ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Դեկտեմբեր 7ին, առաւօտեան ժամը 10։15ին, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի երկրորդականի աշակերտները ուղղուեցան դէպի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցի, յարգելու համար Հայաստանի աղիտալի երկրաշարժին զոհուածներուն յիշատակը։ 22 տարի անցած է 1988 Դեկտեմբեր 7էն, սակայն տակաւին գիտակցութեամբ ու ակնածանքով, մեր աշակերտները ամէն տարի կը յարգեն յիշատակը Հայաստանի հիւսիսային բաժինը հարուածած երկրաշարժի զոհերուն։
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի աշակերտութիւնը, տնօրէն՝ Նազօ Աբանեանի, տեսուչի եւ ոուսուցիչներու առաջնորդութեամբ, երկու հանգրուանով ուղղուեցան եկեղեցի։ Նախ բարձրագոյն կարգերու, ապա 3-5րդ կարգերու աշակերտները յարգանքով հասան եկեղեցի, եւ Հոլիվուտի հոգեւոր առաջնորդ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի առաջնորդութեամբ սկսան Տէրունական աղօթքով: Ապա, տէր հայրը համապարփակ կերպով խօսեցաւ առհաւիրքի այդ օրերուն եւ պահերուն մասին՝ մատնանշելով, թէ նման բնական աղէտներու պարագային, մարդ անզօր կը մնայ։
Քահանահայրը աշակերտներուն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս ամբողջ աշխարհի հայերը օգնութեան ձեռք մեկնեցին դէպի հայրենիք՝ դէպի Սպիտակ եւ Լենինական։ Ամբողջ աշխարհը նաեւ օգնութեան հասաւ, եւ անօգնական վիճակի մէջ եղող մարդիկ միայն կրնային մխիթարուիլ զանազան երկիրներէ հասած բազմահազար օժանդակութիւններով եւ մարդկային ջերմ վերաբերմունքով։ Անտուն, անօթի, անօգնական մարդիկ, ձմրան ցուրտին եւ ձիւնին ամէն ձեւի օգնութեան կարիքը ունէին։
Աշակերտները ամբողջական գիտակցութեամբ եւ ուշադրութեամբ կը հետեւէին տրուած տեղեկութիւններուն։ Անոնց աչքերուն մէջ կարեկցանքի ու մարդկային զգացումներու ազնուագոյն ապրումները շատ ակնյայտ էին։
Ապա, հոգեհանգստեան կարճ արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ երկրաշարժի զոհերու յիշատակին. «Հայր Մեր»ի արտասանութենէն ետք աշակերտները հեռացան եկեղեցիէն՝ իրենց մոմավառութեամբ եզրակացնելով յարգանքի իրենց վերջին տուրքը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.