«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ ՄԱԿի նախկին դատաւոր, բրիտանացի փաստաբան ու Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման կողմնակից Ճեֆրի Ռապըրթսըն դարձած է «Ուիքիլիքս» կայքէջի հիմնադիր Ճուլիան Ասանժի փաստաբանը։
Ռապըրթսըն Աւստրալիոյ մէջ իր արձակուրդը ընդհատելով՝ վերադարձած է Լոնտոն՝ պաշտպանելու համար «Ուիքիլիքս»ի հիմնադիրը:
Ճեֆրի Ռապըրթսըն երկար տարիներու ընթացքին ուսումնասիրած եւ ապացոյցներ հաւաքած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։ Բրիտանիոյ հայ համայնքի խնդրանքով, ան անցեալ տարի հրապարակած էր իր իրաւաբանական եզրակացութիւնը, որուն մէջ կ՛ըսէ, թէ 20րդ դարու սկիզբը Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու ոչնչացումը ցեղասպանութիւն էր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.