ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մեր օրերու քաղաքական աշխարհի մեծագոյն առեղծուածը դարձած է կառավարման համակարգերու փտածութիւնը կամ, ինչպէս որ ընդհանրացած է ըսել, խաթարուածութիւնը (corruption-ը, ինչպէս որ զայն կ՛անուանեն՝ քաղաքական այս հիւանդութեան դէմ առաջին ահազանգը հնչեցնող ամերիկացիները, կամ՝ կոռուպցիան, ինչպէս որ Հայաստանի մէջ «հայացուած» է… բառեզրը)։
Առեղծուածի վերածուած է, որովհետեւ կոռուպցիայի դէմ պայքարի ելած են ոչ միայն անոր զոհերը, ոչ միայն քաղաքական խաթարուածութեան հետեւանքով ոտնակոխուած խաւերը, այլեւ ու յատկապէս փտախտի տարածման ու արմատաւորման գլխաւոր պատասխանատուները եւ յանցագործները։
Այսպէ՛ս, պաշտօնի ու դիրքի չարաշահման, կաշառքի ու զեղծարարութեան, մաքսանենգութեան եւ հարկային խուսավարումի, դրամաշորթութեան եւ հարստահարութեան, մենաշնորհներու եւ ստուերային իշխանութեան խարդաւանքի, ինչպէս նաեւ ու մանաւանդ հանրային կարծիքի եւ ժողովրդային կամքի հակակշռման ու նենգափոխման ուղղակի թէ անուղղակի մեքենայութիւններով արմատաւորուած քաղաքական փտածութիւնն ու խաթարուածութիւնը կը քննադատուին ու կը դատապարտուին ոչ միայն հասարակութեանց իրաւազրկեալ ու անպաշտպան խաւերուն եւ անոնց բողոքի ձայնը արտայայտող ուժերուն կողմէ, այլեւ ու անբացատրելիօրէն՝ նոյնինքն այդ չարեաց աղբիւրն ու գլխաւոր պատասխանատուն հանդիսացող բուն յանցագործներուն կողմէ։
Անշուշտ ո՛չ կոռուպցիան եւ ոչ ալ անոր դէմ պայքարը նորութիւն են մարդու եւ քաղաքակրթութեանց զարգացման պատմութեան համար։ Հնագոյն ժամանակներէն սկսեալ եւ տարբեր հասարակութեանց մէջ, գոյութիւն ունեցած են քաղաքական փտախտի եւ անոր վնասազերծման համար պայքարի դրսեւորումները։
Նաեւ քսաներորդ դարուն, երբ խաթարուած ու իր անկման փուլին յանգած հին աշխարհին փոխարէն՝ աւելի ազատ ու արդար հիմերու վրայ նոր աշխարհի մը կառուցման պայքարը իր յախուռն մակընթացութեան շրջափուլը կ՛ապրէր, իշխանութեան համակարգին եւ մանաւանդ բացարձակ իշխանութեան հետ եկող քաղաքական խաթարուածութիւնը բացայայտ իր աւերը գործեց։ Ժողովուրդներու եւ զանգուածներու յեղափոխական պոռթկումներով նուաճուած ժողովրդավարական իշխանութեան, ազատութեան եւ արդարութեան դիրքերը ուշ կամ կանուխ տեղատուութեան դատապարտուեցան։
Այսպէս կոչուած Բազմաբեւեռ, բայց խորքին մէջ Երկբեւեռ Աշխարհակարգը չտոկաց ժամանակի քննութեան, որովհետեւ կոռուպցիան կառավարման տարբեր համակարգերուն մէջ բոյն դրաւ եւ ժողովուրդի թէ աշխատաւորութեան անունով հաստատուած իրաւակարգերը միայն օրէնքի տառի եւ կեղծ նշանաբանի վերածեց։ Իսկութեան մէջ կեանքի կոչուեցան, Օրուէլի ախտորոշումով, իշխանութեան «Ագարակ»ներ, ուր իշխեց Անտառի Օրէնքը եւ զօրաւորը թոյլին ու տկարին պարտադրեց ամէն կարգի իր կամայականութիւնները։
Պատմական հոլովոյթի այս խորապատկերին առջեւ՝ կարելի՞ է յուսալ, արդեօք, որ 21րդ դարուն մարդկութիւնը աւելի բախտաւոր ըլլայ։
Էապէս միաբեւեռ իր ուղղուածութեամբ Նոր Աշխարհակարգը պիտի կարենա՞յ մարդկութիւնը դուրս բերել քաղաքական փտախտի եւ անոր դէմ անյոյս պայքարի ոլորապտոյտէն, որ արդէն օրինաչափ երեւոյթ եւ ծինային ախտանիշ սկսած է դառնալ հասարակութիւններու պետական կազմակերպման համար։
Վճռահատող պատասխանը կրնայ տալ միայն ինք ժամանակը, որ ըստ ամենայնի կը մնայ միակ անկաշառ ու անխարդախ վկան հակակոռուպցիոն պայքարին ներգործութեան ու արդիւնաւորումին։ Միայն ժամանակը պիտի կարենայ ցուցադրել շօշափելի ու անվիճելի ապացոյցները քաղաքական փտախտին դէմ աշխարհով մէկ պաշտօնապէս հռչակուած պայքարին կա՛մ յաղթական արդիւնաւորման, կա՛մ անհեռանկար ձախողութեան։
Միայն ժամանակի քննութենէն անցնելէ ետք, Նոր Աշխարհակարգի մենակալ դրօշակիրները կրնան համոզել ողջ մարդկութիւնը, որ կոռուպցիայի դէմ իրենց յայտարարած պայքարը սոսկ մարտավարական գրոհ մը չէ համատարած խաթարուածութեան մէջ իրենց մրցակիցներուն վրայ՝ բացարձակ իշխանութեան «մեղքի պտուղները» միայն իրենց եւ իւրայիններուն վերապահելու, սեփական յղփացման ծառայեցնելու համար…
Իսկ այն, որ մեր աչքերուն առջեւ տեղի կ՛ունենայ միջազգային տարողութեամբ եւ ցուցանիշ է կոռուպցիայի շարունակման՝ Նոր Աշխարհակարգի յատուկ խորքով, բնականօրէն իր ուղղակի դրսեւորումները կը գտնէ իր անկախութիւնը եւ ազգային պետականութիւնը վերականգնած Հայաստանի ու հայութեան մերօրեայ կեանքին մէջ։
Ի վերջոյ քսանամեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հասակ նետեց եւ հիմնաւորուեցաւ մոլեգնած կոռուպցիայի պայմաններուն մէջ։ Նոյնինքն խորհրդային փլուզուած համակարգը լիովին քանդելու եւ միաբեւեռ աշխարհակարգի նմանակումով փոխարինելու հասարակափոխութիւնը, իր առաջին քայլերէն մինչեւ մեր օրերու գալարումները երկարող ժամանակաշրջանին, ղեկավարուեցաւ կառավարման համակարգը իշխանաւոր փոքրամասնութեան մը ձեռքը կեդրոնացնելու կոռուպցիոն տրամաբանութեամբ։
Արդէն երեք Հանրապետութեան Նախագահի եւ հինգ Ազգային Ժողովի կենսափորձ ունին Հայաստանն ու հայութիւնը՝ դառնութեամբ եւ ընդվզումով հաստատելու համար, որ իշխանութեանց եւ ստուերային ուժերու սերտաճումը՝ նոյնինքն քաղաքական փտախտի չարեաց աղբիւրը անարգել կը շարունակուի անպատժելիութեան մթնոլորտի մը մէջ, հակառակ պետական բարձրագոյն դիրքերէն պարբերաբար արձակուած հակակոռուպցիոն պայքարի ռազմակոչերուն…
Այս առումով ալ միայն զգուշաւոր խանդավառութեամբ, այլեւ լրջագոյն վերապահութեամբ կարելի է արձագանգել հակակոռուպցիոն այն քայլերուն եւ յայտարարութիւններուն, որոնք վերջին օրերուն Հայաստանի նախագահին կողմէ հրամցուեցան մեր ժողովուրդին։
Նախարարներ կամ Երեւանի քաղաքապետ պաշտօնազրկելը թերեւս կրնայ ինքնին բաւարար նկատուիլ՝ հաստատելու համար, որ միայն խօսքեր չեն կոռուպցիայի դէմ ՀՀ իշխանութեանց թիւ 1 ղեկավարի կատարած մարտաշունչ յայտարարութիւնները։ Բայց ոչ մէկ պարագայի նման քայլերն ու յայտարարութիւնները բաւարար ապացոյց են, որպէսզի մեր ժողովուրդը կարենայ համոզուիլ, նոյնիսկ եթէ անպայման կ՛ուզէ՝ վաղուան օրուան հաշւոյն իր լաւատեսութիւնը չկորսնցնելու համար՝ համոզուիլ, թէ Հայաստանի նախագահն ու իր իշխանախումբը իրապէս դարձի եկած են եւ անկեղծօրէն ընտրած են իրաւական պետութիւն եւ ժողովրդավարական հասարակութիւն կառուցելու ճանապարհը։
Նախարար կամ քաղաքապետ պաշտօնազրկելը ինչպէ՞ս կրնայ, արդէն Թովմաս Առաքեալի պէս մատը վէրքին վրայ դնելով համոզուելու թերահաւատութեան մատնուած քաղաքացիին համար, հակակոռուպցիոն պայքարի անկեղծութեան բաւարար ցուցանիշ նկատուիլ… Չէ՞ որ մինչ այդ գործուած չարաշահումներուն համար ոչ խնդրոյ առարկայ խաթարուած պաշտօնատարները անհրաժեշտ տոյժին կ՛ենթարկուին, ոչ ալ համակարգի վերածուած կոռուպցիան նուազեցման կամ բարեփոխման շօշափելի ազդանշաններ ցոյց կու տայ քաղաքացիներուն։
Ինչպէս որ Նոր Աշխարհակարգի խորքային փտախտը կը հաստատէ, պաշտօնատարներու անպատիժ հրաժարեցումը վերջին հաշուով կը ծառայէ նորեկ, յաճախ նաեւ չտես պաշտօնատարներու կոռուպցիոն չարաշահումներուն ու յղփացումին՝ քաղաքացիներու նորովի իրաւազրկման ու անպաշտպանուածութեան հաշւոյն։ Այն աստիճան, որ ժողովրդային իմաստութեան թեւաւոր արտայայտութիւն դարձած է «եկողը փնտռել կու տայ գացողը» խօսքը։
Միջազգային կոռուպցիային բնորոշ այդօրինակ գալարումները աւելիով կը շեշտուին Հայաստանի օրինակով՝ իրաւական ու ժողովրդավարական առումով մանուկ Հայաստանի պարագային, ուր խորհրդային արատներէն դեռ լրիւ ձերբազատուած չենք, իսկ հասարակափոխութեան հետեւած նորանոր արատներով լիովին բարդացած է մեր հասարակութեան մէջ տիրող քաղաքական խաթարուածութիւնը։
Ի վերջոյ քսան տարիէ ի վեր իր մարմնին վրայ կոռուպցիայի բացած վէրքերն ու պատճառած ցաւերը ցմրուր ճաշակած քաղաքացին ինչպէ՜ս կրնայ համոզուիլ, որ նոյն այդ խաթարուածութեան լծակներով իշխանութեան ղեկին հասած պաշտօնատարներով՝ ինք պիտի կարենայ սանձել կոռուպցիայի եօթ–գլխանի հրէշը։
Թերեւս, միջազգային քաղաքական օրինաչափութեան հետեւելով, Հայաստան եւս արդէն բոլորած է օրինական իշխանութեան եւ ստուերային ուժերու սերտաճման փուլը ու այլեւս ի վիճակի է ոչ միայն խօսքով, այլեւ գործնապէս օրէնքի առջեւ իրաւահաւասարութիւն պարտադրելու բոլորին։ Ինչպէս որ եօթանասուն–ութսուն տարի առաջ, Շիքակոյէն սկսելով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կրցան օրէնքի կամքին ու կանոններուն ենթարկել իրենց ստուերային ուժերուն, յանցագործ մաֆիաներուն ու իշխանաւոր պաշտօնատարներուն միջեւ սերտաճումը, հաւանաբար քսանամեայ Հայաստանի Հանրապետութեան համար եւս այսօր հնչած է մաֆիոզներու եւ օլիկարգներու օրինականացման ժամը… Եթէ այդպէս է եւ իրապէս մօտեցած ենք կոռուպցիայի փապուղիի ելքին, այդ պարագային մեր ժողովուրդը վստահաբար պատրաստ է հաւատալու շրջադարձին՝ նոյնիսկ երէկուան օրինախախտումները ներելու այդ ճամբով ղեկի տիրացած այսօրուան իր իշխանաւորներուն։
Մեր ժողովուրդը անկասկած պատրաստ է այդ նոր էջը բանալու, եթէ վստահ ըլլայ, որ Հայաստանի այժմու նախագահն ու անոր իշխանախումբը այլեւս բաւականացած են կոռուպցիայի ճամբով իրենց ապահոված ձեռբերումներով եւ, առ այդ, վճռած են պետական վարչամեքենայի ամբողջ ուժով սանձել նախ իւրայիններու եւ ապա մրցակիցներու օրինախախտումները։
Դժբախտաբար այդ վստահութիւնը ներշնչելու չափ համոզիչ չեն Հայաստանի նախագահին վերջին քայլերն ու յայտարարութիւնները։
Նախարար ու քաղաքապետ պաշտօնազրկելէ եւ թիկնապահներով ստուերային իշխանութիւն հաստատելու իւրայիններու փորձերը դատապարտելէ անդին՝ Հայաստանի նախագահը ինք առաջին եւ համոզիչ օրինակը պէտք է տայ իրաւական ու ժողովրդավարական իշխանութեան մը առկայութիւնը նմանակումներով՝ իմիտացիայով ցուցադրելու եւ իբր թէ հաստատելու վարքագծին։
Ի վերջոյ քաղաքական խաթարուածութեան դէմ անհաշտ պայքար մղելու իր նորագոյն մարտակոչերն անգամ պր. Սերժ Սարգսեան փորձեց ծառայեցնել քանի մը տարի առաջ իր նախագահութեան տակ առած Հանրապետական կուսակցութեան «օրինականացումին» եւ նմանակումին՝ իբրեւ կայացած եւ ժողովուրդի վստահութեան քուէով իշխանութեան հասած կուսակցութիւն մը, որ իբր իր վրայ վերցուցած է կոռուպցիայի դէմ պայքարի պատասխանատուութիւնը։
Բայց չէ՞ որ մեր ժողովուրդը իր աչքին առջեւ տեսաւ, թէ քսան տարի առաջ որո՛նք եւ ինչպէ՛ս ստեղծեցին Հանրապետական կուսակցութիւնը։, թէ կազմաւորման ու զարգացման ի՛նչ հոլովոյթէ անցաւ Աշոտ Նաւասարդեանի եւ Անդրանիկ Մարգարեանի ստեղծած կուսակցութիւնը, թէ ինչպէ՛ս Վազգէն Սարգսեանով եւ Սերժ Սարգսեանով էական փոփոխութիւններէ անցաւ Հանրապետականը՝ երբեմնի ժողովրդային շարժման գործիչներով սահմանափակուած կուսակցութենէ վերաճելով, իշխանութեան աւարէն բաժին հանելու խաթարուածութեամբ իրեն միացած, հարիւր–հազարաւորներու պաշտօնական, իշխանաւոր ու վերնախաւային կազմակերպութեան։
Ո՛չ. կոռուպցիայի դէմ Հայաստանի նախագահին հռչակած նորովի թափով պայքարի կոչը էապէս անդին չ՛անցնիր հակակոռուպցիա պայքարի տպաւորութիւն գործող նմանակման փորձերէն։
Պարզապէս յուսահատական փորձ մըն է – Նոր Աշխարհակարգի խորքով եւ հայաստանեան ոճով – հանրային կարծիքը տպաւորելու եւ հակակշռի տակ առնելու։