Սերգէյ Շահվերդեան, Իրանի Հայ կաթողիկէ կոյսեր եւ համայնքի պատասխանատուներ, ազգային իշխանութեանց, մարմիններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն:
Յայտագիրի հաղորդավար Հրաչ Զարիֆեան, ՀՅԴի 120ամեակին նուիրուած այս միջոցառման իբրեւ բանախօս՝ բեմ հրաւիրեց «Ալիք» օրաթերթի արտօնատէր Ալբերտ Աճէմեանը:
Բանախօսը սեղմ, սակայն բովանդակալից տողերով ներկայացուց 120ամեայ ուղին: Ան իր խօսքը սկսաւ հետեւեալով. «Դաշնակցութեան օրն է այսօր, 85 տարիների աւանդութիւն դարձած ամէնամեայ խորհրդանշման, հաշուետուութեան եւ ուխտի վերանորոգման տօնն է. տօնն է բոլոր ընկերների ու համակիրների, որոնք ծառայում ու պայքարում են Դաշնակցութեան նպատակների ու գաղափարների իրականացման ուղղութեամբ: Յիշատակի ու յարգանքի օր է նաեւ բիւրաւոր այն նահատակների, որոնք զոհուեցին յանուն ազգի ու հայրենիքի՝ որպէս գաղափարական մարտիկներ: 120ամեակ, մէկ դար ու քսան տարի…»:
Բանախօսը ամփոփ գիծերու մէջ անդրադարձաւ, թէ՝ ի՞նչ հանգրուաններով անցած է ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր 120ամեայ փոթորկալից ու հարուստ պատմութեան ընթացքին, որո՞նք են անոր դերն ու առաքելութիւնը՝ հայ մարդու եւ հայ կեանքին մէջ, անոր որդեգրած գործունէութեան հիմնական ուղին ու եղանակը, թողած աւանդն ու ժառանգութիւնը, եւ, որո՞նք են Դաշնակցութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ այսօր:
Դեսպան Գրիգոր Առաքելեան բեմ հրաւիրուեցաւ ու իր պատգամը փոխանցեց, ապա հետեւեալ տողերով բնութագրեց ՀՅԴի 120ամեայ անցեալն ու ներկան. «Հայ աւանդական կուսակցութիւնների դերը հայոց մօտ եղել է վճռորոշ եւ յաճախ նաեւ՝ ճակատագրական, եւ մենք՝ որպէս պատմական անցեալը գնահատելու իրաւունքով օժտուած անձինք, չենք կարող անտարբեր մնալ մեր կեանքի կարեւորագոյն դրուագները կերտող քաղաքական կուսակցութիւնների նկատմամբ: Դաշնակցութեան ծնունդը հայ ժողովրդի ճակատագրի ծնունդն էր, ճակատագրի հրամայականը եւ պահանջը»:
Կուսակցութեան ծնունդն ու պանծալի երթը ներկայացուեցաւ պատմա-վաւերագրական տեսաժապաւէնով, իսկ սխրագործութիւնները՝ «Պանք Օթոմանից մինչեւ Շուշի» խորագիրով թատերական ներկայացումը, կենսագործեցին Հայաստանէն հրաւիրուած արուեստագէտ դերասանները, որոնք մարմնաւորեցին Բաբգէն Սիւնին, Սողոմոն Թեհլիրեանը եւ մեր օրերու հայ ժողովուրդի պատմութեան սխրանքը իրագործող Արցախի ազատամարտիկները, իսկ արծուաբոյն Արցախի հայ աղջիկներու պարը ներկայացուցին «Արարատ» կազմակերպութեան «Արարատ» պարախումբի սաները: Ներկայացման բեմադրիչներն էին Հայաստանէն հրաւիրուած Արամ Յովհաննիսեանը եւ իրանահայ երիտասարդ Սեդրակ Գոջամանեանը:
Իր օրհնութեան ու բարեմաղթանքի խօսքը փոխանցեց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանը, որ ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 120ամեակի տօնակատարութիւն կը նշանակէ՝ վերջին 100 տարուան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ տեղի ունեցած մեծագոյն ձեռքբերումներու հեղինակի տօնակատարութիւն»:
Սրբազան հօր ոգեւորիչ արտայայտութիւններէն ետք շարունակուեցաւ տօնակատարութիւնը՝ ազգային-յեղափոխական երգերու կատարումով, Հայաստանէն հրաւիրուած երգիչ-երաժիշտներու կողմէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.