Կազմակերպութեամբ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան շաբաթօրեայ վարժարաններու յանձնախումբին, Շաբաթ Դեկտեմբեր 11ին, շրջանային վարչութեան Կլենտէյլի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ պատասխանատուներու սեմինարը: Այս տարուան սեմինարին համար հրաւիրուած էր ծանօթ ուսուցիչ-տնօրէն Գէորգ Պետիկեան, որ իբրեւ նիւթ ընտրած էր հայ ուսումնական մտահոգութիւններուն մէջ տեղ գտած ծրագիր, դպրոց եւ ուսուցիչ եռեակը:
Սիմինարին, շրջանային վարչութեան շաբաթօրեայ վարժարաններու ներկայացուցիչ Սեդա Յակոբեանի կողքին, ներկայ էին նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Սոնա Գիզիրեանն ու յանձնախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի «Սիփան», «Կարս», «Մայր», «Անահիտ», «Սօսէ» եւ «Թալին» մասնաճիւղերու Շաբաթօրեայ վարժարաններու տնօրէնները, ուսուցչական կազմերն ու պատասխանատու ՀՕՄուհիները՝ թիւով 35 հոգի:
Ճաշէն ետք, ձեռնարկի պաշտօնական բաժինի բացման իր խօսքին մէջ, Գիզիրեան ըսաւ. «ՀՕՄը, մարդասիրական իր նպատակներուն, ծրագրումներուն եւ աշխատանքներուն կողքին, առաջնահերթ տեղ տուած է յատկապէս մեր մատղաշ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան ծրագիրին: Յանձնախումբիս նպատակն է՝ նման նախաձեռնութիւններով արմատացնել միջվարժարանային կապը, ու միաժամանակ հայ երկսեռ աշակերտութեան ծանօթացնել ՀՕՄն ու իր առաքելութիւնը»: Ան նաեւ թուեց ուսումնական այս տարեշրջանի յանձնախումբին ծրագրումները, որոնց մէջ կ՛իյնային՝ Շաբաթօրեայ վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու աշակերտներուն համար դասախօսական ձեռնարկ մը՝ յառաջիկայ Փետրուարին, եւ միջվարժարանային ընդհանուր զարգացման մրցոյթ մը՝ Մայիսին: Ասոնց վրայ պիտի աւելնայ, անշուշտ, աշակերտութեան մասնակցութիւնը՝ ՀՕՄի աւանդական փառատօնի բացման հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինին:

Գիզիրեան թուեց նաեւ իր ատենապետած յանձնախումբի անդամ-անդամուհիներուն անունները, եւ հրապարակեց շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան իր խօսքերը, ապա ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսին կենսագրական բաժինէն գլխաւոր կէտերը:
Իր կարգին, Պետիկեան նախ շեշտեց, թէ այսօրուան ձեռնարկին արծարծած կէտերը, հարցերն ու մտահոգութիւնները, ցուցմունքներն ու մատնանշումները, թէեւ բոլոր ներկաներուն ծանօթ էին, սակայն հեզասահ լուծուելիք ճամբաներ չունին: «Ուստի, իբրեւ այդպիսին, անշուշտ անպայման ըսելիքներ դո՛ւք ալ ունիք. ներկայացուած մտահոգութիւններէն մինչեւ կրթական եւ ուսումնական հարցերը, հայերէն լեզուի դասագիրքերու զանազանութիւններէն, մինչեւ ամէն տեղ եւ ամէն առիթով մեր աշակերտներուն կամ նոր սերունդին մօտ մաքուր հայերէն խօսելու անհրաժեշտութիւնը, եւ տակաւին զանազան եւ բազմազան կէտերու մասին լուծումներ եւ խորհուրդներ կատարելու էականութիւնը», ըսաւ Պետիկեան:
Ապա ան պարզեց մեր մայրենիին որոշիչ դերը մեր ազգային գոյութեան մէջ. «Թէեւ հեռու ենք հայրենի մեր հարազատ հողէն, սակայն նոյն ժամանակ, մեր ապրած երկիրներուն մէջ, մեր աշակերտներուն միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ կը ստեղծենք հայուն պապենական հայրենիքը՝ միաժամանակ փոխանցելով անոնց հայու ոգին եւ ապրումը: Սփիւռքի կամ հայրենիքի փողոցներէն մինչեւ մեր ժողովասրահները, գրեթէ ամէնուրեք, կարելի է լսել աղաւաղուած կամ «կարկտնուած» ձեւով խօսուած կամ արտայայտուած հայերէն: Այս մէկը ահազանգ դառնալէ աւելի, ուրիշ սարսափազդու երեւոյթ ալ է», ըսաւ Պետիկեան եւ թուեց մեր լեզուին էականութիւնն ու անոր ուսուցման կերպերը, պարզեց հայ դպրոցին ու մանաւանդ անոր յանձնուած հայ մատղաշ երեխային կամ պատանիին գլխաւոր պարտականութիւնները՝ շեշտը դնելով հայ ուսուցիչին վրայ, «որուն պարտաւոր ենք արժեւորել, պատուել»:
«Հայ ուսուցիչն է, որ հայ դպրոցի կողքին ունի իւրայատուկ ազգային առաքելութիւն: Առանց հայ ուսուցիչի, հայ դպրոցը չի կրնար գոյատեւել: Ան է նաեւ հայերէն լեզուի ուսուցման բանալին: Ներկայիս ամէն տեղէ կը լսուի, թէ հայ վարժարանէն ներս հայերէն լեզուն միայն հայ ուսուցիչին հետ խօսելու լեզու է: Այս մէկը յստակ է ու մեծ ցաւ կը պատճառէ բոլորիս: Բայց իրականութիւն ըլլալէ չի դադրիր: Ցաւ է նաեւ, որ հայ աշակերտը իր հայ ընկերոջ հետ հայերէն չի խօսիր: Ան հայերէն չի խօսիր նոյնի՛սկ իր ծնողքին հետ: Ահա թէ ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս կը ծագի հայախօսութեան տագնապը», աւելցուց Պետիկեան:
Դասախօսը յիշեց նաեւ, թէ դասարանները դարձած են տեսակաւոր աշակերտներ համախմբող վայր, տեսակաւոր ծնողներու պատճառով: Ան անդրադարձաւ նաեւ ուսուցանելու կերպերուն, ու մանաւանդ մատնանշեց դասարանը հաճելի աշխատանոցի մը վերածելու էականութիւնը: Պետիկեան անդրադարձաւ հայ ուսուցիչը ոչ միայն որակեալ պահելու, այլեւ անոր աշխատանքը նիւթապէս ալ արժեւորելու պահանջքին. «Ուսուցիչի աշխատանքի յաջողութեան մեծապէս կը նպաստէ այն, որ անոր ընկերանայ տան կամ ծնողքին ներդրումը եւս: Տունն է առաջին դպրոցը եւ ծնողքն է հայ աշակերտին առաջին ուսուցիչը», շեշտեց ան, ու թելադրեց հաստատ պահել այդ կապը:
Գալով դասագիրքերուն՝ դասախօսը յայտնեց, թէ անոնց պատրաստութեան ընթացքին միշտ նկատի պէտք է ունենալ մեր ապրած գաղութին պայմանները: «Այսօր թէեւ ակնկալութիւններ ունինք հայրենիքէն, սակայն չմոռնանք, որ հայրենիքն ալ իր կարգին, ունի իր ներքին կրթական մտահոգութիւններն ու կարիքները: Սփիւռքի մէջ ալ ունինք որոշ չափանիշներու տէր ուժեր, որոնց համադրումով կարելի է հարցերուն լուծումներու ճամբան որոնել: Ուստի կարեւոր կը նկատեմ մեր փորձառու ներուժը համախմբելու խնդիրը», ըսաւ ան՝ կոչ ուղղելով, որ բոլոր պատասխանատու մարմինները, հայապահպանումի ծրագիրի յաջողութեան մէջ իրենց նպաստը չզլանան:
Իր խօսքի աւարտին, Գէորգ Պետիկեան ամփոփ կերպով անդրադարձաւ գլխաւոր այն կէտերուն, որոնք արծարծուած էին Հայաստանի կրթական նախարարութեան՝ անցեալ Օգոստոսին գումարած Ծաղկաձորի ուսուցիչներու խորհրդաժողին ընթացքին:
Իրենց կարգին, սեմինարին ներկայ հայերէն լեզուի մշակները անկեղծօրէն արտայայտուելով՝ նախ կեդրոնացան ծնողներու անտարբերութեան վրայ, եւ ապա, իբրեւ գլխաւոր մտահոգութիւն՝ շեշտեցին այս տարեշրջանին իրենց վարժարաններու աշակերտութեան թիւի զգալի նուազումը: Ասկէ մեկնած, բոլորն ալ բաղձանք յայտնեցին, որ ՀՕՄը իր քարոզչական աշխատանքներուն մէջ անպայմանօրէն ներառէ Շաբաթօրեայ վարժարաններու մասին լայն տեղեկութիւններ՝ գաղութի հայ մամուլէն եւ հեռատեսիլի յայտագիրներէն:
Ձեռնարկի աւարտին խօսք առնելով՝ յանուն շրջանային վարչութեան, ներկայացուցիչ Սեդա Յակոբեան նախ մեծապէս գնահատեց շաբաթօրեայ ուսուցիչներուն տարած աշխատանքն ու զոհողութիւնները, եւ աւելցուց, թէ անոնց աշխատանքը որեւէ կերպով գնահատել կարելի չէ, որովհետեւ անիկա սրտանց նուիրումի արդիւնք է: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան դասախօսին եւ հանդիսավարին: Աւարտին, ներկաները մտերմիկ զրոյց ունեցան իրարու եւ օրուան դասախօս Պետիկեանի հետ: