
Ժողովուրդիս հետ, Հայրենիքիս համար։
Հազարամեակներու մաքառումներէ ետք, հազարամեակներու վրայ երկարող պատմութիւն եւ քաղաքակրթութիւն մը ամբողջ կերտած հայ ազգը, իր ծոցէն ծնունդ տուաւ Դաշնակցութեան։
Հայ ազգը ծնաւ Դաշնակցութիւնը, ու արագ հասկնալով իր ծնունդի արժէքն ու կարողականութիւնը՝ անոր կապեց սպասումներ, անոր վրայ դրաւ բարձր ակնկալութիւններ։
Ակնկալութեանց մէջ տեղ գտաւ այն, որ Դաշնակցութիւնը ըլլայ արթուն պահակը ազգի շահերուն, արթուն պահակը հայ մարդու իրաւունքներուն, բայց ամէնէն կարեւորը, ակնկալութիւններուն ակնկալութիւնը եթէ կ՛ուզէք, այն՝ որ Դաշնակցութիւնը ըլլայ հայ ազգի իղձերուն, մեծ երազներուն արտայայտիչը, ըլլայ անոնց դարբինը եւ զինուորը միանգամայն։
Դաշնակցութիւնը ազգէն գահ եւ հարստութիւն չսպասեց։ Ակնկալեց մէկ բան միայն՝ ազգը շարունակէ մնալ իր ներշնչումի աղբիւրը, եւ շարունակէ ներշնչել իր ծառայական գործը։
Դաշնակցութիւնը՝ ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ, ընդունեց իրեն վրայ դրուած ակնկալութիւններն ու յոյսերը, եւ անցաւ իր երթին։
Սրբազաններ, հոգեւոր հայրեր, պրն. Գլխաւոր հիւպատոս ու սիրելի լծակից ժողովուրդ,
Այսպէս սկիզբ առաւ Ազգ-Դաշնակցութիւն անդաւաճան յարաբերութիւնը, որուն 120ամեայ պատմութեան եւ յաղթանակի տօնը կ՛արձանագրենք այսօր՝ հպարտութեամբ։
Պէտք է հասկնալ, ուրեմն, որ Դաշնակցութեան պատմութիւնը ճիշդ ըմբռնել ու հասկնալ, կը նշանակէ հասկնալ նաեւ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը։
Դաշնակցութիւնը Հայ Ժողովուրդի կուսակցութիւնն է, եւ այս՝ պարզ լօզունգ չէ։ Անոր անդամները ժողովուրդի հարազատ զաւակներն են՝ եկած բոլոր խաւերէն։ Հոն չկան առանձնաշնորհեալներ. իրենց անդամակցութիւնը ժառանգով կամ դրամով գնած մարդիկ չկան։ Չկան ցմահ նախագահներ, կամ նախագահներ ընդհանրապէս։ Հարուստն ու չ՛ունեւորը, կօշկակարն ու համալսարանի դասախօսը, ոսկերիչը թէ բժիշկը, կինը թէ այր մարդը, տարեցն ու երիտասարդը, բոլորն ալ Դաշնակցութեան նոյն օրէնքին կը հետեւին, նոյն երազներուն եւ նոյն գաղափարախօսութեան հետեւորդներն են։
Եւ այստեղ կը կայանայ արդէն Դաշնակցութեան իւրայատկութիւնը, ուր ժողովուրդի իղձերն ու միտքերը հարազատօրէն եւ չմիջնորդուած կերպով տեղ կը գտնեն կուսակցութեան մէջ, եւ ժողովուրդի սիրտին զարկերը պարզ լսելի կը դառնան անոր։
Դաշնակցութեան մէջ կեդրոնացեալ եւ կեդրոնաձիգ ղեկավարութիւն չկայ, չկայ կուսակցապետ, չկայ նաեւ անձնականացուած ղեկավարութիւն։ Ընդհակառակն. կուսակցութեան միտքը, գաղափարախօսութիւնը, անոր վարած ռազմավարութիւնը թէ մարտավարական ճկունութիւնները հիմնուած են այն խոր գիտակցութեան վրայ, թէ նոյնիսկ դաժան հալածանքի պայմաներու մէջ, նոյնիսկ Դաշնակցական մարդոց ու մանաւանդ ղեկավարներուն սեփական շահերուն գնով, անոնց «ես»ին գնով, եւ ինչու չէ, երբեմն ալ անոնց կեանքին գնով է, որ կ՛իմաստաւորուի կազմակերպութեան գործը։ Գործը, որ ապրիլն է՝ ապրեցնելու համար հայ ազգը. ապրիլ ու ապրեցնել հայ ազգի տեսլականները, որոնց խարիսխը կը հանդիսանայ հայրենիքը՝ Հայաստան աշխարհը։
Հայրենիք մը, որ անկախ է, բայց նաեւ ազատ.
Հայրենիք մը, որ անկախ է, բայց նաեւ արդար ու արդարամիտ,
Հայրենիք մը, որ անկախ է, բայց նաեւ ժողովրդավար,
Հայրենիք մը, որ անկախ է, բայց նաեւ Միացեալ եւ ամբողջական։
Ժողովուրդէն ու ժողովուրդին հետ ուրեմն, եւ հայրենիքին համար։
Կը զարմանամ, երբ հարցադրումներ կը կատարուին Դաշնակցութեան դերին եւ արժէքին մասին. պատմական դերին թէ՛ ներկայի, պատմական արժէքին թէ՛ ներկայի արժէքին։
Հայաստանի խորհրդայնացումէն անմիջապէս ետք սկիզբ առած միտքը, թէ՝ «Դաշնակցութիւնը անելիք չունի» այլեւս, շարունակուեցաւ հնչել մեր ընդդիմախօսներուն կողմէ, բայց նաեւ այլ պարզամիտ մարդոց կողմէ։ Իբրեւ թէ հիմա, որ Հայաստանը անկախ է եւ կայ հայկական պետութիւն ու իշխանութիւններ, Դաշնակցութիւնը աւարտած պէտք է համարէ իր առաքելութիւնը։ Այս, մեղմ ըսած՝ տգիտութիւն է. նուազագոյնը՝ պարզամտութիւն է, մանաւանդ կտրուած ըլլալ է մեր այսօրուան իրականութենէն, ուր ըստ իս, Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը աւելի կենսական է եւ այժմէական, քան 1921էն ասդին մեր պատմութեան որեւէ հանգրուանին։
Եթէ կշռելու եւ չափելու պիտի ըլլանք Դաշնակցութեան դերը, այդ ըլլայ պատմութեան մէջ թէ ներկայիս, կը բաւէ մտային մարզանքով մը դուրս բերել Դաշնակցութիւնը հայկական իրականութենէն, հայոց պատմութենէն, եւ պատկերացնել անցեալ 120 տարին՝ առանց Դաշնակցութեան։
Ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ Դաշնակցութիւնը գոյութիւն չունենար։
Կը կերտուէ՞ր արդեօք Հայաստանի Առաջին հանրապետութիւնը 1918ին, որ 500 տարիէ աւելի պետականութիւն չունեցող հայ ազգին իրաւական եւ միջազգայնօրէն ընդունուած պետութիւն տուաւ։ Համազգային ճիգերով ձեռքբերում մը, ուր Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը անուրանալի է նոյնիսկ ընդդիմախօսներու մօտ, որոնք երկար ժամանակ Եռագոյն դրօշը «դաշնակների դրօշ» որակեցին։
Եւ եթէ չկերտուէր Առաջին հանրապետութիւնը, ու անոր չյաջորդէր Խորհրդային Հայաստանը, կ՛ունենայի՞նք այսօր վերանկախացած հայրենիք։
Ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ Դաշնակցութիւն գոյութիւն չունենար։
Ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ 1990ականներու սկիզբը իրականանար՝ 94 տոկոսով Հայաստանի նախագահ ընտրուած մարդուն գործը՝ Արցախի գծով։ Քաղաքականութիւն մը, որ Հայաստանի խնդիրներուն մեծ մասին լուծումը կը տեսնէր Լեռնային Ղարաբաղի հարցի արագ կարգաւորման մէջ, նոյնիսկ եթէ այդ նշանակէր Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ պահել։ Եւ երբ Դաշնակցութիւնը դէմ դրաւ այս քաղաքականութեան, ան այս վերջինը «պատերազմի կուսակցութիւն» որակեց, ու շատ չանցած՝ սկսաւ ջարդելու ամէն ինչ, որուն վրայ Դաշնակցութեան զինանշանը զետեղուած էր՝ գրասենեակներ, թերթեր, նոյնիսկ հոգիներ. բայց նաեւ, իր այս քայլերով, ան լիցք տուաւ շարժումի մը, որ եկաւ վերջ դնելու իր նախագահութեան։
Ի՞նչ պիտի պատահէր, եթէ գոյութիւն չունենար Դաշնակցութիւնը, եւ անկաշկանդ գործէր Լեւոն Տէր Պետրոսեանը։
Ի՞նչ պիտի պատահէր լիբանանահայութեան, (վստահաբար այս սրահին մէջ վկաներ կան), եթէ Դաշնակցութիւնը իր մասնակցութիւնը չբերէր այդ զանգուածի ֆիզիքական ապահովութիւնը երաշխաւորելու գործին, եւ աւելի վերջ՝ անոր քաղաքացիական իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ։
Իսկ ի՞նչ պիտի պատահէր սփիւռքեան այլ կառոյցներու, այլ համայնքներու, եթէ Ակնունին չգործուղուէր հիմնելու հայոց իրականութեան ամէնէն հեղինակաւոր եւ ծառայասէր կանացի կազմակերպութիւնը՝ Հայ Օգնութեան Միութիւնը, եւ Օգնութեան Խաչի միաւորները:
Եթէ տեղւոյն Դաշնակցութեան որոշումով, 1944ին, թեհրանաբնակ խումբ մը երիտասարդներու ջանքերով չհիմնուէր «Արարատ» միութիւնը։ Ի՞նչ որակ կ՛ունենար իրանահայութեան կեանքը երէկ. ի՞նչ որակ կ՛ունենար ան այսօր։
Եթէ Բիւրօն չգործուղէր Գարեգին Նժդեհը Ամերիկա, որպէսզի կազմակերպէ Հայ երիտասարդութիւնը, եւ որպէսզի ձուլումի վտանգին առջեւ կանգնած մասսայէն պայքարունակ երիտասարդութիւն կերտուի։
Եւ վերջապէս, եթէ գոյութիւն չունենար Դաշնակցութիւնը, եւ ասկէ տարի, տարի ու կէս առաջ աշխարհով մէկ չկազմակերպուէր «Ոչ»ի շարժումը, եւ Հայաստանի նախագահը անկաշկանդ կարենար իրականութեան վերածել «Հայ-թուրք փրոթոքոլներ» կոչուած աւերիչ համաձայնագիրը. բան մը, որուն վերջնական խորտակումը դեռեւս կը մնայ մեր օրակարգին վրայ, բայց որուն տուն տուող քաղաքականութեան գծով, կը յուսանք, որ նոյնինքն նախագահը վերանայումի ընթացքի մէջ ըլլայ։
Ի՞նչ կը պատահէր, եթէ Դաշնակցութիւնը գոյութիւն չունենար։
Փաստը կը մնայ փաստ. այն, որ եթէ գոյութիւն չունենար Դաշնակցութիւնը, իր պատմութեան ընթացքին թէ անոր հանգրուաններէն իւրաքանչիւրին, ես կասկած չունիմ որ հայ ազգին նման հանճարեղ ու պայքարունակ ազգը՝ դարձեալ պիտի ծնէր Դաշնակցութիւն մը, ու անոր յանձնէր նո՛յն պատասխանատուութիւններն ու առաքելութիւնը, որոնք այսօր մերն են։
Առաքելութիւն՝ ըլլալու ժողովուրդիս հետ, հայրենիքիս համար։
Պահ մը իսկ չխորհինք, թէ Դաշնակցութեան լաւին է, որ կ՛ուզեմ անդրադառնալ միայն։ Կ՛ուզեմ ակնարկել նաեւ վատին, կամ աւելի ճիշդը՝ ոչ այնքան լաւին, նաեւ՝ սխալներուն։ Եւ ո՞ր գործողն է, որ չի սխալիր։
Սակայն բարեբախտաբար, կուսակցութիւնը տոկմաներու եւ կարծրատիպներու կազմակերպութիւն չէ։ Հոն չկան, եւ պէտք չէ որ գոյութիւն ունենան թապուներ։
Վերաքննելի է ամէն ինչ։
Վերարժեւորելի է ամէն ոք, ամէն գործող մարմին։
Կը սայթաքին դաշնակցական մարդիկ, կը սայթաքին ղեկավարներ, անխնայ կ՛ըլլայ կազմակերպութիւնը՝ այդ սայթաքումին ի տես։
Դաշնակցութեան կառոյցը, դրուածքը, կանոններն ու աւանդութիւնները այնպէս են, որ կազմակերպութեան շարքայինները շարունակաբար եւ ժողովրդավարական կարգով, երբեմն ալ շեշտուած յախուռնութեամբ (եւ ծայրայեղութեամբ) կ՛արժեւորեն ընդհանուրին ընթացքը, եւ ի հարկին՝ կը սրբագրեն։
Դաշնակցութիւնը ինքնաբաւ ըլլալու համար հիմնադրամներ չունի. թէ յուսախաբ է ժողովուրդը, կը պակսի նաեւ զօրակցութիւնը, նիւթական միջոցները։ Մէկ խօսքով, Դաշնակցութիւնը, բարեբախտաբար, ինքն իր մէջ կծկուելու առիթը չունի։ Եթէ կծկուի, չբացուի, չբաժնէ ու չհաղորդէ, իր գործունէութեամբ չտպաւորէ եւ չբաւարարէ՝ կը հիւծի ան եւ կը մեռնի։
Այս յատկութիւնն է, որ Դաշնակցութեան առողջութեան եւ գօտեպնդուածութեան գլխաւոր գաղտնիքն է։ Այս իւրայատկութիւնն է, կարգապահութեան զուգահեռ, որ ղեկավարութիւնը եւ գործող մարմինները հաշուետու կը դարձնէ շարքերուն մօտ, իսկ կուսակցութիւնը՝ հաշուետու ժողովուրդին մօտ։ Միշտ ու միշտ, յանուն ժողովուրդին, յանուն Հայրենիքին։
Սիրելիներ,
Այսօր տագնապի մէջ է հայ քաղաքական միտքը, եւ ինքնաբերաբար նաեւ՝ ազգի քաղաքական օրակարգը։
Տագնապը, որուն կ՛ակնարկեմ, տնտեսական ճգնաժամին չ՛առնչուիր. Հայաստանի տարածաշրջանային խնդիրներէն չի բխիր, ոչ ալ ներքաղաքական քաշկռտուքներու արդիւնք է։
Այսօր, մեր ազգային գլխաւոր խնդիրը, տագնապը, սկզբունքային խնդիր մըն է։ Հարցը բախումն է երկու մտածողութիւններու, որուն արդիւնքն ու հետեւանքը պիտի ճշդեն, թէ ինչպիսի՛ ապագայ կ՛ունենան մեր ազգն ու հայրենիքը։
Մէկ կողմէն, կայ այն, զոր ես պիտի կոչեմ «բաւարարուածութեան մտածողութիւն»։ Այս մտածողութեան տէր հայեր հակուած են ընդունելու հրամցուածը, գոյութիւն ունեցող իրավիճակները այնպէս, ինչպէս որ կան, եւ զանոնք կոչելու իրականութիւն, իսկ անոնց մտածողութիւնը՝ իրատեսութիւն։ Ընդունիլ հրամցուածը՝ հրամցնողը ըլլայ գերպետութիւն մը, Հայաստանի հարեւան թշնամի պետութիւն մը, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները, իրենց անբաւարար քաղաքականութեամբ:
Այս մտածողութիւնը բաւարարուած է Հայաստանի 29,000 քառ. քիլոմեթրով, եւ հակուած է նահանջելու մեր ազգի պատմական իրաւունքներէն ու պահանջներէն, որովհետեւ անոնք իրատեսական չեն։
Այս մտածողութիւնը կ՛ընկրկէր Խորհրդային Միութեան հզօրութեան եւ անոր գործակալներուն առջեւ, կ՛ընկճուի նաեւ այսօր ամէն անգամ, երբ Թուրքիոյ տողանցող բանակին եւ թանկերուն ականատես կը դառնայ, կամ Հայաստանի մաֆիոզներու հաստավիզ թիկնապահներուն շունչը կը զգայ իրեն վրայ։
«Բաւարարուածութեան մտածողութեան» տէր են կամ մարդիկ, որոնք անմիջական շահ ունին հրամցուած ու ստեղծուած կացութեան մէջ, կամ ալ բարեմիտ, բայց խեղճացած հայեր են, որոնց մօտ ճնշուած ու խեղդուած է աւելի լաւը պատկերացնելու (ալ ուր մնաց պայքարելու) ամէն կարողութիւն։
Միւս կողմէն կայ, եւ առաջինին հետ բախման մէջ է, «պահանջատիրութեան մտածողութիւնը»՝ ազատատենչութեան մտածողութիւնը։
Այս մտածողութեան մէջ եմ ես, վստահաբար դուք, այստեղ է Դաշնակցութիւնը, եւ այստեղ են հայութեան բոլոր ողջմիտ զանգուածները՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։
Այս մտածողութեան գլխաւոր միտքը այն է, թէ հայ ազգը եւ հայ մարդը, առհասարակ, արժանի են աւելիին քան կայ այսօր, աւելի լաւին քան տրուած է մեզի այսօր։ Այս միտքը եւ մտածողութիւնը բաժնողները նաեւ յանձնառու են խօսելու, պահանջելու աւելին եւ պայքարելու աւելիին համար, որովհետեւ կը հասկնան, թէ հրամցուածը միշտ անբաւարար է, այնքան ատեն, որ մարդ կամ ազգ մը չեն հասած իրենց իտէալներուն։
Եւ մենք, չենք հասած մեր իտէալներուն. չենք բաւարարուած.
Այս մտածողութիւնը կը մերժէ մեր ազգային պահանջատիրութեան խփող հինցած այն միտքը, թէ կան պետական շահեր, որոնք իրատեսութեան դրսեւորում են, եւ կան ազգային շահեր, որոնք զգացողական յղացումներ են։
Սուտ է սա, սիրելիներ։
Հայաստանի եւ հայութեան պարագային, կարելի չէ տարբերակել պետական շահի եւ ազգային շահի միջեւ։ Պետութիւնը անկախ օրկանիզմ չէ, պէտք չէ որ ըլլայ, այլ ժողովուրդի իղձերուն արտայայտիչն է եւ շահերուն ծառան։ Ուստի կայ շահերու մէկ ամբողջութիւն, կայ Հայ ազգային շահ ու շահեր։
Չկան Հայաստանի քաղաքացիի շահեր, ու միւս կողմէ՝ սփիւռքահայու շահեր, որքան ալ այդպէս թելադրեն մեզ իրաւագիտական կամ տեսաբանական կանոնները։
Մենք, վաղուց խախտած ենք այդ կանոնները, փշրած ենք այդ տեսութիւնները։
Զանոնք փշրեցինք 19րդ դարուն տակաւին, երբ մեր համազգային մտածողութեամբ ու ապա ճիգերով, ցոյց տուինք, թէ չկայ Արեւելահայութեան դատ ու Արեւմտահայութեան դատ, այլ՝ մէկ դատ, Հայկական Դատ։
Փշրեցինք կանոնները, երբ Եղեռնի յիսնամեակին, միլիոնով եւ ամէն վտանգ աչքի առած՝ Երեւանի փողոցներուն մէջ մեր հայրենակիցները Թուրքիայէն պահանջատէր ներկայացան, մե՛ր հողերը եւ ազգին իրաւունքները պահանջեցին։
Դարձեալ, որովհետեւ կայ մէկ շահ՝ Ազգային շահ։
Փշրեցինք կանոնները, երբ սփիւռքահայութիւնը՝ որպէս մէկ, միացաւ Հայաստանի իր քոյրերուն եւ եղբայրներուն եւ միջոց տրամադրեց, զինուոր տրամադրեց յանուն Արցախի ազատագրութեան դատին։ Որովհետեւ կայ մէկ շահ, միացեալ շահեր, ազգային շահեր։
Փշրեցինք երէկ, այսօր եւս կը փշրենք որեւէ կանոն, որեւէ տրամաբանութիւն կամ մտածողութիւն, որ ազգի մէկութիւնը կամ ազգային շահերու ամբողջականութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դարձնէ։
Ազգի մէկութիւնը, ազգի միասնութիւնը՝ կառոյցներով, կանոնակարգով, անձնագիրով մը, նախարարութեամբ մը կամ բեմադրուած խորհրդաժողովներով նուիրականացնելէ առաջ ու անոնցմէ աւելին, ազգի մէկութեան գաղափարախօսութեան վրայ պէտք է յենուի։
Պիտի յենուի այն գաղափարին վրայ, որ հայը ո՛ւր ալ գտնուի, աշխարհագրական ի՛նչ տարածքի վրայ ալ կայք հաստատած ըլլայ, Մասիսի լանջին թէ Թեհրանի մէկ անկիւնը, Արցախի մէջ թէ Կլենտէյլի, ան տէրն է, համահաւասա՛ր տէրն է Հայաստանի։ Տէրն է ու զինուիրագրեալը՝ միատեղ։
Հայը, ուր ալ ապրի ան, տէրն է համահայկական երազին, որ իր ամէնէն պայծառ, ամէնէն բաւարարող եւ ամէնէն արդար տեսքը կը ստանայ՝ Միացեալ եւ Ամբողջական Հայաստանով մը, Արեւմտահայաստանով, Արցախով, Ջաւախքով. Հայաստան՝ ուր իշխէ արդարութիւնն ու արդարամտութիւնը. Հայաստան՝ ուր անօթի քուն չմտնէ ոեւէ հայ երեխայ։ Ուր կինը համահաւասար իրաւունք ունենայ։
Հայ ազգը, իր ետին է թողած իր պատմութեան վատագոյն օրերը, ու իր հայեացքները ուղղած է ապագային։ Եւ բնականաբար, երբ կը նայինք ապագային, մեր հայեացքները կ՛երթան երիտասարդութեան։ Կ՛ընթերցեմ.
«Պէտք է նկատի ունենալ, որ արտասահմանեան այսօրուան պայմաններուն, մէկին իսկական դաշնակցական դարձնելը այլեւս այնպէս դիւրին չէ, ինչպէս որ էր երէկ, երկրի մէջ։ Այնտեղ դաշնակցականը իր կուսակցական աշխատանքն սկսում էր, կարելի է ասել՝ հէնց առաջին օրից գործօն պայքարի թոհ ու բոհի մէջ նետուելով, յաճախ հրի ու սրի դէմ կանգնելով։ Այստեղ, արտասահմանում, յեղափոխական գործի նպաստաւոր պայմանները չկան, եւ դրա համար, կրկնակի եւ եռակի աշխատանք է հարկաւոր Դաշնակցութեան շարքերը դիմող երիտասարդներին կուսակցական գիտակցութեան բերելու, նրա քաղաքական մտածողութիւնը յստակացնելու եւ կարգապահութեան ու պարտաճանաչութեան ոգին նրա մէջ մշակելու համար»։
Այս տողերը, այս տարի կամ անցեալ տարի չգրուեցան. չգրուեցան 5 կամ 10 տարի առաջ, այլ՝ 80 տարիներ առաջ՝ 1930ին, Դաշնակցութեան մեծերէն՝ Արշակ Ջամալեանի կողմէ։
Պատմութիւնը ցոյց տուաւ, թէ անտեղի էին գաղափարախօսին մտահոգութիւնները։ Որովհետեւ, անցեալ 80 տարիներուն, իւրաքանչիւր երիտասարդական սերունդ՝ (իրարու ետեւ) եկաւ իրմէ առաջուանին գործը ստանձնելու եւ զայն գերազանցելու։
Այսօր, այստեղ կանգնած, որպէս վկայ եւ որպէս ականատեսը երիտասարդութեան միտքին ու աչքերուն մէջ կարդացածիս, կը վստահեցնեմ ձեզի, որ այսօրուան մեր երիտասարդութիւնը եւս ունի հանճարամտութիւնը, պայծառամտութիւնը եւ վճռակամութիւնը՝ արդարացնելու իր վրան դրուած յոյսերը։
Կերտելու այն, ինչ մենք չհասցուցինք կերտել. այն, ինչի մասին մենք երազեցինք ու ինչի համար պայքարեցանք, բայց չկարողացանք ձեռք բերել։
Երիտասարդութիւնն է մեր յոյսը։
Երիտասարդութիւնն է մեր յոյսը. ա՛ն է որ մեզ պիտի մաքրէ։
Երիտասարդութիւնն է մեր յոյսը. ա՛ն է որ մեզ պիտի փրկէ։
Երիտասարդութիւնն է մեր յոյսը։
Յոյսը՝ պայծառացող եւ աւելի արդար Հայաստանի։
Յոյսը՝ հզօրացող Սփիւռքին։
Յոյսը՝ պահանջատէր եւ ազատատենչ Հայ ազգին։