ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ըստ ատրպեճանական աղբիւրներու, Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Հոզէ Մանուէլ Պարոսօ Յունուար 13ին, Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարած էր, որ Եւրոմիութիւնը անհանգիստ է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ընթացքէն։ Ան նշած է, որ Եւրոմիութիւնը ամբողջութեամբ կ՛աջակցի ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի ջանքերուն, հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ, եւ նշած էր, որ «Եւրոմիութիւնը կը պաշտպանէ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը»։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Յունուար 20ին դժգոհութիւն յայտնած է, թէ այս այցելութեան մասին Պարոսոյի պաշտօնական համացանցային կայքին վրայ տրուած տեղեկատուութեան մէջէն հանուած է տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին մասին կատարուած հաստատումը, եւ պահանջած է անկէ, որ սրբագրէ այս սխալը, որ կրնայ լուրջ հարցեր ստեղծել երկկողմանի յարաբերութեանց մէջ: