ԵՐԵՒԱՆ.- Դեկտեմբեր 20ին, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց յայտնի ցեղասպանագէտ, ԱՄՆի ժամանակակից հայկական հետազօտութիւններու «Զօրեան» հիմնարկի ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու ընդհանուր ծրագիրի պատասխանատու-տնօրէն Վահագն Տատրեանը:
Տատրեան իր կեանքին մեծ մասը նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ աղբիւրագիտական աշխատութիւններ հրապարակելու՝ օգտագործելով օսմանական, գերմանական եւ այլ աղբիւրներ: Վ. Տատրեանի վերջին գործն է՝ «Հայկական Ցեղասպանութեան քրէական դատական հետապնդումը՝ յետպատերազմեան թրքական ռազմական ատեանի միջոցով» աշխատութիւնը:
Ողջունելով հիւրը՝ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց նախարարութեան գործունէութիւնը եւ յառաջիկայ ծրագիրները, անդրադառնալով նախարարութեան կազմակերպած համահայկական համաժողովներուն, որոնց նպատակն է համախմբել Սփիւռքի ներուժը, օգտագործել զայն Հայաստանի հանրապետութեան զարգացման եւ հզօրացման գործին մէջ: Զրուցակիցները կարեւոր համարեցին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը իրաւական տեսանկիւնէ քննարկելու անհրաժեշտութիւնը:
Հայոց Ցեղասպանութեան գիտական հետազօտութեան գործին մէջ մեծարժէք ներդրում ունենալուն եւ գիտական իր հարուստ ժառանգութեան համար, Վահագն Տատրեան պարգեւատրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Ոսկէ մետալ»ով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.