Թափառական Հայու Կայքն Ու Վերելքը Հայաստանի Մէջ

Թափառած, սակայն ի վերջոյ Հայաստանի մէջ կայք հաստատած ծնունդով Այնճարցի հայը՝ Կոմիտասեան երգերու մեկնաբան, օփերային երգիչ Գէորգ Հաճեանն է։ Ան փոքր տարիքէն հակում ունեցած է հոգեւոր երաժշտութեան հանդէպ, եղած է փոքրիկ Հայաստան համարուող իր ծննդավայրի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ դպիր, աւելի ուշ յաճախած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Զարեհեան դպրեվանքը, ուր իր կրթութիւնը աւարտելէ ետք, 1992 թուականին Բարսեղ Կանաչեանի անուան երաժշտական քոլէճէն ներս երեք տարի հետեւած է Յարութիւն Թօփիկեանի խմբավարական դասերուն, եղած է նաեւ երաժշտութեան, հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչ։
1994 թուականին Գէորգ Հաճեան հրաւէր ստացած է Քուէյթի Ազգային վարժարանի հոգաբարձութենէն՝ իր տիկնոջ հետ ուսուցչութեան պաշտօն վարելու համար։ Հրաւէրը ընդունելով՝ Քուէյթի մէջ տասը տարի դասաւանդած է երաժշտութիւն, հայոց պատմութիւն եւ միաժամանակ ստեղծած է երկու երգչախումբ՝ մանկապատանեկան, որուն մաս կազմած են դպրոցի աշակերտները եւ չափահասներու (Ազգային առաջնորդարանի հովանու տակ գործող «Նարեկացի» քառաձայն երգչախումբ):
2005 թուականին, իր կատարողական արուեստը առաւել մասնագիտական հիմքերու վրայ դնելու համար, Գէորգ Հաճեան իր կնոջ եւ զաւակին հետ տեղափոխուած է Հայաստան եւ արուեստի բնագաւառին մէջ գտած է իր վերելքը։
ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ.- Ինչո՞ւ ընտրեցիք հոգեւոր եւ դասական երաժշտութեան ուղին։
ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ.- Պատանի տարիքէս հակում ունէի հոգեւոր երգի եւ երաժշտութեան նկատմամբ, ինքզինքս ուրիշ ժանրի մէջ չէի պատկերացներ. մերժողական բան մը կար մէջս POP երգերու նկատմամբ, հաւանաբար Այնճարի դաստիարակութեան դրուածքն ալ այդ մէկը պարտադրեց. սիրով ու ապրումով կ՛երգէինք հայրենասիրական երգեր, որոնք այսօր ալ կ՛ընդգրկուին իմ երգացանկիս մէջ։
ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ.- Ինչո՞ւ որոշեցիք տեղափոխուիլ Հայաստան։
ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ.- Այս հարցին պատասխանը շատ խորն է ինծի համար եւ տակաւին չեմ գտած ճշգրիտ պատասխանը։ Շատ բնական է, նախ եւ առաջ հայրենիքի կանչն էր, սակայն հիմնական նպատակս գալ եւ կատարելագործուիլ՝ իբրեւ երգիչ եւ խմբավար։ Սկիզբը ընկերներս ըսին դժուար է, վարդագոյն երազներով չգաս… Տեղափոխուելու առաջին շրջանին ունեցանք դժուարութիւններ, սակայն, փառք Տիրոջ, այսօր անձնական բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարած ենք։ Ընդունուեցայ Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը եւ երաժշտութեան այդ բարձրագոյն կրթօճախէն ստացայ պէտք եղած հմտութիւնը, որ շատ անհրաժեշտ էր ինծի համար։ Անոր կողքին հետեւեցայ համաշխարհային օփերային երգիչ Բարսեղ Թումանեանի անհատական վարպետութեան դասընթացքներուն։ Իմ մեծագոյն ուսուցիչս կը համարեմ վարպետ Բարսեղ Թումանեանը։
ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ.- Ի՞նչ է ձեր կապը Դանիէլ Երաժիշտին հետ։
ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ.- Դանիէլ Երաժիշտն ալ կատարողական արուեստի իմ վարպետս է։ 2005 թուականին երբ նոր հաստատուած էինք Հայաստան, ներկայ եղանք իր ղեկավարած հայ հնագոյն երաժշտութեան «Շարական» անսամպլի համերգին, ծանօթացանք, ապա լսելով իմ կատարումներս, ընդունեց զիս իր համոյթէն ներս իբրեւ մենակատար։ Այնուհետեւ, մեր համերգային համագործակցութեան հետ համատեղ, ես ձայնագրեցի երկու ձայնասկաւառակ «Շարական» անսամպլի նուագակցութեամբ՝ յատկապէս Դանիէլ Երաժիշտի մշակումներով։
ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ.- Կը պատմէ՞ք ձեր ձայնասկաւառակներու եւ համերգային շրջագայութիւններու մասին։
ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ.- Առաջին ձայնասկաւառակս կը կոչուի «Կոմիտասեան երախայրիք», որ կ՛ընդ-գրկէ Կոմիտասի մշակումներով 19 երգ։ Ծախսերը հովանաւորեց «Նարեկացի արուեստի միութիւնը», ձայնասկաւառակը նուիրուած է հայրենասէր հայորդի Կարապետ Յարութիւնեանին։ Մարդ, որ արուեստը գնահատել գիտէ։
Երկրորդը՝ «Զքեզ օրհնեմք»ը, հոգեւոր երգերու փունջ մըն է, ձօնած եմ դպրեվանքի իմ ուսանողութեանս օրերուն հայ երգի եւ յատկապէս հոգեւոր երգի ոլորտի մէջ զիս դաստիարակած, մեծ ուսուցիչ Պրն. Գէորգ Գանտահարեանի յիշատակին։ Այս ձայնասկաւառակին ծախսերը վեհանձնօրէն յանձն առաւ «Փիւնիկ» Մարդկային Պաշարներու Համահայկական հիմնադրամը։
Երրորդը կը կոչուի «Հայաստանը իմ երգերում». ձայնասկաւառակին վրայ պատկերուած է ծովէ ծով Հայաստանը, այնտեղ ընդգրկուած են Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններէն առնուած, նոյնիսկ մէկ մասը առաջին անգամ կատարուող երգեր՝ Դանիէլ Երաժիշտի մշակումներով։ Այս ձայնասկաւառակը նուիրուած է Ցեղասպանութեան 95ամեակին, եւ ամբողջական ծախսերը հոգացած են Սան Ֆրանսիսքոյէն խումբ մը ընկերներ, որոնց անունները ես անգամ չեմ գիտեր։
Չորրորդ ձայնասկաւառակիս աշխատանքները ընթացքի մէջ են։
Մենահամերգներ ունեցած եմ Լիբանանի, Սուրիոյ, Կիպրոսի, Նոր æուղայի, Հայաստանի ու Արցախի (13 շրջաններու) մէջ։ «Շարական» անսամպլի հետ, իբրեւ մեներգիչ, հանդէս եկած եմ Սլովենիոյ 850 օտար հանդիսատես ունեցող դահլիճին մէջ՝ «Հայաստանի մշակոյթի օրերը Սլովենիոյ մէջ» փառատօնի առիթով։ Վիեննայի մէջ եւս հանդէս եկայ «Շարական» անսամպլին հետ՝ Կոմիտասեան, հոգեւոր եւ ազգային հայրենասիրական երգերով։ Օտարները հմայուած էին մեր երգերով, որպէս ապացոյց կարելի է նշել, որ «Կոմիտասեան երախայրիք»ի բոլոր ձայնասկաւառակներս սպառեցան։
ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք հոգեւոր եւ դասական երաժշտութեան մակարդակը Հայաստանի մէջ։
ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ.- Դասական եւ յատկապէս հոգեւոր արուեստը վերածնունդ կ՛ապրի Հայաստանի մէջ. եկեղեցի այցելողներու եւ հոգեւոր երաժշտութիւն ունկնդրողներու թիւի աճը կը վկայէ այդ մասին։
Հոգեւոր երաժշտութեան կատարողական արուեստը բարձր մակարդակի վրայ է Հայաստանի մէջ, վարպետներ կան, բայց այդ կատարողները մեծ դաշտ կամ նեցուկ չունին։ Այսօր միայն «Շողակաթ» հեռուստաալիքն է, որ հոգեւոր երաժշտութիւն կը սփռէ, իսկ միւս ալիքները գրեթէ չեն անդրադառնար յատկապէս հոգեւոր երգերուն։ Ձայնասփիւռներէն միայն «Վէմ»ն է, որ կը սփռէ ամենօրեայ հայկական եւ օտար հոգեւոր երգեցողութիւն։
Մեր կատարումները ամէն տեղ մեծ ընդունելութիւն գտած են։ «Շարական» անսամպլը ունի իր յատուկ լսարանը, որ իւրաքանչիւր համերգի աւարտին, դրական լիցքերով կը հեռանայ դահլիճէն։
Երբեմն ինծի կ՛ըսեն՝ «Քիչ մը ոճդ փոխէ, ուրիշ երգեր ալ երգէ». սակայն, իմ ներաշխարհս ուրիշ է, ես չեմ կրնար այլ ժանրի երգեր երգել։ Այսօրուան հիմնական հարցը ոչ թէ ժողովուրդի նախասիրութիւնը բաւարարելն է, այլ՝ հրամցուած երգերու որակն ու բնոյթը։ Ես, իբրեւ բազմադարեան մշակոյթ ունեցող ժողովուրդի զաւակ, այդ երեւոյթներուն դէմ է որ կը պայքարիմ։
Հոգեւոր երաժշտութիւնն ու Կոմիտասեան երգերը մեր երգարուեստի դասական ու միջազգային գագաթներն են, որոնց գագաթը նուաճելը ամէն մարդու գործը չէ։ Այստեղ կայ ազգային դաստիարակութեան հարց. եթէ դպրոցներու մէջ Կոմիտաս ուսուցանուի կամ հոգեւոր երաժշտութեան մասին պատմական ակնարկներ տրուին, Մեսրոպ Մաշտոցէն սկսեալ մեր բոլոր մեծերը մաս կազմեն մեր առօրեային՝ իրավիճակը այլ կ՛ըլլայ։ Մենք բազմադարեան մշակոյթ ունեցող ժողովուրդ ենք եւ պէտք է կարենանք նաեւ հպարտանալ մեր ներկայով։ Մենք, այսօր, ի վիճակի ենք մեր արուեստով մրցակցիլ աշխարհի ժողովուրդներուն հետ։
ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ.- Պետութիւնը որոշ աջակցութիւն կը ցուցաբերէ՞ հոգեւոր երաժշտութեան ոլորտէն ներս։
ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ.- Որոշ չափով կան աջակցութիւններ, բայց կը կարծեմ որ այդ միջոցները բաւարար չեն ազգային դիմագիծով մրցունակութիւն ստեղծելու։ Ցաւ ի սիրտ, իրականութիւնը այսպիսին է նշեմ, որ վերջին տարիներուն, Հայ Հոգեւոր Պետական Կեդրոնը ստեղծեց ութ հոգիէ բաղկացած արական անսամպլ մը, ուր իբրեւ առաջին թենոր մենակատար էի։ Ունեցանք շատ գեղեցիկ համերգներ Արագածոտնի մարզի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, սակայն վերջին տարիներուն, Հայ Հոգեւոր Պետական Կեդրոնի որոշումով, անսամպլը դադրեցաւ իր հոգեւոր առաքելութենէն։ Պետական կարգավիճակով այժմ միայն կը գործէ սովետական ժամանակներէն՝ Դանիէլ Երաժիշտի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած «Տաղարան» անսամպլը։
ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ-ՏԱՂԼԵԱՆ.- Ի՞նչ ըսելիք ունիք արուեստի ոլորտը ընտրած սփիւռքահայ մեր հայրենակիցներուն։
ԳԷՈՐԳ ՀԱՃԵԱՆ.- Կեանքիս անցած ուղիով, իմ տարած գործովս կ՛ուզեմ օրինակ հանդիսանալ նոյն ճակատագրէն անցած հայրենակիցներուս։ Կոմիտաս, հոգեւոր երաժշտութիւն եւ հայրենասիրական երգեր երգելով կը կատարեմ նաեւ հայահաւաքի առաքելութիւն։ Կոմիտասի ու հոգեւոր երաժշտութեան ճառագայթները այնքան ուժեղ են, որ կը ջերմացնեն նոյնիսկ օտարները։ Մեր մշակութային արժէքները մեր ինքնութեան պահպանման ու յարատեւման մեծ գործօն են եւ այսօր կրնան դառնալ մեր հզօր զէնքը, որուն միջոցով կրնանք մրցիլ քաղաքակիրթ ազգերու հետ։ Արուեստի բնագաւառէն ներս ունինք չպեղուած կամ պեղուած հումքեր ու աջակցութեան կարիք ունեցող արուեստ ու արուեստագէտ։ Եկէք համախմբուինք հայրենիքի մէջ ու մեր ուժերը ներդնենք ի նպաստ մեր դարաւոր մշակոյթի պահպանման։