ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ, Դեկտեմբեր 14ին տեղի ունեցաւ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» խորագիրով ծրագիրի 2010ի աւարտական հանդիսութիւնը, որուն նպատակն է՝ սփիւռքահայ անուանի գործիչներու, մեծանուն հայորդիներու մեծարմամբ նոր սերունդին մէջ զօրացնել հայրենասիրութեան ու հայրենաշինութեան առաքինութիւնը:
Ծրագիրին ծիրէն ներս, նոյն օրը, սփիւռքի նախարարի որոշումով ու հրամանագիրով, ՀՀ ժողովրդական արուեստագէտ Ազատ Գասպարեան ու ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Սիլվա Եուզբաշեան արժանացան «Ուիլեըմ Սարոյեան» շքանշանին: ««Մեր մեծերը» կոչուող ծրագիրի շրջանակներում ուղղակի անկարելի է այս մարդկանց չշնորհել այս մեծ գրողի անուան մետալները, որովհետեւ նրանց վաստակը մեր արուեստում եւս շատ մեծ է», իր խօսքին մէջ յայտնեց Հրանոյշ Յակոբեան։
Խօսելով Սփիւռքի մասին՝ նախարարը ըսաւ. «Ինչպէս Աստուած է սիրում Երրորդութիւնը, այնպէս էլ մեր ազգին է երրորդութեամբ օժտել՝ Հայաստան, Սփիւռք, Արցախ. այս եռամիասնութիւնը յարատեւ է», աւելցնելով, որ Սփիւռքը հայ ժողովուրդին պատիւն է, որովհետեւ բոլոր սփիւռքահայերը հոգ կը տանին մեր արժանապատուութեան համար, Արցախը հայ ժողովուրդի խիղճն է, որովհետեւ բոլորը կը պայքարին անոր համար, իսկ Հայաստանը ժողովուրդին ոգին է եւ յոյսը: «Հետեւաբար պատիւը, խիղճն ու յոյսը պէտք է միահիւսուած՝ մեզ տանեն դէպի յարատեւութիւն», յայտնեց Հ. Յակոբեան: