
Սքացտէյլի (Արիզոնա) Սուրբ Աբգար Հայց. եկեղեցին, իր կառուցման ոճի գեղեցութեան համար, 2010 թուականի մրցանակին արժանացած է «McGraw Hill Southwest Contractor»ի կողմէ:
Կիրակի, Դեկտեմբեր 19ին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զաքարիա քհնյ. Սարիբէկեան Ս. պատարագի ընթացքին պաշտօնի հաստատման արարողութիւնը կատարեց՝ ծուխի երիտասարդաց կազմակերպութեան նորընտիր վարչութեան, իսկ պատարագի աւարտին, հաւատացեալները առիթը ունեցան վերոյիշեալ մրացանակի յուշատախտակը տեսնելու:
Նոյն օրը արուեստագէտ Քլոտ Քուլենտրօ Սուրբ Աբգարի սրբապատկերը նուիրեց եկեղեցւոյ, որ յատուկ գնահատութեան արժանացաւ հոգեւոր հովիւին եւ ծխական խորհուրդի կողմէ: