«Մարդկային իրաւունքներու միացեալ յանձնախումբ»ին կազմակերպութեամբ, յառաջիկայ Կիրակի օր, Փոքրիկ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած է քայլարշաւ մը, որուն նպատակն է ուշադրութիւն հրաւիրել անպաշտպան ու բռնութիւններու զոհ դարձած կանանց վիճակին վրայ, ըլլայ այստեղ թէ Հայաստան:
Որքա՛ն ալ անհաճոյ հնչէ, չենք կրնար ուրանալ կամ անտեսել այն փաստը, որ մեր, հայկական ընտանիքներուն մէջ կան կիներու, նոյնիսկ երեխաներու դէմ բռնարարքներ գործադրողներ, որոնք անպատիժ կը մնան ու կը շարունակեն իրենց վատոգի արարքները՝ շնորհիւ զոհերուն պահած լռութեան, անոնց ամօթի ու արժանապատուութեան զգացումներուն:
Կանանց ու երեխաներու դէմ բրտութեանց դէպքեր, այսուհանդերձ, մերթ ընդ մերթ կը հրապարակուին, մանաւանդ, երբ զոհերը այլեւս անկարող կ՛ըլլան թաքցնել վայրագութեանց հետքերը, եւ կամ ծեծի տակ կը կորսնցնեն իրենց կեանքը:
Հայաստանի մէջ, կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար եւ անոնց դէմ կատարուած բռնարարքներուն վերջ տալու նպատակով ճամբայ ելած շարժումը որոշ չափով աշխուժացաւ, տարաբախտ Զարուհի Պետրոսեանի սպանութեան իբրեւ հակազդեցութիւն: Ամուսնոյն ու կեսրոջ կողմէ վայրագօրէն ծեծուած ու սպաննուած քսանամեայ Զարուհիին յիշատակին բողոքի երթեր ու քայլարշաւներ կազմակերպուեցան Երեւանի մէջ:
Կանանց իրաւունքներու պաշտպաններուն նախաձեռնութեամբ յատուկ օրինագիծ մը մշակուեցաւ, որպէսզի կանխուի նման ողբերգական դէպքերու կրկնութիւնը, որպէսզի օրինապահ մարմինները կարենան աւելի ազդու ու արագ ձեւով միջամտել՝ ի պաշտպանութիւն բռնարարքներու զոհերուն:
Այստեղ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ, ընտանեկան բռնարարքներու զոհերու պաշտպանութեան համար օրէնքներ կան եւ կը գործեն բաւական խստութեամբ: Այստեղ խնդիրը զոհերուն ուժ ու քաջալերանք ներշնչելն է, որպէսզի չվախնան ու ոստիկանութեան տեղեակ պահեն ոչ միայն երբ յարձակումի ենթարկուին, այլ նաեւ երբ իրենք զիրենք վտանգուած զգան: Բռնարարքի զոհերը պէտք է անդրադառնան, որ ոչ ոք՝ ամուսին, հայր, թէ կեսուր, ոչ մէկ կարգավիճակ իրաւունք չի տար ոեւէ անձի ձեռք բարձրացնելու իրենց վրայ, սպառնալու, վախցնելու եւ դժոխքի վերածելու իրենց կեանքը:
Փոքրիկ Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք քայլարշաւը ողջունելի նախաձեռնութիւն մըն է, սկիզբ մը՝ մեր շրջանին մէջ թէ՛ իբրեւ տեղական ցաւի մը դարման փնտռող շարժում եւ թէ իբրեւ զօրակցութեան արտայայտութիւն՝ հայրենիքին մէջ նոյն նպատակով ճամբայ ելած արշաւներու: Կ՛ողջունենք նաեւ Հայ Օգնութեան Միութեան համագործակցութիւնն ու մասնակցութիւնը այս նախաձեռնութեան: Կարիքաւորին ու թոյլին ձեռք երկարելու, զանոնք իր թեւերուն տակ պաշտպանելու հարուստ աւանդութիւն ունեցող կնոջական այս կազմակերպութիւնը, չի կրնար անտարբեր մնալ երբ անիրաւութիւն ու վայրագութիւն կը գործադրուի ոեւէ անձի դէմ: