ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
1915 թուին Հայաստան երկրի եւ Օսմանեան պետութեան հայաբնակ քաղաքներու մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը մարդկային պատմութեան ամենադաժան երեւոյթներէն մէկն էր: Մեծ Եղեռն կոչեցինք պատահածները:
Հայ ժողովուրդը պատմութեան ընթացքին առաջին անգամ չէ՛ որ կը հանդիպէր նման մեծ ու զանգուածային կոտորածի: Հայոց պատմութիւնը դարերու հոլովոյթով անհամար սպանդներ ու բռնի գաղթեր կը պատմէ: Սակայն 96 տարի առաջուայ պատահածով, մարդկային մեծ կորուստի կողքին, մենք ապրեցանք նաեւ հայրենազրկութիւնը: Թշնամիներ յաճախ արշաւած են մեր երկիրը, խլած բազմաթիւ կեանքեր, բայց վերապրողները իրենց հայրենի հողերուն վրայ առիթն ունեցած են վէրքերը սպիացնելու եւ կեանքը շարունակելու: Բնութեան կործանարար աւերները եւս ընծայած են վէրքերը սպիացնելու եւ կեանքը շարունակելու առիթը: Իսկ 1915ը մնաց յարատեւ, քանի որ հայրենի հողը կորսնցուցինք մեր ոտքերուն տակ: Հայրենիքը, հայրենի հողը կալուած մը, դրամի փոխարինող իմաստ մը չէ, այլ՝ շատ-շատ աւելին:
Ահա այս իմաստով եզակի է Հայոց Ցեղասպանութեան տեղի տուած աւերը: Բազմաթիւ հայեր օտար երկիրներու մէջ յաջողեցան վերապրիլ, բայց կորսնցուցին հայ ժողովուրդի բաղադրիչը ըլալլու հանգամանքը: Ո՛չ Հայաստանի իրերայաջորդ երեք հանրապետութիւնները, ո՛չ ալ աշխարհով մէկ տարածուած հայկական սփիւռքը կրցաւ այս տեսանկիւնէն դիտել 1915ի հետեւանքը: Այդ իսկ պատճառաւ ալ՝ անոնց բոլոր պահանջը սահմանուած մնաց հատուցումի ընկալումին նեղ սահմաններուն մէջ:
Երբ Հայ ազգային շրջանակներ կը խօսէին հողային կամ դրամական հատուցման մասին, մինակ Ան էր, որ հայրենքիը կը պահանջէր: Անոր խնդիրը հատուցումէն շատ աւելին էր: Իր գոյութիւնը կը պարտադրէր ան: Մեծ համբերութեամբ կը փորձէր սորվեցնել թէ՛ դիմացինին եւ թէ՛ կողքինին: Ի հարկէ երկուքն ալ կը դժուարանային ընկալելու: Իրենց համար անսովոր լեզու, անսովոր բառամթերք կը գործածէր: Ատելութենէ ձերբազատուած պատգամներով կը դիմէր իր հակառակորդին: Նոյնիսկ անոր հոգը, ցաւը, զրկանքը բաժնելով:
Հրանդ Տինքի դէմ անզէն մնացին թէ՛ թուրք եւ թէ հայ ազգայինները: Ան ամենահակաթուրքն էր, առանց թուրքերը ատելու: Ի զարմանս հայ ազգայիններու, ան հայասէր չէր երբէք, այլ հայ էր պարզապէս: Արդարեւ, ոչ մէկ հայ ազգային այդքան իրաւացի ու ուղղակիօրէն դիմած էր իր հակառակորդին, ինչպէս կ՛ընէր Հրանդ Տինքը: Այսքանը բաւարար էր, որ ան զինք ատողներու փաղանգ մը ունենայ թէ՛ թուրք, թէ հայ ազգայիններէն բաղկացող: Այսօր ալ քիչ չեն պահպանողական այն հայերը, որոնք պիտի շարունակեն, եթէ ոչ ուղղակի՝ Տինքը, այլ՝ անոր գաղափարները որդեգրողները հալածելու:
Սպանութենէն չորս տարի ետք Տինքի թողած գաղափարական ժառանգը մեզ կը պարտադրէ առերեսուիլ մեր թերութիւններուն հետ:
Հայ մտաւոր ու քաղաքական կեանքը երբեւիցէ չէ ունեցած այս աստիճանի հրատապ մարտահրաւէրներ: Թողելով աւանդական ատելութեան լոզունգները՝ եկէ՛ք խօսինք մարդկային լեզուով, մարդկային միտքով, մարդկային պահանջատիրութեամբ: Որքան ատեն որ կը շարունակուի աղքատութիւնը Հայաստանէն ներս, հայաթափութիւնը Սփիւռքի տարածքին, ի զուր է թրքատեացութեամբ կամ որեւէ ատելութեան խորհուրդով լուծում գտնել մեր հայրենազրկութեան: Բարի կամեցողութեամբ, բարեմտութեամբ ու հաստատ կամքով պիտի հասնինք հայրենի երկիրը վերակերտելու մեր ուխտին:
pakrates@agos.com.tr
«Ակօս» թիւ 722