Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Պնդութիւնը տեղի կ՛ունենայ երկու ձեւերով.
Ա. Սուր (acute) պնդութիւն, որ կը պատահի անակնկալօրէն եւ կը տեւէ քանի մը օր:
Բ. Մնայուն (chronic) պնդութիւն, որ երկարատեւ է եւ տեղի կ՛ունենայ ընդհատումներով:
Սուր պնդութիւնը կը յառաջանայ աղիքային անակնկալ մասնակի կամ ամբողջական խցումով, որուն պատճառներն են՝
1. Հաստ աղիքի մկաններու անակնկալ եւ սուր կծկում ու պրկում.
2. Սուր աղեթափութիւն (hernia).
3. Գլխու, ուղեղի եւ ողնահարի հարուած-վնաս.
4. Որովայնամաշկի բորբոքում (peritonitis).
5. Ընդհանուր զգայազրկում (general anasthesi).
6. Ճամբորդութիւն.
7. Սուր ջրանուազում (dehydration).
Երկարատեւ-մնայուն պնդութիւնը կը յառաջանայ հետեւեալ հիւանդագին երեւոյթներով՝
1. Հաստ աղիքի մկաններու կծկումներու եւ շարժումներու երկարատեւ դանդաղում եւ տկարացում: Ան կը տեսնուի որեւէ տարիքի, առաւելաբար՝
ա. Տարեցներու մօտ.
բ. Անկողինի դատապարտուած հիւանդներու մօտ.
գ. Նստակեացներու եւ անշարժներու մօտ.
2. Որոշ դեղերու գործածութիւն, ինչպէս՝
ա. Ցաւազրկումի (analgesic), զգայազրկումի (anasthetic) դեղեր՝ morphine codeine.
բ. Հակա-թթուութեան դեղեր (antacids), որոնք կը պարունակեն aluminium եւ կիր.
գ. Հակաընկճուածութեան (antidepressant) եւ հակացնցումի (anticonvulsive) դեղեր
դ. Մեծ քանակութեամբ բուժական (medical) երկաթի գործածութիւն.
է. Լուծողականներու երկարատեւ գործածութիւն.
3. Մարմնական զանազան հիւանդութիւններ,
ա. Ենթաւահանագեղձութիւն (hypothyroidism).
բ. Գերկիրութիւն (hypercalcemia).
գ. Երիկամներու աշխատանքի երկարատեւ տկարութիւն (uremia).
դ. Ուղեղա-ողնահարային խանգարումներ.
ե. Շաքարախտ.
զ. Երկարատեւ աղեթափութիւն.
է. Աղիքներու ծուլութիւն եւ ջղագրգիռ հաստ աղիք (spastic colon).
ը. Աղիքներու ծոցակաբորբ (diverticulosis).
թ. Հաստ աղիքի խլիրդ.
4. Յետվիրաբուժական աղիքներու սպիացում (scaring), փակչում (adhesions) եւ նեղացում (strictures).
5. Հոգեբանական հիւանդութիւններ.
6. Կղկղումի անբնական սովորութիւն.
7. Յօռի սննդառութիւն (malnutrition).
ա. Քիչ բնաթել (fiber) պարունակող սննդեղէններու սպառում.
բ. Մեծ քանակութեամբ ճարպ պարունակող սննդանիւթերու սպառում.
8. Երկարատեւ-մնայուն ջրազրկում.
ա. æուրի եւ այլ տեսակ հեղուկներու բնականէն նուազ սպառում.
բ. Ալքոլի, սուրճի եւ Cola զովացուցիներու առատ սպառում.
Հոս տեղին է մատնանշել, որ պնդութեան ամէնէն յաճախակի պատճառներն են՝ յօռի սննդառութիւն, նստակեաց կեանք-անշարժութիւն, ջուրի անբաւարար սպառում եւ կարգ մը դեղերու երկարատեւ գործածութիւն:
Պնդութենէ տառապող հիւանդը պէտք է ենթարկուի բժշկական մանրակրկիտ քննութիւններու, որպէսզի կարելի ըլլայ գիտնալ անոր հիմնական ախտապատճառը: Այս քննութիւններէն կարելի է յիշել՝
1. Մարմնական բժշկական ընդհանուր քննութիւն.
2. Ուղիղ աղիքի մատնաքննութիւն (rectal digital examination).
3. Որովայնի (abdomen) եւ աղիքներու Ք ճառաքայթային նկարահանում, համակարգչային նկարահանում (CT-Scan) եւ մագնիսարձականգային նկարահանում (MRI).
4. Հաստ աղիքի դիտակում (colo-noscopy).
5. Արեան եւ կղկղանքի տարրալուծարանային քննութիւններ.
Սուր պնդութիւնը կը կարօտի անմիջական արժեւորումի, մանաւանդ՝ երբ անոր կ՛ուղեկցին նաեւ նախաղիի զօրաւոր արիւնահոսում, որովայնային սուր ցաւ եւ պրկումներ, նողկանք ու փսխունք:
Մնայուն-երկարատեւ պնդութեան պարագային յարկ է որ կատարուի բժշկական ամբողջական եւ մանրամասն քննութիւններ:
Պնդութեան դարմանումը կը կատարուի հետեւեալ միջոցառումներով՝
1. Առողջ սննդականոն՝ ուտել առատ բնաթել պարունակող սննդանիւթեր, այսինքն՝ պտուղներ եւ կանաչեղէններ.
2. Ամէնօրիայ օրինաւոր մարզանք.
3. Առատ ջուրի սպառում.
4. Դեղամիջոցներ՝
ա. Կղկղանքը կակուղցնող-լուծողական դեղեր.
բ. Նախաղիի ներդրումներ եւ գրեխ.
գ. Հաստ աղիքի մկաններու կծկում յառաջացնող դեղեր.
5. Կուտակուած-թխմուած կղ-կղանքի մատներով արտահանում (finger disimpaction).
6. Հիմնական հիւանդութեան դարմանում՝ դեղերով եւ կամ վիրաբուժական գործողութիններով:
Պնդութիւն ունեցող անձը միաժամանակ կրնայ ունենալ այլ ախտանշաններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝
1. Մերթ ընդ մերթ փորհարութիւն.
2. Փորի ուռուածութիւն,
3. Անմարսողութիւն,
4. Ախորժակի կորուստ.
5. Նախաղիի արիւնահոսութիւն:
Սուր եւ երկարատեւ պնդութեան հետեւանքով կրնան պատահիլ կարգ մը բարդութիւններ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝
1. Սրբանի վիրաւորում-պատրուածք եւ Ճեղք (fissure), որոնք կը պատճառեն զօրաւոր ցաւ.
2. Ուղիղ աղիքի արտանկում (prolapse).
3. Հաստ աղիքի ծոցակ (diverticulosis), որ կը պատահի ընդհանրապէս երկարատեւ պնդութեան պարագային.
4. Աղիքներու ամբողջական եւ կամ մասնակի խցում.
5. Թութք (hemorrhoids).
6. Աղեթափութիւն.
7. Հաստ աղիքի բորբոքում, գրգռութիւն եւ պրկուածութիւն.
Կարելի՞ է կանխարգիլել պնդութիւնը: Անշուշտ որ կարելի է որոշ չափով եւ այդ հետեւեալ կանխացգուշութիւններով՝
1. Հակապնդութեան դեղեր շատ չգործածել.
2. Մարմնամարզանքի հետեւիլ ամէն օր.
3. Առատ ջուր խմել.
4. Հետեւիլ առողջապահական սննդականոնի՝ ուտել առատ բնաթել պարունակող կանանչեղէններ եւ պտուղներ, ինչպէս՝ թուզ եւ սալոր.
5. Ունենալ կղկղանցումի օրինաւոր ժամանակացոյց.
Պնդութենէ տառապող հիւանդը բժիշկին պէտք է դիմէ անյապաղ հետեւեալ պարագաներուն՝
1. Պնդութիւնը անակնկալօրէն կը պատահի որոշ դեղի մը գործածութենէն ետք.
2. Պնդութեան կ՛ուղեկցին հետեւեալները՝
ա. Նախաղիի ուժգին արիւնհոսում.
բ. Բարձր ջերմ.
գ. Սուր փորի ցաւ, փսխունք եւ նողկանք.
դ. Թարախոտ կղկղանք.
3. Որեւէ մէկ փոփոխութիւն կղկղանքի կազմաւորման, ծաւալի, գոյնի եւ կղկղանցումի յաճախկանութեան.
(Շար. 2 եւ վերջ)