Լոս Անճելըսի արհեստավարժ պասքեթպոլի «Լէյքըրզ» խումբի աստղերէն Քոպի Պրայընթ այս շաբաթ սկսած է «Թուրքիոյ օդային գիծերու» («Թըրքիշ Էրլայնզ») ծանուցումներուն մէջ դեր ստանձնելու ու համաշխարհային գետնի վրայ ընկերութեան քարոզչութիւնը ընելու: Պրայընթ, որուն դէմ վերջերս պայքար բացած էր ամերիկահայութիւնը, կարեւորութիւն չընծայեց Ցեղասպանութիւն ուրացող երկիրի մը բանբերը չըլլալու ամերիկահայութեան թելադրութեան. ան արդէն իսկ պատրաստած է գովազդի տեսաերիզ մը, որուն մէջ կը յայտարարէ, թէ ընկերութիւնը «77 տարիէ ի վեր արտակարգ ծառայութիւն կը մատուցանէ օդային ճամբորդութեան մարզին մէջ», եւ թէ այս հաստատութիւնը թռիչքներու ընթացքին շատ համեղ ճաշեր կը հրամցնէ իր ուղեւորներուն։
Պրայընթ կը նշէ, թէ գալիք Մարտ ամսուն, երբ Լոս Անճելըսէն ուղղակի թռիչքներ պիտի սկսին դէպի Թուրքիա, լոս-անճելըսցիները աւելի լաւ պիտի ճանչնան ընկերութեան ծառայութեան որակը։ «Մենք «Թուրք օդային գիծեր»ուն հետ նոյնացած ենք. աշխարհը մեր տունն է, դուք ալ մեր հիւրն էք», կ՛ըսէ Պրայընթ՝ իր առաջին քարոզչութեան ժապաւէնը եզրակացութեան բերելով։
Պրայընթի այս յանձնառութիւնը մեծ փոթորիկ յառաջացուցած էր, երբ կ՛ակնկալուէր, որ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը քուէարկութեան բերուի Ներկայացուցիչներու տան մէջ: ՀԵԴի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին գլխաւորած արշաւը կոչ կ՛ընէր Պրայընթի, որ մերժէր թրքական ընկերութեան քարոզչութիւնը ընելու առաջարկը ու ջնջէր երկու տարուան այն համաձայնագիրը, զոր ստորագրած էր ընկերութեան հետ: Կը շեշտուէր, որ Պրայընթ պէտք է միաժամանակ բողոքէ Հայկական Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ Թուրքիոյ որդեգրած ուրացման քաղաքականութեան դէմ։ Թրքական ընկերութիւնը մեծամասնութեամբ Թուրքիոյ պետութեան կը պատկանի։
2011ի առաջին երեք ամիսներուն, աշխարհի աւելի քան ութսուն միջազգային հեռատեսիլի կայաններէ, ինչպէս նաեւ կայքերու եւ շարժանկարներու սրահներէ, Պրայընթ քարոզչութիւն պիտի ընէ թրքական ընկերութեան ի նպաստ, ու պիտի դառնայ այս ընկերութեան դեսպաններէն մէկը։ «Պատիւ կը զգամ, որ այս պարտականութիւնը ստանձնած եմ», ըսած է ան։