Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, անդրադառնալով Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրմանի յայտարարութեան՝ յայտնեց, որ Իսրայէլի հետ բարձրաստիճան հանդիպում մը ունենալու համար, «Մաւ Մարմարա»ի դէմ իսրայէլեան յարձակումին վերաբերեալ Թուրքիոյ արդար պահանջները պէտք է բաւարարուին։ Լիպըրման յայտնած էր, որ իր թուրք պաշտօնակիցին Երուսաղէմի մէջ հանդիպում մը առաջարկած է:
«Առաջին հերթին Իսրայէլ ինքնաքննադատութիւն պէտք է կատարէ եւ Լիպըրման այդ մէկը հարցականի տակ առաւ, նախքան խօսքը ինծի ուղղելը», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ պէտք չէ մորցուի, թէ յարձակումին ընթացքին թուրք քաղաքացիներ սպաննուեցան։
«Այդ մէկը յօդուածներու ճամբով չեն կրնար ըլլալ, այլ՝ սկզբունքային կեցուածքով եւ դիւանագիտական արդի կենցաղավարութեան յարգանքով», յայտնեց Տաւութօղլու։
Լիպըրման իսրայէլեան «Ճերուզալէմ Փոսթ» օրաթերթին մէջ իր ստորագրած յօդուածով Տաւութօղլուն հրաւիրած էր «անկեղծ երկխօսութեան» մը, Թուրքիան այպանելով երկու երկիրներուն յարաբերութեանց մէջ տիրող տագնապին համար. «Եթէ թրքական կառավարութիւնը Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու հարցով իսկապէս անկեղծ է, ապա պէտք է դադրի պատրուակներ փնտռելէ եւ նախապայմաններ ճշդելէ։ Իսրայէլը Յունիսին նախատեսուած թրքական խորհրդարանական ընտրութեան մէջ իբրեւ հարց պէտք չէ օգտագործուի»։
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ թրքական կառավարութիւնը մերժած է վերանորոգել առեւտրական համաձայնութիւն մը, որ Իսրայէլի մէջ աշխատող 800 թուրք աշխատաւորներու աշխատատեղիները պիտի ապահովէր. սոյն համաձայնութեան անբացատրելի չեղեալ նկատումը միակողմանի եւ առանց նախազգուշացման եղած է։
Խօսելով «Մաւի Մարմարա»ի դէմ յարձակումին մասին՝ Լիպըրման իր յօդուածին մէջ նշած է, թէ երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը այդ միջադէպէն առաջ ստեղծուած էր, եւ՝ թրքական կառավարութեան կողմէ «արտադրուած»։
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարը Թուրքիա-Իսրայէլ լարուածութիւնը վերագրեց թրքական ներքաղաքական ազդակներու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.