ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
ԾՈՎԻԿ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Արդի, մանաւանդ գերարդի ժամանակակից երաժշտութիւնը հարազատ պատկերն է՝ պէտք է ըլլայ, ժամանակակից մտասեւեռումներուն, իտէալներուն, տեսիլքներուն, բայց ի մասնաւորի ազատախոհ, հակապահպանողական (an-ticonformist) ըմբռնումներուն եւ դրսեւորումներուն։ Ժամանակին երաժշտապատմաբանները կը վիճէին գիտնալու համար թէ երաժշտագրութեան գլխաւոր առանցքը մեղեդի՞ն պէտք է ըլլայ թէ կշռոյթը, ապա թէ՝ ներդաշնակութի՞ւնը թէ այս երեքը միասնաբար։ Սինֆոնիա մը պէտք էր բաղկանար երեք մասերէ. Ա. շարժը դասական Սօնաթա կաղապարին վրայ, Բ. շարժը՝ դանդաղ, ոչ շատ երկար, Գ. շարժը՝ պարային, խայտացող վերջաբան մը, որ նոյն ձայնակայքը/tonality ունենար ինչ որ Ա. շարժը եւ ըլլար մեծալար (major scale), խանդավառ եւ լաւատես։ Սակայն 17ի վերջաւորութեան եւ 18րդ դարուն օգտագործուած այս եւ շատ ուրիշ ոսկիէ օրէնքներ շատ շուտով տեղի տուին յախուռն ստեղծագործողներու անբռնաբարելի երեւակայութեան, եւ, Պեթհովէնէն ապա Ռիխարտ Վակներէն մինչեւ 20րդ դարու վերջը երաժշտական խոհակերպը եւ խոկումներու ծաւալը անհամեմատ խորացաւ, բազմացաւ, բարդացաւ եւ հետզհետէ մօտեցաւ մեր բոլորին ապրած բարդ եւ մանուածապատ կեանքին, ըլլալով անոր անմիջական արտայայտութիւնը, որոշ չափով մը ներթափանցուած եւ շաղախուած զանազան սկզբունքներով եւ արտայայտաոճերով։ Միտք-կամք-ներաշխարհ-արտաշխարհ (համաշխարային զանազան գաղափարախօսութիւններ եւ կրօնական շարժումներ) միաժամանակ եւ իրարու հակասական պոռթկումներով եւ խոյանքներով պայթեցուցին կառուցային պատուարներն ու կերպարները. այսպէս ձայնային յուզական ներքին շարժունութեան տրուեցաւ խիստ համամարդկային նկարագիր։ Սինֆոնիա յղացքը, օրինակ, բնութապաշտական եւ անհատապաշտական ինքնակենսագրութիւններ ըլլալէ աւելի վերածուեցաւ համաշխարհային արդարութեան կամ ժողովրդավարական սկզբունքներու ծառայող արտայայտամղումներու (ձախակողմեան գաղափարապաշտութիւն սովետական կայսրութենէն դուրս(։
Ընդհանուր այս մղումներուն ուշադիր ստեղծագործողը հետզհետէ հեռացաւ իր ուրոյն ոճը կերտելու անձնակեդրոն երաժշտամտածողութենէն։ Այսպէս, եթէ տուեալ հեղինակի մը իւրայատուկ ասելաոճը կամ երգաոճը ճանաչելի էր, օրինակ մինչեւ Ի. Սթրավինսքի, այսօրուան հեղինակը, թաթախուած անծայրածիր արտայայտամիջոցներու ովկիանոսին մէջ, չափազանց ճոխ եւ այլազան համացանցներու գիրկն ինկած, ա՛լ ոճ չի փնտռեր. անոր միակ իսկական ոճային առանցքը իր ազատութիւնն է՝ անհուն կարելիութիւններու երկնակամարին փռուած։ Այսօրուան հեղինակը կը հնարէ գործեր, որոնք կրնան կապ չունենալ իր նախորդ կամ նախկին գործերուն հետ, ո՛չ այնքան որպէս բնական զարգացման-հասունութեան իբրեւ արդիւնք, այլ բոլորովին նոր կեցուածքներու, դիրքաւորումի, մտածելակերպի իբրեւ հետեւանք։ Այսպէս է, որ օրինակ՝ դուդուկը առանցքային դեր կը ստանձնէ Աւետ Տէրտէրեանի 5րդ Սինֆոնիայի մէջ կամ ափրիկեան թմբուկներն ու ասիական կամելանները՝ եւրոպացի հեղինակներու մօտ։ Այսօրուան հեղինակը բացարձակ ազատ է օգտագործելու, անկախ իր ուսումնական պատրաստուածութենէն, ցանկացած արտայայտաձեւ, կրնայ իր երեւակայած ձայներուն համար նոր նուագարան ստեղծել, օրինակ յօրինել ելեքտրոնային սարքեր (musique electro-acoustique(, ստեղծել «փորձառական» կամ «կոնկրետ» ըսուած արտայայտակերպարներ եւ ձայնաոլորտներ, որպէս հարազատ թարգմանը օրինակ երկինքի աստեղութեան։ Արթուր Ավանէսովի մէկ գործէն միւսը կան այնպիսի վիթխարի այլազանութիւններ, «ոճային» աննախատեսելիութիւններ, որ չես կրնար երբէք գիտնալ, թէ անոնք կրնան պատկանիլ միեւնոյն հեղինակի գրիչին։ Ստեղծագործ հեղինակին եւ ունկնդիրին միջեւ հասկացողութեան եզրի հարցը այլեւս «հրատապ» հարց չէ, տրուած ըլլալով ընտրութեան եւ ճաշակի անծայրածիր կարելիութիւնները. սկսելու համար, ան որ կը գոհանայ միայն «աղբերգութիւն»ներով, կ՛երթայ եւ կը ճարակի Արամ Ասադրեաններու ցկնած գարշանքներով. երանի անոր, որ ածուխը չի շփոթեր ադամանդին հետ, թէեւ երկուքն ալ նոյն նոթահատիկներով կառուցուած են։
Վերադառնանք, այս ընդհանուր ակնարկէն ետք, «Դիլիջան»ի առաջին (Սեպտ. 26ի) եւ անոր յաջորդող (Հոկտ. 31ի) համերգներուն։ Այս համերգաշարին յատկանշական երեւոյթներէն է հայ եւ ոչ-հայ գրողներու բոլորովին նոր գործերու յայտնագործումը։ Այս վերջինները պատուէրներ են եւ համագործակցութիւնը կ՛ենթադրեն եւ կ՛ընդգրկեն «Դիլիջան»ի երկու պետերուն՝ ջութակահար Մովսէս Պօղոսեանին եւ «Լարք»ի հիմնադիր, խմբավար Վաչէ Պարսումեանին։ Պատուաբեր նախաձեռնութիւններ։
Մարտուն Իսրայէլեանի գործը երրեակ մըն է մօտ 13 վայրկեան տեւողութեամբ. կը կոչուի «Adagio & Allegro» (2010, World Premiere). երկու մասերը միաձուլուած են իրարու. դասական-աւանդական գրելաոճը չէ արհամարհուած։ Միալար մեղեդիակերտ տողերը վստահուած են դաշնակին, իսկ ջութակն ու թաւջութակը կը կէտադրեն «տափարակ» տարածքները։ Մեղմ թելադրականութիւնը աւելի ներկայ է քան բացայայտ կերպարը. լոյսի պղպջակներ կը խաղան ստուերոտ խաղաղ խորքի վրայ։ Մթնշաղային մութ ու լոյս խաղերով ընթացող յանկարծապատումային ոճով այս խորհրդաւոր գործը կը հասնի իր վախճանին գեղանկարի մը տպաւորութիւնը ձգելով մեր վրայ, ուրկէ պէտք չէ քաղել վերացական կամ գաղափարակորիզ պատգամներ։
Առաջին համերգին երկրորդ երկը, կրկին համաշխարհային մեկնարկ եւ «Դիլիջան»ի պատուէրով, կը կոչուի «Nocturnes for baritone and string quintet». հեղինակը՝ ամերիկացի երգահան Jan Krouse։ Վաչէն եւ Մովսէսը առաջարկած են անոր ցայգերգային շարք մը գրել հիմնուած չորս ծանօթ հայ քերթուածներու վրայ, Մ. Մեծարենցի՝ «Մթնշաղներ» եւ «Գիշերն անուշ է», Գ. Մահարիի «Գիշերը» եւ Վ. Տէրեանի «Ես կը գամ…»։ Այս չորս կտորները երգուեցան հայերէնով ռուս անուանի պարիթոն երգիչ Վլատիմիր Չերնովի կողմէ։ Յայտագիրին մէջ կը գտնուէր այս քերթուածներուն բնագիրները եւ անոնց անգլերէն վերծանումը կատարուած Վաչէին կողմէ։ Վ. Չերնովին կ՛ընկերակցէր լարային հնգեակ, ղեկավարութեամբ հեղինակ Եան Քրաուսի։ Ահա յանդուքն սխրագործութիւն մը, որ արժանացաւ ներկաներուն անվերապահ գնահատանքին։ Չորս «Ցայգերգները» երգուեցան առանց ընդմիջումի թատերական արեւամուտի եւ լուսածագի ինքնատիպ պահեր ընձեռելով մեզի։ Մենք այս չորս քերթուածներէն միայն «Գիշերն անուշ է»ին երգային ստեղծագործութիւն մը գիտենք, դաշնակի ընկերակցութեամբ, քնքուշ, քիչ մը մելամաղձոտ հայերէն վալս մը, հեղինակը մեզի անյայտ. հայաստանցի երգիչներուն ալ անծանօթ երգ մը։ Եան Քրաուս այս շարքը հեղինակած է 2010ի Յուլիսին, նկատի ունենալով յատկապէս Չերնովի ձայնային համակարգը եւ Դիլիջանի համոյթը։ Յայտագիրը կը կրէ հեղինակ Քրաուսի բացատրութիւնները իր այս երգաշարի կապակցութեամբ։ Մենք կ՛ենթադրենք թէ ան մօտաւորապէս նկատի ունի մէկ հայ հեղինակ այս չորսին համար եւ խորքին մէջ գրած է երգային միակոճղ պոեմա մը չորս ճիւղերով։ Քրաուս Կոմիտաս չէ ուսումնասիրած, ուստի՝ ոչ մէկ հայկականութիւն (կոմիտասեան կամ տարբեր( փնտռել հոն։ Ան մենախօսական երգավէպ մը մըն է արեւմտեան աշխարհը յատկանշող դրամատիզմով՝ «արիա»ներու ձեւաչափով, յաճախ բարձր ձայներու «լուսաւորութեամբ» ծաղկած։ Նկարչատիպ «մթերգութիւն» մը նկատելի է «…ձեռքս է պարապ մնացեր դատարկին մէջ սգաւոր» բառերուն վրայ։ Ոչ-հայ մը որ հայերէն սորուած է, դժուարութեամբ պիտի կարենար հետեւիլ Չերնովի արտահնչած հայերէնին, սակայն հոս, ինչպէս քիչ մը ամէն երգի մէջ, երգին բառերու սոսկական հնչիւնը չէ կենսականը երգեցողութեան ընթացքին, այլ անոնցմէ գոյացած հոգեբանազգացական մթ-նոլորտը։ Այդ մթնոլորտը մութ-ու-լոյս ալեկոծումներով խիստ հարուստ է։ Հոն «հոգւոյս կիրակին» (Մեծարենց) եւ «մեռած ծաղկեթերթեր»ու կամ «ողջ գիշերուան հովի պարը» (Մահարի( տողերու երաժշտաւորումները բարձր որակի պաթոսային ներուժ ունին, աւելի քան նոյն տողերուն նուիրուած ասմունքային արտայայտչականութիւն կրնայ ունենալ, մանաւանդ երբ Քրաուս կը գործածէ, տեղ տեղ, «աթոնալ» երգագիծ։
Մահարիի քերթուածի նուիրուած Քրաուսի երաժշտութիւնը կարծես կը դադրի «արիակերպ» ըլլալէ եւ կը վերածուի տրամաթիք ռոմանսի՝ «Մի լար…»ի (Ռոմանոս Մելիքեան) տեղաշարժող ուժգնութեամբ, բայց շատ աւելի արտայայտապաշտական դղրդիւն ոճով։ Վերջապէս Վահան Տէրեանի «Ես կը գամ…» մենախօսութիւնը ունի ներահայեաց ուղեգիծ։ Ալեկոծաբոյր յոյզերը մերթ կ՛երեւին մերթ կը կորսուին մենութեան գիրկը։ Տէրեանի քերթուածին երաժշտաւորումը կ՛ընդգրկէ լարային հատուած մը, նոյնքան պերճախօս որքան երգին ընկերակցութեան ատեն։ Ան կ՛ոգեկոչէ բնութեան-հոգեկան գոյներ, ճիչեր, փայլատակումներ՝ տրուած խիտ եւ ներգործիչ բաբախումներով։
Մեզմէ անկախ պատճառներով այս գրութիւնը շատ ուշացաւ, եւ նկատի ունենալով անոր ներկայ ծաւալը, 31 Հոկտեմբերի անհամեմատօրէն հարուստ համերգին մասին մեր երկուքին խօսքը մամուլին կը յանձնենք մօտ օրէն։ Սակայն մինչ այդ չմոռնալ մանաւանդ, որ «Դիլիջան»ի կազմակերպած տարեկան համերգները համաշխարհային չափանիշով իրագործումներ են, սիրենք կամ չսիրենք, հասկնանք կամ ոչ, անոնց մասին արտայայտուողներ գտնուին կամ ոչ։