
Դեկտեմբեր 17ի կէսօրին, առաջնորդարան այցելեցին Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տէմիրճեան եւ Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու աշակերտ-աշակերտուհիները՝ իրենց դասատուներով, որոնք սիրալիր կերպով դիմաւորուեցան առաջնորդարանի երիտասարդաց վարիչ Աւետիս քհնյ. Աբովեանի կողմէ, եւ առաջնորդուեցան դէպի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճար, ուր առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան ողջունեց զիրենք, Սուրբ Ծննդեան առթիւ իր հոգեւոր պատգամը փոխանցեց ու շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը: