
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մեկնաբանելով Դաշնակցութեան 120ամեակի յոբելինական երեկոյին ընթացքին նախագահի ներկայութեամբ եղած քննադատական խօսքերը՝ Դեկտեմբեր 16ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ժամանակ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան յայտարարած է, թէ Դաշնակցութիւնը վախ չունի այս կամ այն պաշտօնեային մասին կարծիք յայտնելէ՝ անոր իսկ ներկայութեան, նոյնիսկ եթէ այդ պաշտօնեան երկիրի նախագահն է: «Կուսակցութիւնը գործում է շիտակ՝ համաձայն խօսքի ազատութեան սկզբունքների, իսկ դրանում ոչ մի տարօրինակ բան չկայ: Տարօրինակն այն է, որ որոշ քաղաքական գործիչներ իրենց զերծ են պահում տարբեր երեւոյթների կամ անձանց մասին իրենց կարծիքն արտայայտելուց: Կա՛մ էլ, ընդհակառակը, քննադատութիւններ են հնչեցնում՝ առանց հասցէատէրերի ներկայութեան: Մենք ամէն ինչ նրանց իսկ ներկայութեամբ ենք ասում», յայտարարած է Յովհաննիսեան:
Նշենք, որ ՀՅԴ 120ամեակին նուիրուած յոբելինական երեկոյին, որուն ներկայ էր նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան իր ելոյթին մէջ խիստ քննադատութեան ենթարկած էր ներկայ իշխանութիւնը՝ նշելով, որ երկրին մէջ կաշառակերութիւնը կը տիրէ, իսկ հասարակական իրավիճակը շատ ծանր է: Համեմատելով Հայաստանի 3 նախագահները՝ Ռուստամեան ընդգծած էր, թէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրօք, երկրին մէջ առաջընթաց չէր արձանագրուած որեւէ՛ ոլորտի մէջ: «Քոչարեանի օրօք, երկրում առաջընթաց նշմարուեց, սակայն՝ ոչ բաւարար չափով», նշած էր ան: Ապա խօսելով ներկայ նախագահին մասին՝ Ռուստամեան մասնաւորպէս յայտնած էր, թէ Սարգսեանի վարած քաղաքականութիւնը դանդաղեցուցած է դէպի առաջընթաց ուղղուած Հայաստանի քայլերը:
Միւս կողմէ, վերոնշեալ մամլոյ ասուլիսիսն ընթացքին, անդրադառնալով վերջին պաշտօնանկութիւններուն՝ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան ըսած է, թէ իրեն համար շա՛տ հասկնալի են անոնք: «Կառավարութեան կողմից արուած նկատողութեանը պէ՛տք է ուշադրութեամբ վերաբերուել, եւ պատժել այն մարդկանց, ով որ խախտել է էթիկայի կանոնները», յայտնած է Վ. Յովհաննիսեան, միաժամանակ շեշտելով, որ իրեն համար անհասկնալի է այն, թէ ինչո՞ւ մինչեւ հիմա չէ հեռացուած այն անձը, որուն պատճառով պաշտօնազուրկ եղած էր արդարադատութեան նախարարը:
Գալով քաղաքապետի հրաժարականին պարագային, Վահան Յովհաննիսեան նշած է, թէ ինք կը հասկնայ հրաժարականին պատճառը. «Մարդը տեսնելով, որ անյարմար վիճակի մէջ է դրել իշխանութիւններին, հրաժարական է տուել», բայց չի հասկնար անկէ ետք որոշ լրատուամիջոցներու վերաբերմունքը. «Գրում են՝ քաղաքապետը ինչ որ տեղ ծառ է կտրել, անօրինական շինութիւնների թոյլտուութիւն է տուել. բա ինչո՞ւ էիք մինչեւ այդ լռել, եթէ նա այդքան վատն էր», հարց տուած է Յովհաննիսեան եւ նշած, թէ դժուար է նման հրաժարականները անկեղծ մեկնաբանել, որովհետեւ կայացուած որոշումին մէջ անկեղծութիւն չկայ: