ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Յունուար 10ին կայացած զրոյցի մը ընթացքին, հայկական յուշարձաններու ուսումնասիրութեան հասարակական կազմակերպութեան (RAA) ղեկավար, ճարտարապետութեան պատմաբան Սամուէլ Կարապետեան յայտնած է, թէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ խաչը չի կրնար Հայաստանի մէջ ըլլալ, քանի որ անիկա ոչնչացուած է Ապտուլ Համիտ Բ.ի կողմէ՝ հայոց ջարդերուն ժամանակ: «Եկեղեցու գմբէթին խաչ չի եղել 19րդ դարի վերջից մինչեւ մեր օրերը», ընդգծած է Կարապետեան:
Ներկայիս եկեղեցւոյ գմբէթին տեղադրուած է Պոլսոյ հայ համայնքին միջոցներով պատրաստուած խաչը:
Նշենք, որ թուրք պատմաբաններու ընկերակցութեան նախկին նախագահ Եուսոֆ Ղալաչօղլու յայտարարած էր, թէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ իսկական խաչը տարուած է Հայաստան, եւ Թուրքիան պէտք է զայն ետ պահանջէ Հայաստանէն: