
Անցեալ Կիրակի երեկոյ, Կլենտէյլի հանրային վարժարանի սրահը հանդիսավայրը եղաւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան կազմակերպած պարի փառատօնին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին չորս պարախումբեր: Այս մասին աւելի մանրամասն թղթակցութեան սպասելով՝ կը ներկայացնենք այս մէկ դրուագը այդ երեկոյէն:
Նաեւ ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք այսօրուան թիւով հրատարակուած «Համազգային»ի էջը: