ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մէջ Facebook հասարակական ցանցի օգտագործողներուն թիւը՝ Յունուար 4ի դրութեամբ՝ կազմած է 105,640 մարդ:
2011ի Յունուարին սկիզբը, 2010ի Դեկտեմբերին համեմատ, նշեալ ցանցի օգտագործողներուն թիւը աճած է 4.51 տոկոսով (4760 անձ): Իսկ վերջին կէս տարուան ընթացքին, Facebook-ի օգտագործողներուն թիւը Հայաստանի մէջ կրկնապատկուած է:
Ցանցի այցելութիւններու յաճախականութեամբ, Facebook-ի հայկական հատուածը կը գրաւէ 124րդ տեղը. անկէ կ՛օգտուի Հայաստանի քաղաքացիներուն 3.56 տոկոսը։ Այցելուներուն 44 տոկոսը 18-24 տարեկան է:
Այցելուներու թիւին համեմատութեամբ, առաջին հնգեակին մէջ են ԱՄՆ, Ինտոնեզիա, Մեծն Բրիտանիա, Թուրքիա եւ Ֆրանսա:
Ընդհանուր առմամբ, ամբողջ աշխարհին մէջ Facebook օգտագործողներուն թիւը կը կազմէ շուրջ 584 միլիոն մարդ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.