ԹՈՐՈՍ ԹՈՐԱՆԵԱՆ
Այս տարուան (2010) Յունիս-Յուլիս ամիսներուն հաճելի էր ծանօթանալ խումբ մը իրանահայ գրողներու, որոնք եկած էին մասնակցելու Հայ գրողներու համահայկական 5րդ համագումարին: Անոնց մէջ քիչ չէին կին գրողներ, ընդհանրապէս՝ բանաստեղծուհիներ:
Առիթով մը ինծի մօտեցաւ միջին տարիքի մարդ մը՝ հնչեղ ձայնով, յետոյ պիտի իմանայի, թէ լաւ երգել ալ գիտէր՝ ընկերական մթնոլորտը ջերմացնող. ան տուաւ իր անունն ու ազգանունը եւ յայտնեց, թէ ինք բանաստեղծութիւններ ալ կը գրէ:
Հետաքրքրուեցայ իր գրածներով: Եւ ահա միջոց մը ետք, Տիգրան Պօղոսեանը ինծի ներկայացուց տրցակ մը մեքենագրեալ բանաստեղծութիւններ: Թիւով 17 բանաստեղծութիւն:
Աճապարեմ ըսել, որ Պօղոսեան ծնած է 1946 թուականին, Իրանի Մասջէդ Սօլէյման քաղաքին մէջ, քաղաք մը, ուր ժամանակին մեծ էր հայերուն թիւը: Այժմ հայերէ ամայացած է:
Պօղոսեանը իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Սպահանի (Նոր æուղա) Պետական համալսարանին մէջ՝ 1970 թուականին աւարտելով այդ համալսարանի հայոց լեզուի ու գրականութեան ֆակուլտետը:
Ապա հայ լեզուի սիրահար այս երիտասարդը ամբողջ քառորդ դար ու աւելի դասաւանդած է հայոց լեզու եւ գրականութիւն՝ Ահուազի ու Թեհրանի հայկական վարժարաններուն մէջ: Այնուհետեւ ան իր կեանքը կապած ըլլալով մայրենի լեզուին՝ 1982 թուականէն առ այսօր կը դառնայ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան ռատիօ-հեռուստատեսութեան ռատիօժամի պաշտօնեայ՝ իբրեւ թարգմանիչ, հաղորդավար ու գլխաւոր խմբագիր:
Պօղոսեանի քերթուածներն ու թարգմանութիւնները լոյս կը տեսնեն հայերէն «Ալիք» օրաթերթի, հայ եւ իրանական մամուլի էջերուն մէջ: Իր գրածները լոյս տեսած են սփիւռքահայ եւ հայրենական մամուլին մէջ նաեւ: Իրմէ հատոր մը չեմ տեսած: Ահա թէ ինչո՛ւ այսօր ընթերցողներուս կը ներկայացնեմ ինծի տրուած 17 մեքենագիր բանաստեղծութիւնները՝ Տիգրան Պօղոսեանին՝ մաղթելով, որ շնորհալի այս հայը այլեւս առիթը գտնէ հանդէս գալու հատորով մը:
Կարեւորը բանաստեղծութիւններու համրանքը չէ, երբ գրողը ունի ըսելիք, երբ ան իր խոհա-փիլիսոփայական մտածումները կրնայ յանձնել թուղթին, ուրեմն՝ կրնայ նաեւ ընթերցողներու՝ խօսքի պատշաճ ձեւով հանդերձաւորուած:
Ըսեմ անմիջապէս նաեւ, որ Պօղոսեանի թիւով քիչ այս գրութիւններէն երկուքը արձակի ձեւը ստացած են՝ միշտ բանաստեղծական ներշնչումով, այսինքն՝ արձակ բանաստեղծութիւններ են:
Սիրեցի Տիգրան Պօղոսեանի մտածելու եւ ըսելու ձեւերը: Ահա թէ ինչո՛ւ որոշեցի ուրախութիւնս փոխանցել նաեւ ուրիշներու: Անմիջապէս յայտնեմ, որ Պօղոսեանի քերթուածները ընկալեալ կաղապարներու մէջ պարունակուող գործեր չեն: Ան առաւելապէս մտածումի, տրամաբանութեան հետեւող մըն է, անշուշտ, բանաստեղծական պատկերներով, մարդը մտածելու մղող ներշնչանքով: Խօսինք օրինակով մը.
… Ու երբ հասնում է ժամը սպասուած,
Ամենադալուկ ճիւղերն անգամ
Էլ չեն խոնարհւում հողմերի առջեւ,
Դառնում են համակ կամք ու ընդվզում,
Կաղնի են դառնում եւ անտառանում…
Այստեղ անտառուողը ոչ միայն հեղինակն է, այլ հայ ժողովուրդը նաեւ, քանի հասած է ժամը անտառուելու, ընդվզումի, որպէսզի արմատանայ մեր անկախութիւնն ու աշխարհն իմանայ, որ մենք՝ հայերս, իրաւունք մը նուաճած ենք՝ ապրելու իրաւունքը այս մոլորակին վրայ: Կամ՝
Սէր կայ արիւն ու բոց է,
Սէր կայ, որ վիշտ ու խոց է,
Սէր կայ նուիրում է լոկ,
Ու սէր էլ կայ, որ իրօք
Մի դառն հեծկլտոց է…
Կ՛երեւի, որ այս վերջինին հանդիպած է հեղինակը: Մաղթենք, որ ճիշդ չըլլայ մեր ենթադրութիւնը:
Իսկ «Մայրանալ» քերթուածին մէջ ահեղ պոռթկում մը կայ բոլոր անոնց դէմ, որոնք մայրերուն որբ երեխաներ կը թողուն.
… Եթէ աշխարհում դեռ շատ մայրեր
Պիտի ողբան
Դաժան մարտերում ընկած
Մահն իրենց որդիների,
Թող ամլանան մայրերը՝
Բովանդակ աշխարհի:
Իսկ եթէ կեանքը, ամենաթանկը,
Զոհւում է յանուն՝
Կենաց, արդարութեան, ազատութեան
Եւ իրաւունքի,
Թող չբեր կանայք անգամ
Բազմիցս մայրանան:
Միայն պատերազմի ահաւորութիւնը տեսած, զգացած, ապրած մարդը կրնայ գրել այսպիսի տողեր, եւ կ՛ուզէ գլխատուած տեսնել յանուն մամոնայի (փոխ.՝ դրամ-Խմբ.) մղուած պատերազմները: Պատերազմները յաճախ խումբ մը մարդոց քմահաճոյքներէն, եսամոլութենէն, տիրապետելու տենչէն կը ծնին:
Բանաստեղծին զաւակները «Թիթեռներ են լուսէ»: Հեղինակին մանկութիւնը ձորակի մը մէջ անցած է: Եւ հիմա ան կ՛երազէ գրկել իր մանկութիւնը եւ մտածել այն մասին, թէ արդեօք որո՞նց մանկութիւնը ծիլ տուած է նոյն ձորակին մէջ: «Ծնուող Մանուկներուն» քերթուածը ձօն մըն է.
Ծնւում էք հեշտ ու դժուար,
Ինչպէս ծորուն խէժը ծառի,
Ինչպէս ցօղը առաւօտեան
Ու մշուշն այգաբացի…
Եզրակացութիւնը այս բանաստեղծութեան՝ այդ ո՞ր հայրն ու մայրը կը կշտանան մանուկներու պատճառած անհուն հրճուանքէն:
Հեղինակը կրնայ զանց առնել մերթ գործածուող օտար բառերը, ինչպէս՝ էպիզօդ, սերեմոնիա (արարողութիւն-Խմբ.), որոնց փոխարէն, սակայն, հեղինակը յօրինած է ասուպասլաց բառը, որ ինչ խօսք՝ գեղեցի՛կ է:
Յարկի մը վրայ գտնուող իր տունը բանտ մըն է, որուն վարձն անգամ տալ դժուար է, երբ հոն միայն կը գիշերէ…
Շատ սիրեցի հեղինակի՝ Համօ Սահեանին նուիրած բանաստեղծութիւնը.
Իմ հայրենի հողի սրսուռ,
Իմ հոգու, սրտի մրմուռ,
Մտքի խորան, սիրոյ սեղան,
Իմ յոյզերի շքեղ մեհեան,
Իմ կարօտի դու երգ փրփուր՝
Համօ Սահեան:
Ապրուած էջ մըն է այս մէկը՝ պրպուր:
Գնդակի մը ետեւէն վազող տղաքը շրջուն բոցկլտացող հուր են: Իսկ մեր խաչքարերը յառնած են հայոց վէրքերէն ու վիշտերէն:
«Նոստալգիա» բառը եւս հեղինակը կրնար չգործածել: Աշխարհը մեր ունեցած կարօտ բառը չունի:
«Ասք արեան եւ հոգու» բանաստեղծութիւնը հեղինակը նուիրած է հայոց ազատ ու անկախ ապրելու արդար իրաւունքը նուաճելու ճամբին մարտնչած ու անմահացած բոլոր ժամանակներու ՀԱՅ հերոսներու յաւերժ ու անմեռ յիշատակին: Մեր երազանքներուն մարմին տուող հերոսներէն՝ Վարդաններու ու Մեսրոպներու կողքին, մեր ֆիտայիները:
Չարիքի դիմաց Պօղոսեանը կը մտածէ. «Չգիտեմ, օդը ցրտե՞լ է, թէ ջերմութիւնս դու ես քեզ հետ տարել. մեռնելու չափ մրսում եմ»:
Առաքինութիւնն ու ճշմարտութիւնը հեղինակին փիլիսոփայական նիւթերն են. (Առաքինութիւնը) «Եղել է ժամանակ, որ այն անարգուել, տրորուել, խաչուել է՝ ի սէր մարդկային ցեղի, հոգու ու փրկութեան: Կաթ-կաթ քամուել է արիւնը նրա, որը եւ ներծծուել է հողի մէջ կենարար». (Ճշմարտութիւնը) «Ինչ եղանակով էլ փորձեն վերծանել քեզ, այնուամենայնիւ, մարդկութեան պատմութեանը հասակակից առեղծուած ես դու»:
Իր վերջին (առ այժմ) քերթուածին մէջ Տիգրան Պօղոսեանը գրած է.
«Երազում երազեց
է՛լ չարթնանալ»…
Մենք շեշտակիօրէն կը մաղթենք, որ հեղինակը միայն երազին մէջ երազէ չարթննալ ու կ՛ուզենք, որ Պօղոսեանը մնայ արթուն՝ մնալով արթուն պահակը մեր մշակոյթին, որովհետեւ միայն զէնքով կոչին կուշտին, պէտք է հնչէ կոչը նաեւ մշակոյթին, կայ փրկութիւն հայոց համար:
Ըսելիք ունեցող գրող մըն է Տիգրան Պօղոսանը, որուն գիրքով մը հրապարակ գալու վարանքը ներելի չէ:
Հալէպ,
«Ալիք»-«Գրարուեստ»