
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ռիզէի եղեռնադատ ատեանը Հինգշաբթի, Յունուար 20ին բեկանեց Տրապիզոնի դատախազութեան կողմէ կարգ մը պաշտօնեաներու ու զինուորականներու հարցաքննութեան դէմ դրուած արգելքը։ Զանոնք հարցաքննելու դիմումը կատարուած էր Հրանդ Տինքի սպանութեան հետաքննութեան ընթացքին:
Յիշեալ դատախազութիւնը արգելք դրած էր Տրապիզոնի նահանգային ապահովութեան տնօրէնին, ապահովութեան նախկին տնօրէնին ու Տրապիզոնի նահանգային ոստիկան զօրաց հրամանատարին հարցաքննութեան դէմ։ Ռիզէի դատարանի վճիռին շնորհիւ, սոյն երեք պաշտօնատարները կարելի պիտի ըլլայ հարցաքննել:
Միւս կողմէ, անցեալ տարի, ծովային հրամանատարութեան մօտ յայտնաբերուած «Լախտի հարուած» անունով պետական հարուածի թղթածրարին մէջ նոր հրապարակում մը կատարուեցաւ «Զաման»ին կողմէ, ուր կը նշուի, թէ պետական հարուածը ծրագրող զինուորականները պատրաստած էին նման պետական հարուածի մը դէմ եղող մտաւորականներու ու լրագրողներու անուններուն ցանկը, եւ այդ անձերուն դէմ նախատեսած էր զանոնք «մեկուսացնելու գործողութիւններ»։ Անշուշտ, յստակ կերպով չէ գրուած, թէ ի՛նչ կը հասկնային «մեկուսացնել» բացատրութենէն՝ հսկողութեան տա՞կ առնել, թէ սպաննել։ Իբրեւ թիրախ ընտրուած անուններէն մէկը Հրանդ Տինքի անունն էր։ Հոն կան նաեւ անունները Մեսրոպ պատրիարքին, յոյներու Պարթոլոմէոս պատրիարքին, կաթոլիկներու Մարովիչ սրբազանին եւ շարք մը թուրք նշանաւոր անձնաւորութիւններու: Հետաքրքրական է, որ ցանկերուն մէջ մինչեւ իսկ ճշդուած են անունները այն հրամանատարներուն, որոնք պիտի վարէին այս կամ այն անձին դէմ ծրագրուած գործողութիւնը։ Հրանդ Տինքի դէմ ծրագրուած գործողութիւնը կը կոչուէր «Մանգաղ»։ Ծրագիրը պատրաստուած էր գործողութիւններու ապահովութեան ու կրթութեան բաժինի հրամանատար, հազարապետ Հանիֆի Եըլտըրըմի ստորագրութեամբ։