Ս. Ծննդեան Տօնը՝ Շնորհակալութեան Եւ Երախտագիտութեան Հրաւէր

Ահա դարձեալ կը գտնուինք նոր տարուան մը սեմին եւ կը պատրաստուինք տօնելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնը։
Այս տօնական օրերու վայելքը ապրելու աւելի լաւ ձեւ չկայ, քան պահ մը կանգ առնելը եւ խորհրդածելը ամենակալ Աստուծոյ մեզի պարգեւած շնորհներուն, եւ միաժամանակ մեր երախտագիտութիւնը յայտնելու եւ մտածելու «Մեծ եւ Սքանչելի Խորհուրդ»ին՝ մեր Փրկչին Ս. Ծննդեան պարագաներուն մասին։
Դժբախտաբար, սակայն, տակաւ առ տակաւ, Ս. Ծննդեան տօնին ճշմարիտ ու գեղեցիկ իմաստը կը տժգունի։ Զարդարուն ծառերը, գոյնզգոյն լոյսերը, գեղեցիկ զարդարանքներն ու ճոխ նուէրները չեն արտայայտեր Ս. Ծննդեան տօնին իմաստը, մինչդեռ անիկա Աստուծոյ բարութիւնը յիշելու, սիրելու, ընծայաբերելու եւ ներելու շրջան մըն է։
Դարեր առաջ, Բեթղեհէմի համեստ մսուրին մէջ մեզի համար մանուկ մը ծնաւ, որ Աստուծոյ ու մարդուն միջեւ յարաբերութիւնները վերահաստատեց, եւ մեզի պարգեւեց նոր կեանք մը։ «Եւ բանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ, եւ մենք տեսանք անոր փառքը. փառքը միածինին, որ Հօրմէն եկաւ՝ շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն» (Յովհ. 1։14)։ Յիսուսի ծնունդով Աստուած մեր մէջ բնակեցաւ մեզ փնտռելու եւ փրկելու համար, եւ մարդկութիւնը արդարութեան ճանապարհին առաջնորդելու։
Ս. Ծննդեան այս տօնին, եւ ամէն ժամանակ, եկէ՛ք, մեր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնենք մեր Փրկչին Ս. Ծննդեան ճշմարիտ պատգամին համար, զԱստուած փառաբանենք, երկրի վրայ խաղաղութիւն բերենք եւ մարդոց միջեւ սէր ու հաճութիւն սերմանենք։
Ս. Ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը, ամէն բանէ առաջ ու վեր, մարդուն հանդէպ Աստուծոյ սիրոյն արտայայտութիւնն է։ «Որովհետեւ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր միածին որդին տուաւ, որպէսզի անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3։16)։
Այո՛, Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը՝ մարդը, որուն համար մեզի տուաւ ամէնէն կատարեալ պարգեւը՝ փրկութեան խոստումն ու ճշմարիտ կեանքը իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
«Ուստի Տէրը ինք նշան մը պիտի տայ ձեզի. ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, եւ անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչէ» (Ես. 7։14)։
Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան մասին վկայութիւններն ու մարգարէութիւնները դարեր առաջ իբրեւ խոստում տրուած էին մարդկութեան, որոնք մանուկ Յիսուսի աշխարհ գալով իրականացան։ «Մի վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութիւն պիտի պատճառէ։ Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ օծեալ Տէրն է» (Ղուկ. 2։10-11)։
Աշխարհ ցնծաց Յիսուս Քրիստոսի ծնունդով, որովհետեւ Փրկիչը եկաւ սիրոյ, խաղաղութեան եւ մարդոց միջեւ հաճութեան աւետիսը բերելով, եւ մանաւանդ լոյս՝ խաւարած աշխարհին։
Արդարեւ, Փրկչին ծնունդը մեզի յոյս ներշնչեց, յաւիտենական կեանքի յոյսը։ Յոյս մը՝ այս երկրաւոր կեանքը ապրելու Աստուծոյ օրհնութեամբ, յոյս մը՝ որ երկնքի արքայութիւնը մտնենք Իր որդւոյն եւ մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
Ի վերջոյ, եւ ամէնէն կարեւորը, Աստուծոյ շնորհքով ու Ս. Ծննդեան պարգեւով ներման արժանացանք, որ մեծագոյն պատճառն է շնորհակալ ըլլալու Աստուծոյ եւ երախտագիտութեան զգացումով լեցուելու։
Ս. Ծննդեան այս տօնին, յիշենք Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան տրուած հրաշալի շնորհքը, եւ մեր երախտագիտութեան նուէրը տանք ամբողջ սրտով ու հոգիով, մեր էութենէն ներս Տէրը ընդունելու եւ աստուածահաճոյ կեանք մը ապրելու՝ իր պատուիրաններուն հետեւելով։ Օգնութեան ձեռք երկարենք մեր նմաններուն եւ հասնինք կարիքաւորներուն, ինչպէս որ մեր Փրկիչը մեզի կը հասնի։ Ներող ըլլանք իրարու, ինչպէս ինք ներեց ու կը ներէ մեր մեղքերն ու յանցանքները։
Որքան յատկանշական է որ Աստուծոյ ողորմութիւնը իր արտայայտութիւնը գտաւ նորածին մանուկին կերպարանքով։ Ան աշխարհ եկաւ որպէս նորածին մանուկ, որ Զինք ընդունինք փոքր մանուկներու հոգիով։ Մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոս, իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին բացառիկ սէր տածեց մանուկներուն հանդէպ, եւ բազմաթիւ առիթներով իր աշակերտներուն օրինակ բերաւ մանուկներուն առաքինութիւնները։ «Վստահ գիտցէք, որ եթէ չփոխուիք ու մանուկներու պէս չըլլաք, երկնքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք» (Մատթ. 18։2-3)։ Ան մանուկին մէջ տեսաւ ճշմարիտ ու հարազատ պատկեր մը, որուն մարդ անհատը պէտք է ձգտի, որպէսզի երկնքի արքայութիւնը մտնէ։ Այսպէս, մեր Տէրը կը հրաւիրէ մեզ նմանելու մանուկներուն, անոնց անմեղութիւնը, պարզութիւնը, վստահութիւնը, մաքրութիւնը, հաւատքը, յոյսը, բարութիւնը ունենալու։
Մանուկներ կատարելապէս կը վստահին իրենց ծնողներուն, կը վստահին եւ կը հաւատան, որ ծնողները գիտեն թէ ինչ բանը լաւ է իրենց համար։ Ապահով են որ անոնք պիտի չմոլորեցնեն զիրենք եւ անոր համար կը վստահին անոնց։ Նոյնը ըրաւ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս։ Հետեւաբար, մենք ալ պէտք է կատարելապէս վստահինք մեր Տիրոջ, քալենք Իրեն հետ, եւ մեր կեանքը Իրեն յանձնենք, որպէսզի մեզ առաջնորդէ։ Աստուած կ՚ուզէ, որ բոլորս իր հարազատ զաւակները ըլլանք։
Սիրելիներ,
Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2011 տարի հռչակեց «Հայ Մանուկի Տարի»։ Ի՜նչ սքանչելի առիթ բոլորիս համար ճանչնալու եւ որդեգրելու խոնարհութեան, մաքուր սիրոյ, ամբողջական վստահութեան առաքինութիւնները, որոնք կը մարմնաւորեն մանուկները։ Նոյն խոնարհութիւնը, նոյն սէրը, նոյն յոյսն ու հաւատքը եւ նոյն վստահութիւնը մեզի բերաւ նորածին Մանուկ Յիսուս։
Մանուկները լաւագոյն օրինակն են բոլորիս համար, թէ ինչպէս պէտք է յարաբերինք Աստուծոյ հետ։ Հետեւաբար, եկէ՛ք, մանուկի հոգիով ճանչնանք եւ ընդունինք մեր Տէրը, որպէսզի արժանի ըլլանք երկնքի արքայութեան։ Նորին Սուրբ Օծութեան պատգամը նաեւ կարեւոր հրաւէր է բոլորիս, եւ յիշեցում մը մեր պատասխանատուութեանց ու պարտաւորութեանց։
Մեր զաւակները մեր եկեղեցւոյ ու մեր ազգին ապագան են։ Անոնք մեր ապագայ առաջնորդներն են։ Հետեւաբար, մեր պարտքն է զանոնք դաստիարակել աստուածգիտութեան ճանապարհով, շատ փոքր տարիքէ, որպէսզի երբ մեծնան, հաւատարիմ մնան այդ ճամբուն եւ իրենց կարգին, դառնան օրինակելի չափահասներ, ունենան լաւ նկարագիր եւ պատրաստ ըլլան ստանձնելու դրօշը։
Սիրելի հաւատացեալներ,
Վերջին քանի մը տարիները դժուարին շրջան են եղած մարդոց համար, աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Այսուհանդերձ, ի՛նչ վիճակի մէջ ալ որ գտնուինք, թող մեզ շրջապատող պայմանները չպայմանաւորեն Ամենակալին հանդէպ մեր երախտագիտական զգացումները։ Միշտ յիշենք, թէ որքա՜ն սքանչելի է Աստուծոյ սէրը, չմոռնանք մեր վայելած օրհնութիւնները եւ շնորհապարտ ըլլանք ո՛չ միայն Ս. Ծննդեան տօնի օրերուն, այլ մեր կեանքի իւրաքանչիւր օրուան ընթացքին։ Առաւել եւս, Առաքեալին բառերով, «Միշտ ուրախ եղէք, անդադար աղօթեցէք։ Ամէն բանի համար շնորհակալ եղէք, որովհետեւ Աստուած ատիկա՛ կը սպասէ ձեզմէ, որ Յիսուս Քրիստոսի միացած էք» (Ա. Թեսղ. 5։16)։
Տօնական այս օրերուն, որդիական սիրով մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, աղօթելով առ Աստուած, որ Նորին Ս. Օծութեան պարգեւէ բազմաթիւ առողջ տարիներ եւ կենսունակութիւն, որպէսզի ընդերկար առաջնորդէ մեր ժողովուրդն ու եկեղեցին։ Մեր բարի մաղթանքները կ՚ուղղենք մեր հայրենիքի ղեկավարութեան ու ժողովուրդին, մեր հոգեւոր եղբայրներուն, Կրօնական Ժողովի ու Ազգային Վարչութեան անդամներուն, ազգային երեսփոխաններուն, հոգաբարձութեանց, Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին, Տնօրէնութեանց, դաստիարակներուն, կազմակերպութեանց, միութեանց, մամուլի սպասարկուներուն եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, խնդրելով Աստուծոյ օրհնութիւնը, սէրն ու գթութիւնը տարուան բոլոր օրերուն։
Այս զգացումներով եւ հոգեկան ցնծութեամբ կ՚ըսենք. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղուկաս 2։14)։
Շնորհաւոր Նոր Տարի,
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ,
Ձեզի Մեզի Մեծ Աւետիս։
Աղօթարար՝
ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու
Արեւմտեան Թեմի
Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ, 2011