ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքել, այս շաբաթ Կիպրոս այցելելով՝ հանդիսացաւ առաջին գերմանացի վարչապետը, որ կ՛այցելէր մասնատուած այդ երկիրը։ Մերքել Կիպրոսի հարցի կապակցութեամբ արտասանեց խօսքեր, որոնք, բնականաբար, դժգոհութեամբ դիմաւորուեցան Թուրքիոյ մէջ։ Ան Կիպրոսի տագնապի հարցին անլոյծ մնացած ըլլալուն միակ պատասխանատուն նկատեց Թուրքիան՝ միաժամանակ գովելով տագնապին լուծում մը գտնելու նպատակով Կիպրոսի օրինական իշխանութեանց ցուցաբերած աշխուժութիւնը, ու ըսաւ, որ կացութեան գլխաւոր պատասխանատուն Թուրքիոյ բռնագրաւող բանակն է։ Գերմանիոյ վարչապետը յայտնեց, թէ իր երկիրը կողմնակից է, որ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները շարունակուին, բայց Թուրքիա պէտք է լուծում մը գտնէ Կիպրոսի հարցին: Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիաս, իր կարգին աւելցուց, թէ թրքական կողմը հաւատարիմ չէ իր ստորագրած համաձայնագիրներուն։
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Քաթարէն պատասխանեց Մերքելի յայտարարութեան, պնդելով, որ Գերմանիոյ վարչապետը ծանօթ չէ տագնապի պատմութեան, եւ նման յայտարարութիւններ կատարելէ առաջ պէտք է ծանօթանայ անցեալի անցուդարձերուն։
Նման խրատներ կատարելու իրաւունք ստանալու համար, Էրտողան պարտաւոր է իր երկրին պատմութիւնը լաւապէս սերտել. ցեղասպան երկիր մը դաստիարակութեան ջատագով կրնայ ըլլալ միայն այն ատեն, երբ կը հաստատէ իր պատմութեան իրադարձութիւնները: