ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհարանի պաշտօնական հիւրերու շարքին էր Լիբանանի մօտ Աւստրալիոյ նորանշանակ դեսպան Լեքս Պարթլեմ:
Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունելով դեսպան Պարթլեմը՝ անոր ներկայացուց Լիբանանի համայնքային կառուցուածքին ընդհանուր շրջագիծը:
Խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ առաւելաբար Միջին Արեւելքի կացութեան, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան վրայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.