Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7ի կէսօրին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Ազգ. ժողովի անդամ Լիլիթ Գալստեանի, Արցախի Ազգ. ժողովի անդամ Արմէն Սարգսեանի, ՀՅԴ կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ Աւետիք Իզմիրլեանի եւ հայ մամուլի երախտաւոր ծառայողներէն՝ «Դրօշակ»ի նախկին խմբագիր ու Յունաստանի «Ազատ Օր» օրաթերթի աշխատակից Նազարէթ Պէրպէրեանի:
Ազգ. առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեան, առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան եւ անդամներ՝ Ճորճ Չօրպաճեան, Թորոս Քէչէճեան եւ Խաչիկ Երէցեան։ Հրաւիրուած էին նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, Ազգ. կեդրոնական վարչութեան անդամ Խաժակ Տիքիճեան, Լիբանանի նախկին երեսփոխան, նախարար Շահէ Պարսումեան եւ Իրանի խորհրդարանի անդամ Գէորգ Վարդանեան, սակայն բանաւոր ու յարգելի պատճառներով անոնք չկրցան ներկայ ըլլալ հանդիպումին։
Նկատի ունենալով, որ հանդիպումը կը զուգադիպէր Հայաստանի մէջ երկրաշարժի տարեդարձին, առաջին հերթին, «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ առաջնորդի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք, հիւրերը բարձրացան դահլիճ։ Առաջնորդը ողջունեց հիւրերը եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ հայ պետական անձնաւորութիւններու հայրենանուէր ու ժողովրդանուէր ծառայութիւններուն մասին։ Ան նաեւ շնորհաւորեց զանոնք՝ ՀՅ Դաշնակցութեան 120ամեակին առիթով: Առաջնորդը լուսաբանութիւններ փոխանցեց Ազգ. առաջնորդարանի յարկին ու հովանիին տակ տարուող եկեղեցաշէն ու սերնդակերտ աշխատանքներուն մասին։
Ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Վահէ Եագուպեան, Ռիմա Պօղոսեան եւ Աւետիք Իզմիրլեան։ Իրենց կարգին, շնորհակալութեան խօսք արտասանեցին նաեւ հիւր պատգամաւորները՝ Լիլիթ Գալստեան եւ Արմէն Սարգսեան՝ վեր առնելով պատասխանատուութեան ու բարձր գիտակցութեամբ ծառայելու, Հայրենիք-Սփիւռք գործակցութեան ու փոխադարձ զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ արցախեան պայքարէն ներշնչուած մեր իրաւունքները աննահանջ կերպով շարունակելու եւ հայրենաշինութեան նուիրուելու հրամայականները։
Հանդիպման աւարտին, առաջնորդը յուշանուէրներ յանձնեց յարգելի հիւրերուն, որոնք այնուհետեւ ծանօթացան առաջնորդարանի տարբեր բաժանմունքներուն։ Առաջնորդը ներկաները հիւրասիրեց ճաշով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.