ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Հայագիտական ուսմանց հիմնարկի կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Նոյեմբեր 20ին, համալսարանի «Town and Gown» սրահին մէջ յաջողութեամբ իրականացաւ Հայկական Սփիւռքին նուիրուած գիտաժողովը, որուն մասնակցեցան Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Աւստրալիայէն, Ռուսիայէն եւ եւրոպական այլ երկիրներէ մասնագէտներ:
Հակառակ անձրեւոտ եղանակին, մօտաւորապէս 600 ունկնդիրներ ներկայ էին գիտաժողովի նիստերուն՝ հետեւելով Սփիւռքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հրատապ հարցերուն մասին կատարուած ներկայացումներուն, եւ մասնակցելով անոնցմէ ետք տեղի ունեցած քննարկումներուն:
Գիտաժողովի ընթացքին ելոյթներ ունեցան Քալիֆորնիոյ նախկին նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեան, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Մարշըլ Էվընզ, լրագրող եւ հեղինակ Մարք Արաքս, յօդուածագիր Յարութ Սասունեան, դոկտ. Լեւոն Մարաշլեան, դոկտ. Ստեփան Աստուրեան, դոկտ. Էնտրու Տեմիրճեան, դոկտ. Կայծ Մինասեան, դոկտ. Արշալոյս Ճգնաւորեան-Էշընպաուր, դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան, իսկ համադրողն էր՝ դոկտ. Հրայր Տեքմէճեան:
Գիտաժողովին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան:
Գիտաժողովին նպատակներէն մէկն էր քննել Սփիւռքը եւ սփիւռքահայութիւնը ներկայացնող միացեալ կառոյց մը մէջտեղ բերելու կարելիութիւնները. գիտաժողովին աւարտին կատարուած «բաց քուէարկութիւն մը» ցոյց տուած է, թէ ներկաներուն մեծամասնութիւնը համաձայն է նման մարմին մը գոյացնելու գաղափարին՝ միաժամանակ ընդունելով, որ նման ծրագիրի մը իրականացումը լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:
Երեկոյեան, բանախօսներուն ի պատիւ կազմակերպուած էր ընթրիք մը, որուն ներկայ էին նաեւ համալսարանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ: Ընթրիքի աւարտին, Ղեկավարման խորհուրդի ատենապետ եւ ընթրիքը համահովանաւորող Չարլի Կալեան գիտաժողովի բանախօսներուն եւ գլխաւոր բարերարներուն յատուկ յուշանուէրներ յանձնեց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.