ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Որքան, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները վերջին տարիներու ընթացքին որոշ նահանջ մը արձանագրած ըլլան՝ երկրէն ներս քրտերէն լեզուի գործածութեան արգելքներուն դէմ՝ արտօնելով հանրային վայրերու մէջ քրտերէնով խօսիլ կամ երգել, հարցը տակաւին չէ դադրած գլխացաւ մը ըլլալէ պետութեան համար։ Վերջին օրերուն, քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան երեսփոխաններ սկսան յառաջ քշելու երկլեզու ապրելու դրութիւն մը ու սկսան քրտերէն խօսելու խորհրդարանին մէջ նոյնիսկ։ Յայտնի էր, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ թրքերէնով ելոյթ ունենալու հարց մը ամէն բանէ առաջ ընդունելի պիտի չնկատուէր պետութեան կողմէ, եւ կարելի է մտածել, որ խորհրդարանին մէջ քրտերէն խօսելու առաջարկը որոշ չափով գրգռութիւն մը կրնայ նկատուիլ բոլոր այն շրջանակներուն կողմէ, որոնք կը յիշեցնեն, թէ Թուրքիոյ պետութեան պաշտօնական լեզուն թրքերէն է, ու խորհրդարանն ալ Թուրքիոյ ամէնէն պաշտօնական վայրերէն մէկն է։
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 15ին, լրագրողներու հարցումին պատասխանելով՝ այս նիւթին շուրջ կարծիք յայտնեց Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլը, որ դատապարտեց քրտամէտ երեսփոխաններու նախաձեռնութիւնը եւ յիշեցուց, թէ 550 երեսփոխաններ երդում ըրած են երեսփոխան ընտրուելէ ետք։
Նախագահ Կիւլ ըսաւ, որ խորհրդարանին մէջ կարելի չէ քրտերէն խօսիլ այնքան ատեն, որ փոփոխութիւններ չեն կատարուիր սահմանադրութեան երկրորդ յօդուածին ու քաղաքական կուսակցութիւններու օրէնքի 81րդ յօդուածին մէջ։ Այսինքն, այսօրուան օրէնքները թոյլատու չեն այդպիսի նախաձեռնութեան մը, ու ասիկա կրնայ մինչեւ իսկ կուսակցութիւնը փակելու պատճառ դառնալ։ «Եթէ այսպիսի առաջարկ մը գայ ինծի, ես ատիկա անմիջապէս կը փոխանցեմ սահմանադրական յանձնախումբին», ըսաւ Կիւլ՝ յստակ դիրք գրաւելով խորհրդարանին մէջ քրտերէն խօսելու առաջարկներուն դէմ։
Նմանօրինակ յայտարարութիւն մը եկաւ խորհրդարանի նախագահ Մեհմետ Ալի Շահինէն, որ բաղդատութիւն մը ըրաւ՝ Գերմանիան իբր օրինակ նշելով։ Շահին յիշեցուց, թէ Գերմանիոյ մէջ 6-7 թուրք երեսփոխաններ կան, բայց ասոնցմէ ոչ մէկը Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ թրքերէն կրնայ խօսիլ։ «Ես բոլորը խելքի ու տրամաբանութեան կը հրաւիրեմ. եթէ այսպիսի հարցերու վրայ պնդուի, ասիկա կուսակցութիւնը փակելու պատճառ կը դառնայ», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը։
Քրտամէտ կուսակցութեան պետ Սելահատտին Տեմիրթաշ եւ Տիարպեքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր կ՛ըսեն, թէ մայրենի լեզուի հարցին մէջ այլեւս պետութեան որոշումներուն պիտի չի սպասեն, ու իրենց տարածաշրջանին մէջ երկու լեզուի դրութիւն պիտի գործադրեն։ Ակնարկութիւնը միայն քրտերէնի մասին չէր. Տեմիրթաշ կ՛ըսէ, թէ շրջանի բնակչութեան համաձայն, պիտի գործածուին թրքերէն-քրտերէն, թրքերէն-արաբերէն, կամ թրքերէն-ասորերէն լեզուները. այսինքն, այդ շրջանին մէջ ո՛ր լեզուն կը գործածուի, այդ մէկը երկրորդ լեզու պիտի նկատուի։ «Մենք այդ լեզուները պիտի ապրեցնենք», կը նշէ կուսակցապետը։
Իր կարգին, քաղաքապետը հաստատեց, թէ Տիարպեքիրի մուտքին քրտերէն ու թրքերէն ցուցատախտակներ պիտի կախուին, ամէնուրեք՝ թրքերէնին քով քրտերէնն ալ պիտի գրուի, հիւրերը քրտերէնով եւս պիտի դիմաւորուին, այսինքն՝ կեանքը երկլեզու պիտի դառնայ իրենց համար։ Քաղաքապետութիւնը մինչեւ այսօր 97 գիւղեր վերադարձուց իրենց նախկին ու բուն անուններուն:
Անոնք երկլեզու դրութեան գործադրութեան հարցին մէջ իբր օրինակ կ՛ընդունին Սպանիոյ մէջ Գաթալոնիայի օրինակը, ուր սպաներէնի կողքին ժողովուրդը կը գործածէ նաեւ գաթալոններու լեզուն։ Հանրային սպասարկութեան կամ դպրոցներու մէջ գաթալոններու լեզուն ընդունուած լեզու է իբրեւ պաշտօնական լեզու։ Գաթալոնիա ինքնավար շրջան է, բայց տեղացիները հոն գաթալոններու լեզուին կողքին՝ սպաներէն ալ կը խօսին. կեանքը կ՛ընթանայ երկու լեզուներով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.