ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Ժողովրդավարութեան չափանիշները աշխարհի տարածքին ամրապնդելու նպատակով, երբեմն նոյնիսկ բռնի ուժի դիմող Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները այս օրերուն համեմատաբար լուռ են, ի տես արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ապստամբութեան փորձերուն՝ սկսելով Թունուզէն եւ Ալճերիայէն, ու հասնելով մինչեւ Եգիպտոս:
Լռութիւնը կարելի է բացատրել այն իրողութեամբ, որ կացութեան փոփոխութիւնը պահանջողներուն թիրախները սովորաբար Ուաշինկթընի դաշնակիցներ են, որոնք շրջանին մէջ «չարեաց փոքրագոյնը» կը նկատուին ամերիկացի դիւանագէտներու կողմէ, որոնց շնորհիւ մենատէրներ կը շարունակեն ազատօրէն իշխել այդ երկիրներուն մէջ, ուր տնտեսական համաշխարհային ճգնաժամը աւելի եւս խորացուցած է ունեւոր եւ չքաւոր դասակարգերուն միջեւ վիհը՝ նման պոռթկումներ յառաջացնելով:
Առաջին անգամը չէ, որ Ուաշինկթըն ժողովրդավարութեան գծով տարբեր չափանիշներ կը գործածէ Միջին Արեւելքի պարագային: Երբ պաղեստինեան ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկաւ «Համաս»ը, Ուաշինկթըն գրկաբաց չընդունեց Իսրայէլի երդուեալ թշնամի նկատուող այդ կազմակերպութիւնը, այլ ընդհակառակը, ամէն փորձ կատարեց զայն տկարացնելու եւ մեկուսացնելու համար: Նման փորձ մը, թէկուզ աւելի թաւշեայ, կը կատարուի նաեւ Լիբանանի մէջ, ուր նախկին ընդդիմադիր, իսկ այժմ իշխանութեան սեմին գտնուող դաշինքին մէջ գերակշիռ ուժը «Հըզպալլա»ն է: Արդարեւ, Երկուշաբթի օր, երբ վարչապետի նշանակման խորհրդակցութիւնները տակաւին չէին աւարտած, Ուաշինկթըն յայտարարեց, թէ Լիբանան կրնայ ամերիկեան նեցուկը կորսնցել, եթէ «Հըզպալլա» մաս կազմէ իշխող դաշինքին:
Ժողովրդավարութիւնը երբեմն անզսպելի անասունի մը կրնայ վերածուիլ, սակայն անոր ապահոված արդիւնքներուն կամայական արժեւորումը, կրնայ զայն արժեւորողին վարկը կասկածի տակ դնել: