«Գէշը Չելլէ Դիմացդ»
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ո՛չ միայն նոր տարուան եւ տօնական տարբեր առիթներով մարդիկ բարեմաղթութիւններ կը կատարեն իրարու, այլ նաեւ իրենց մաղթանքները կը ներկայացնեն կեանքի կարեւոր հանգրուաններ թեւակոխած միջոցին: Արձանագրուած կարեւոր յաջողութիւն, կրթական կեանքի մէջ նուաճում, գործի ասպարէզին մէջ մեծ իրագործում, ամուսնութեան կնքում եւ այլ հանգրուաններ, առիթ կը հանդիսանան յաճախ, որ մարդիկ իրարու բարեմաղթութիւններ կատարեն: Սքանչելի սովորութիւն է ասիկա, որ պէտք է վերստին իմաստաւորուի եւ գիտակցական մօտեցումով կատարուի, իր ճի՛շդ նպատակին ծառայելու եւ ձեւականութենէ դուրս գալու համար: Ի վերջոյ, բարեմաղթութիւն կոչուածը, ճիշդ է, երբեմն ծաղկեկողովի վրայ դրուած բացիկի նեղ տողերուն մէջ սեղմուած կ՛ըլլայ, սակայն անկէ շա՜տ աւելի անդին կ՛անցնի, եւ պէտք է անպայման սրտէն բխած բարի ցանկութիւն ըլլայ իսկապէս:
Նոր սերունդը թերեւս այնքան ալ չի գործածեր ներկայիս, սակայն նախորդ սերունդին պատկանողներ իւրայատուկ բարեմաղթութիւններ կը կատարէին, որոնց իմաստին երբ թափանցենք, այն ատեն միայն կը հասկնանք այն «երկիւղը», զոր անոնք կ՛ունենային, երբ մէկուն կեանքի հանգրուանը ողջունելով, սրտանց բարեմաղթութիւն կը կատարէին: Այսպէս, օրինակ, զաւակի մը ծնունդը շնորհաւորելով, պարզապէս «շնորհաւոր ըլլայ» ըսելով չէին բաւարարուեր, այլ՝ «Աստուծոյ շնորհքով մեծնայ», «Աստուծոյ աջը հովանի ըլլայ իր վրայ» եւ այլ աղօթաձայն բարեմաղթութիւններ կը կատարէին:
Բնականաբար նման արտայայտութիւններուն ետին պահուած երկիւղը, զայն կատարողներուն սրտին ու հոգիին մէջ աստուածավախութեան արտայայտութիւն էր, որ լեզուի վրայ աղօթք կը դառնար, ու նորածինին երկնային պաշտպանութիւնը կ՛ապահովէր: Կեանքի այլ հանգրուաններու յատուկ, նոյնպէս կային տարբեր բարեմաղթութիւններ, սակայն բոլոր պարագաներուն յարմարող ամէնէն չէզոք, բայց ամէնէն զօրաւոր բարեմաղթութիւնը, «գէշը չելլէ դիմացդ» մաղթանքն էր, որուն կարեւորութեան շատ քիչ անձեր կ՛անդրադառնան, կամ՝ երբ իսկապէս «գէշը ելլէ դիմացնին», այն ատեն յետադարձ ակնարկով ցաւ կը զգան այդ խօսքը այնքան ալ ուշադրութեամբ մտիկ ըրած չըլլալնուն համար:
«Գէշը չելլէ դիմացդ»:
Ո՞վ է «գէշ»ը, որուն անունէն, արտաքին տեսքէն, ձայնէն, խօսքէն, բամբասող լեզուէն, պատճառաբանութիւններէն, խաբեբայութենէն, սուտերէն, զրպարտութիւններէն, սին գոռոզութենէն, մեծամիտ փառասիրութենէն, նիւթապաշտութենէն, ու ի վերջոյ կեղծաւորի դիմակէն այնքան կը սարսափէին անցնող սերունդին պատկանող մեր հայրերն ու մայրերը:
Կասկած չկայ, որ մարմնաւորուած սատանայի կերպարը մնայուն կերպով իրենց աչքերուն դիմաց ունէին մեր նախնիները, զայն այնքան հարազատութեամբ ժառանգած ըլլալով միջնադարու կրօնական գեղանկարիչներէն: «Գէշ»ը, ուրիշ խօսքով սատանային գոյնին, խաբէութիւններուն, լարած թակարդներուն, կազմակերպած որոգայթներուն եւ ստաբան լեզուին հետ ամբողջութեամբ նոյնացող կերպարն էր անոնց մտքին մէջ, որուն անձնաթուղթին նայելու հարկ չէին զգար անոնք այլեւս, ստուգելու համար «գէշ»ին ինքնութիւնը: Ընդհակառակը, անոնք վստահ ըլլալով անոր ինքնութեան, կը բաւարարուէին միայն իրենց շապիկին օձիքը բռնելով ու զայն թօթուելով եւ վերոյիշեալ բարեմաղթութիւնը կատարելով. «Գէշը չելլէ դիմացդ»:
Պարզամիտներու յատուկ արտայայտութիւն նկատուող այս իսկապէս պարզ տողը, յատկապէս «գէշ»ին ցաւը կրող մարդոց համար աւելի քան ճշմարտութիւն կը դառնայ, իսկ իբրեւ բարեմաղթութիւն՝ այնքան խորիմաստ ու կարեւոր…:
«Գէշ»ին յատկանիշները, որոնք սատանայի կերպարով արտայայտութիւն կը գտնեն, գլխաւորաբար հաստատուած կ՛ըլլան սուտի վրայ: Զուր տեղը չէ՛ որ մեր եկեղեցւոյ Հայրերը սատանային իբրեւ հոմանիշ արձանագրած են «ստութեան հայրը» վարկաբեկիչ տիտղոսը, սուտին արմատը նոյնացնելով սատանային ինքնութեան հետ, որուն վրայ կը կառուցէ ան իր ստաբանութիւններու անհիմն շէնքը:
Իրական կեանքի մէջ, ուր «ստութեան հայրը» կը գործէ, տարբեր չէ՛ պատկերը: Սուտ կը խօսի ան, որ իսկապէս վախի մէջ է: Սակայն անոր զգացած վախը պատերազմական կամ յարձակումի ենթարկուելու վախը չէ՛, ո՛չ ալ զէնքի ու բռնարարքներու ենթարկուելու վախը, այլ՝ ճշմարտութեան բացայայտումին վախը: Սա՛ է որ կը սարսափեցնէ «գէշ»ը, որ անմիջապէս դաշինք կնքելով «ստութեան հօր» հետ, եւ ուղղակիօրէն նոյնանալով անոր ինքնութեան, շրջանառութեան մէջ կը դնէ բազմաթիւ սուտեր, իր հակառակորդը անոնցմով խեղդելու գէշ մտադրութեամբ: Անշուշտ իր այդ աճապարանքին մէջ, շա՜տ բացթողումներ կը կատարէ, երբեմն անհաւատալի սուտեր ալ սպրդեցնելով իր բերնէն, որոնք միայն ծիծաղ կը հրաւիրեն իրեն պէս ճարպիկ, դիմակաւոր ու խաբեբայ «գէշ»ին վրայ:
Հին իմաստասիրութեան մէջ, ստախօսին ճշմարտութենէն զգացած վախին առընթեր նաեւ մի քանի այլ պատճառներ կու տային, իր սուտերը շրջանառութեան մէջ դնելու արարքին իբրեւ բացատրութիւն: ա) Դրամապաշտութիւնը: Բացատրութեան կարիք չունի այն խօսքը, որ կը հաստատէ թէ՝ դրամապաշտը նաեւ ստախօս կ՛ըլլայ: Նիւթական իր հարստութեան վրայ դողացող մարդը, պատրաստ կ՛ըլլայ ամէնէն անհաւատալի սուտը խօսելու չափ նուաստացնող կեցուածք որդեգրելու, պարզապէս չկորսնցնելու համար իր հարստութեան նուազագոյն նաքարակիտը: Ան նաեւ սուտ կը խօսի, կաշառք ստացած ըլլալով, ինչպէս նաեւ սուտ խօսիլ կու տայ պէտք եղած մարդոց, կաշառք տալով անոնց: Մէկ խօսքով դրամապաշտութեան ախտով բռնուած մարդը նաեւ մեծ ստախօս կ՛ըլլայ առհասարակ: բ) Վրէժխնդրութեան կիրքը: Իր թշնամին անպարտ ու նոյնիսկ անմեղ տեսնելը, վրէժխնդրութեան կիրքը կ՛արթնցնէ անոնց մօտ, եւ զայն յագեցնելու իբրեւ ամէնէն զօրեղ միջոց, ստախօսութեան կը դիմեն անոնք: Կեղծ ու նոյնիսկ ժամանակաւոր յաղթանակի ցանկութեամբ բռնուած, անոնք ստախօսութեան սուրը կը ճօճեն օդին մէջ, մթնոլորտը ապականող աննշան ճանճեր եւ տզզացող մժղուկներ սպաննած ըլլալու քաջագործութիւնը յայտարարելով ամէնուրեք: գ) Կողմնակցութիւնը: Ստախօսներու թիւը անմիջապէս աճ կ՛արձանագրէ ու բանակի կը վերածուի, երբ հարցը յանցաւոր ազգական կամ բարեկամ պաշտպանելու հետ առնչուած է: Ուրիշ խօսքով, կողմնակցութիւնը ստախօսութեան կ՛առաջնորդէ «գէշ»երը, որոնք իրենց նմանները կը ժողվեն իրեց շուրջ եւ ապականիչ փաղանգ կը կազմեն ընկերութեան կեանքը վտանգելով, եւ սուտի տարածիչներ կարգելով ամէնուրեք: դ) Աստուծոյ ահեղ դատաստանը մոռնալը: Ահաւասիկ ամէնէն կարեւոր պատճառը, որ ստախօսութեան առիթ կու տայ: Աստուծոյ վախը ունենալը յայտարարելը, կամ հրապարակաւ ձեռքերը բարձրացուցած Ամենակալին աղօթելը, աղօթք խնդրելը ո՛չ մէկ արժէք ունին, երբ Աստուծոյ ահեղ դատաստանին երկիւղը մոռացութեան տրուած է: Այդ յիշողութիւնն է որ ստախօսութենէն հեռու կը պահէ մարդը, միշտ յիշեցնելով անոր որ «գէշութեան» իր բոլոր դարձուածքներն ալ, որոնք ստախօսութեամբ կը փորձէ ծածկել, ու տարհամոզել հանրային կարծիքը, Աստուծոյ ահեղ դատաստանէն չեն կրնար վրիպիլ, ուր ամէն ինչ արեւու լոյսին պիտի գայ շատ յստակ, ու նոյնիսկ խայտառակիչ հանգամանքով:
_ «Գէշը չելլէ դիմացդ», աղօթաձայն այս բարեմաղթութեան ինչքա՜ն կարիք ունի այսօր ազնիւ մարդկութիւնը, որովհետեւ «գէշ»ը չի գիտեր, թէ Աստուած լեզուն պարգեւած է միշտ բարին ըսելու եւ ո՛չ թէ չարը…: